ՈՉՆՉԱՑՆԵԼ ԵՒ ՈՉՆՉԱՆԱԼ

Ներկայ ժամանակներուն բնութեան հաւասարակշռութիւնները արագօրէն կը փոխուին, կենդանի տեսակներ կ՚անհետանան, տեղի կ՚ունենան աննախադէպ բնական աղէտներ եւ անոնց քանակն ու սաստկութիւնը օրէ օր կը մեծնան: Լարուածութիւնը կը ծաւալի բնութեան մէջ, նաեւ մարդկային հասարակութիւններու ներքեւ ու անոնց միջեւ: Կլիմայի փոփոխութեան հետեւանքով գիւղական բնակավայրերէ ներս կեանքը եւ արտադրութիւնը հետզհետէ աւելի ու աւելի կը դժուարանան եւ խնդիրները կը բազմանան։

Անհերքելի է, որ շուրջ 8 միլիառ մարդ արագօրէն կը սպառէ եւ կ՚ոչնչացնէ սահմանափակ կենսական աղբիւրները: Եթէ մարդկութիւնը չփոխէ իր ապրելակերպը առաւելագոյնը տասն տարուան ընթացքին, ապա բնութեան փոփոխութիւնները առաւել թափ ստանալով դուրս պիտի գան մարդու վերահսկողութենէն։ Այդ ժամանակ մեծ փլուզումներ պիտի յառաջանան եւ կեանքը իր դաժան երեսակը ցոյց պիտի տայ ո՛չ միայն մարդկութեան, այլեւ՝ ամբողջ կենդանի էակներուն։

Այս բոլորը ենթադրութիւն չէ, գիտական ​​փաստ է։ Բայց եւ այնպէս, շատ քիչեր գիտեն այս փաստը եւ ջանքեր կը գործադրեն փոխելու համար առկայ ընթացքը։ Սա ամենակարեւոր խնդիրն է, որ կը վերաբերի բոլորիս՝ մեր երեխաներուն ու գալիք սերունդներուն։ Բոլորս այս խնդրի մէկ մասն ենք:

Հաւանաբար մեզմէ շատեր անպայման ինքնըստինքեան հարցուցած են հետեւեալները. «Ի՞նչ է իմ նպատակը կեանքի ընթացքին։ Ո՞րն է մարդկութեան տեղն ու նշանակութիւնը այս աշխարհի վրայ: Ինչպիսի՞ աշխարհի մը մէջ կ՚ապրիմ եւ ինչպիսի՞ աշխարհի մը մէջ կ՚ուզէի ապրիլ»։

Բնութեան մէջ կայ բազմազանութիւն եւ մարդիկ բնութեան մէկ մասն են: Աշխարհի վրայ կան շատ իւրայատուկ էքօհամակարգեր՝ կեանքի բազմազանութեամբ. օրինակ՝ լիճերը, ծովերը, արօտավայրերը, անտառները… Իւրաքանչիւր էքօհամակարգի բնոյթը անընդհատ փոփոխութեան կ՚ենթարկուի պատմութեան ընթացքին: Կեանքի մէջ կան նաեւ փուլեր, ուր մրցակցութիւնը կը գերակշռէ տարբեր տեսակներու միջեւ եւ երբեմն էքօհամակարգերը կրնան փլուզուիլ չափազանց սաստիկ ու սարսռելի մրցակցութեան պատճառով: Այնուամենայնիւ, իւրաքանչիւր էքօհամակարգ կը փորձէ ժամանակի ընթացքին հասնիլ հաւասարակշռութեան եւ շրջադարձի։ Որպէսզի անոնք տեղի ունենան, տուեալ էքօհամակարգի բոլոր կենդանի տեսակներու միջեւ պէտք է հաստատուին փոխադարձ շահաւէտ յարաբերութիւններ։

Եթէ էքօհամակարգի որոշ կենդանի տեսակներ արագօրէն բազմանան եւ սկսին ոչնչացնել այլ տեսակներ՝ ներքին եւ արտաքին ուժերով, բոլոր հաւասարակշռութիւնները կը քայքայուին, տեղի կ՚ունենայ փլուզում եւ կը սկսի նոր հաւասարակշռութեան եւ կարգի որոնում:

Էքօհամակարգերու սեփական կառուցուածքը, հաւասարակշռութիւնը, ներքին եւ արտաքին սպառնալիքներու դէմ դիմադրութեան կարողութիւնը կը կոչուի առաձգականութիւն (resilience): Ուստի, առաձգականութեան, ճկունութեան յառաջացման նախադրեալներն են՝ կեանքի բազմազանութիւնը եւ բոլոր կենդանի էակներու միջեւ շահաւէտ կապ-յարաբերութիւնները: Բնութենէն քաղուելիք ամենակարեւոր դասն է, որ մեր բազմազանութիւնը մեր ամենամեծ ուժն է եւ որ մենք կրնանք հասնիլ տոկունութեան, առատութեան եւ բարգաւաճման՝ միայն յարաբերութիւններ հաստատելով եւ մրցակցութեան փոխարէն ներդաշնակ միասնութեամբ։

Ես նկատեցի, որ մարդոց մեծ մասը (որոնցմէ շատեր բարձր կրթութիւն ստացած, բանիմաց մարդիկ են) անտեղեակ եւ անգիտակից են բնութեան գործունէութեան, բնութեան մէջ մարդու տեղի եւ անոր հետեւանքներու մասին: Այնուամենայնիւ, բնութեան մէջ մարդուն դերը ամենահիմնականն է, որ բոլորս պէտք է սորվինք վաղ տարիքէն սկսեալ։

Բաց աստի, մարդոց մեծ մասը իր առօրեան կը վարէ սահմանափակ տարածութեան մէջ եւ կեանքը կը դիտէ սահմանափակ պատուհանէ մը: Մենք նոյնիսկ դժուարութեամբ կը հետեւինք, թէ ինչ կը կատարուի մեր բնակավայրերէն ներս, մեր հարեւանի մօտ, մեր քաղաքի կամ երկրի մէջ։ Մենք նոյնիսկ չենք մտածեր, թէ ինչ տեղի կ՚ունենայ մեզմէ հազարաւոր քիլօմեթրներ հեռու մարդոց կեանքերուն մէջ: Այնուամենայնիւ, աշխարհի մէջ ամէն ինչ փոխկապակցուած է եւ որպէս անհատներ՝ այն ինչ որ կ՚ընենք կամ չենք ըներ մեր գտնուած տարածքէն ներս, անպայման փոքր կամ մեծ ազդեցութիւն կ՚ունենայ ամբողջ աշխարհի ընթացքին վրայ:

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

•շարունակելի…

Երկուշաբթի, Յունիս 12, 2023