ՍՈՒՐՈՒՉԻ ՄԷՋ ԱՆԻԾԵԼԻ ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԻՒՆ. 31 ԶՈՀ
Թուրքիա երէկ ցնցուեցաւ ահաբեկչական տմարդի ու անհաւատալի պայթումի մը բերումով։ Շանլըուրֆայի Սուրուչ գաւառակին մէջ, մշակոյթի կեդրոնի մը մօտ պատահած բախումը սուգի մատնեց ամբողջ երկիրը։ Այս անիծեալ ահաբեկչութեան զոհ գնաց 31 հոգի, 104 հոգի ալ վիրաւորուեցաւ։
Դէպքը պատահեցաւ Ընկերվարական երիտասարդական միութիւններու դաշնակցութեան անդամներու մամլոյ ասուլիսին ընթացքին։ Այդ երիտասարդները կը պատրաստուէին Քոպանի մեկնիլ՝ իրենց հաւաքած օժանդակութիւնները փոխադրելու համար։ Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, անոնց մէջը խառնուած ահաբեկիչ մը պայթեցուց իր մարմնին վրայ կրած ռումբերը։ Պետական աւագանին արդէն պարզած է, որ այս ցնցիչ դէպքին պատասխանատուութիւնը կը վիճակի «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այս կապակցութեամբ յայտարարեց, որ ահաբեկչութիւնը չունի կրօն կամ ցեղ։ Իր կարգին, Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուն ալ կոչ ուղղեց, որպէսզի այդ ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ բոլորը տան ուս ուսի։ Տավուտօղլու կոչ ուղղեց նաեւ, որպէսզի Ազգային մեծ ժողովի երդիքին տակ ներկայացուած չորս կուսակցութիւնները համատեղ յայտարարութիւնով մը հանդէս գան այս դէպքին դէմ։ Վարչապետը շեշտեց, որ յարձակումը գործուած է Թուրքիոյ ժողովրդավարականութեան դէմ։
Հանրային կարծիքը կ՚առաջնորդուի այն գիտակցութիւնով, թէ այս դէպքը կատարուած է երկրէն ներս քաոս մը ստեղծելու համար։ Քաղաքական կուսակցութիւններէն սկսեալ մինչեւ հասարակական կազմակերպութիւնները՝ առաւելագոյն գիտակցութիւն կը ցուցաբերեն՝ տեղի չտալու համար այդ քայլին։