ՓՈԽ-ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ԿՈՂՄԷ ԼՈՒՍԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի փոխ-վարչապետներու աշխատանքային խումբին գործունէութիւնը կը շարունակուի՝ Հարաւային Կովկասէ ներս տարածաշրջանային տնտեսական ու փոխադրութեան հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման օրակարգով։ Վերջերս Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւ յայտարարեց, որ Ատրպէյճանէն դէպի Նախիջեւան հաղորդակցութեան ուղիները, որոնք Հայաստանի տարածքով պիտի անցնին՝ պիտի հսկուին Ռուսաստանի անվտանգութեան դաշնակցային ծառայութեան սահմանապահներուն կողմէ։ Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք այս յայտարարութենէն անմիջապէս վերջ տեղեկացուցած էր, որ այդ որոշումը հայկական կողմէն կախում ունի։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեանն ալ շաբաթավերջին արձագանգեց Շահին Մուսթաֆաեւի պնդումներուն։ Փոխ-վարչապետի գրասենեակէն այս կապակցութեամբ տեղեկացուեցաւ հետեւեալը.

«Եռակողմանի աշխատանքային խումբի քննարկումներու՝ ներառեալ վերջին հանդիպման ընթացքին, նման համաձայնութիւն ձեռք չէ բերուած։ Հայաստանի դիրքորոշումը եղած է ու կը շարունակէ մնալ այն, որ 9 նոյեմբեր 2020 թուականի եռակողմանի յայտարարութեան 9-րդ կէտով նախատեսուած ճանապարհները պիտի գործեն կողմերու ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան ներքեւ, փոխադարձութեան սկզբունքով»։

Այսպէսով, Երեւան պաշտօնապէս չէ հաստատած, թէ Հայաստանի տարածքով անցնելիք Ատրպէյճան-Նախիջեւան հաղորդակցութիւնները պիտի յանձնը-ւին Մոսկուայի վերահսկողութեան։ Ի դէպ, այս վարկածին մասին երկար ժամանակէ ի վեր կը խօսուի։ Ալեքսէյ Օվերչուք վերջին օրերուն յայտնած էր, որ սա պիտի ըլլայ սովորական երկաթուղի մը եւ ոեւէ մէկը կասկածի տակ չի դներ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը։ Այս խնդիրը կը ներկայացնէ նրբութիւն, որովհետեւ ուղղակիօրէն կ՚առընչուի Ատրպէյճանի կողմէ՝ յետպատերազմեան շրջանին երկար ժամանակէ ի վեր թմբկահարուած Զանգեզուրի միջանցքի խնդրին հետ։ 

Երկուշաբթի, Յունիս 12, 2023