ԱՊԱԳԱՅ ՍԵՐՈՒՆԴԻ ՀԱՄԱՐ
Վաստակաւոր դեսպան Իւնալ Չեւիքէօզ յայտարարեց, որ Թուրքիա եւ Հայաստան կրնան բարելաւել իրենց յարաբերութիւնները յանուն ապագային։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, «Ամերիկայի ձայն»ը անդրադարձաւ «Պրուքինկզ» կաճառին մօտ Իւնալ Չեւիքէօզի ունեցած ելոյթին, որու ընթացքին ան նշեց. «Աշխարհ կը փոխուի եւ հակամարտութիւնները տեղ չունին մեր ժամանակներուն։ Կը հաւատամ մեր սերունդներու ապագային, կը հաւատամ մեր յարաբերութիւններու յառաջընթացին»։
Չեւիքէօզի խօսքերով՝ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Թուրքիոյ մէջ նոր սերունդները պատերազմ չեն տեսած, չեն ուզեր պատերազմ ու արժանի են այլ ապագայի մը։ «Ես մեծհայր դարձած եմ ու երբ կը նայիմ թոռնիկիս, կը գիտակցիմ, որ այդ փոքրիկ աղջնակը արժանի է աւելի լաւ ապագայի», ըսաւ դիւանագէտը, ըստ որու, նախապէս հայ-թրքական բանակցութիւնները յաջողութեամբ չնշանաւորուեցան, որովհետեւ կողմերը կը փորձէին գաղտնի գործել, մինչդեռ այսօրուան աշխարհին մէջ յաջողութեան հասնելու համար անհրաժեշտ է գործել հրապարակայնօրէն։ «Եթէ մենք յաջողինք համոզել ժողովուրդները, բացատրենք, որ յարաբերութիւններու բարելաւումը բարիք մըն է, միայն այդ պարագային յաջողութեան պիտի հասնինք», աւելցուց Չեւիքէօզ, որ անդրադարձաւ նաեւ Անգարայի եւ Երեւանի մէջ ստորագրուած արձանագրութիւններուն։ Ըստ իրեն, Թուրքիոյ մէջ նոր խորհրդարան մը ձեւաւորուած է, ինչ որ հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ այդ արձանագրութիւնները խորհրդարանի օրակարգին վրայ բերելու համար։ Այս բանը կրնայ կատարուիլ ոչ միայն խորհրդարանական կուսակցութեան, այլեւ անհատ երեսփոխանի մը կողմէ։
Չեւիքէօզի խօսքերով՝ ապագան լայն հնարաւորութիւններ կը բանայ կողմերուն համար եւ յանուն ապագայ սերունդներուն անհրաժեշտ է օգտուիլ այդ հնարաւորութիւններէն՝ հայ-թրքական յարաբերութիւնները բարելաւելու նպատակով։
Հարկ է նշել, որ Իւնալ Չեւիքէօզ մօտաւոր անցեալին կարեւոր դերակատարութիւն մը ունեցած էր Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած արձանագրութիւններու նախապատրաստական հանգրուանին: