ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԸ…

Ֆրանսական մամուլին մէջ վերջերս լոյս տեսած հարցազրոյցներէն մէկուն ընթացքին Ֆրանսուա Սիւրօ կ՚ըսէր հետեւեալը. «Գրականութիւնը ժամանց մըն է, միջոց մը ժամանակէն անդին անցնելու համար»։

Ժամանակներու անդրանցումը մէկ կողմէ խոր փիլիսոփայական հարց է, իսկ միւս կողմէ կարծես անմեղ պարզութիւն մըն ալ ունի իր մէջ։ Ժամանակի սահմանումը անկարելի է եւ այդ անծայրածիր հոսքին մէջ մարդ յաճախ ժամանակը ակամայ կը սահմանէ սեփական կեանքով։ Այս պարագային կը յառաջանայ թէեւ շատ ենթակայական, սակայն նոյնքան հետաքրքրական հաւասարութեան նշան մը։ Եթէ մարդկային կեանքը պահերու հանրագումարն է, ապա այս պարագային կեանքը նոյնպէս։ Վիճելի՞…

Կեանքի մէջ կ՚ըլլան պահեր, որոնք չես կրնա՛ր անդրանցել ու կ՚ըլլան նաեւ պահեր, որոնք պարզապէս չես ուզե՛ր անդրանցել։ Հապա ժամանակներո՞ւ մէջ… Գրականութիւնը, անշուշտ, կրնայ դուռ բանալ ժամանակէն անդին անցնելու համար։ Բայց, երբեմն ալ նոյն գրականութիւնը չէ՞, որ կը պատէ ու կը պահպանէ վառ պահերը, նոյնիսկ պատճառ կը դառնայ, որ կառչած մնաս ժամանակէն։ Նայած…

Երկուշաբթի, Յունիս 12, 2023