ՇՂԹԱՅԱԿԱՆ ԸՆԹԱՑՔ
Քիշնեւի մէջ կայացած հնգակողմանի հանդիպումը իբրեւ երեւոյթ քանի մը հանգամանք կը պարզէ:
Նախ պէտք է նկատել՝ առաջին անգամն է, որ հնգակողմանի ձեւաչափով տեղի կ՚ունենան բանակցութիւնները: Պրիւքսել աշխուժութիւն ցոյց կու տայ եւ յաւելեալ տարողութիւն կը հաղորդէ գործընթացին՝ հրաւիրելով նաեւ Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ առաջին դէմքերը մասնակցելու հանդիպումին: Ի վերջոյ, այս երկու երկիրները կ՚ընկալուին՝ իբրեւ Եւրոպական Միութեան գլխաւոր յենասիւները:
Երկրորդը՝ յաջորդ հանդիպումը տեղի կ՚ունենայ դարձեալ Պրիւքսելի նախաձեռնութեամբ, 21 յուլիսին: Այս յաջորդականութիւնը յատուկ նշանակութիւն ունի: Հանդիպումները տեղի կ՚ունենան Եւրոպայի քաղաքական համայնքի վեհաժողովի շրջանակներուն մէջ: Իսկ այս առումով ընտրուած վայրը՝ Մոլտովան կը նկատուի իբրեւ թեկնածու Ուքրայնայի առընթեր Եւրոմիութեան անդամակցութեան: Մոլտովան Ռուսաստանի մերձակայ շրջան է եւ Ռուսաստանի հետ խնդիր ունի Մերձտնեսթրիի համար: Եւրոպայի քաղաքական համայնքի վեհաժողովը դատապարտման յայտարարութիւններ ըրած է նաեւ ռուսական զօրքերուն Մերձտնեսթրի մէջ գոյութեան պատճառով:
Ընդհանուր միտումը, ուրեմն, տեսանելի է՝ դէպի տարածաշրջանին մէջ Ռուսաստանի դէմ հակակշիռ գործողութիւններ իրականացնելու առումով:
Շարլ Միշելի յատարարութիւնը զուսպ էր եւ շատ տեղ չէր ձգեր իւրովի մեկնաբանութիւններ կատարելու: Ըստ իրեն, Քիշնեւի մէջ՝ նախապէս Պրիւքսելի մէջ քննարկուած բոլոր նիւթերուն անդրադառնալու կարելիութիւն ունեցած են: Առանձնապէս կը նշուին՝ տարածաշրջանային փոխադրամիջոցային եւ տնտեսական ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման, սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան ապահովման աշխատանքներուն, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման համաձայնագիրին, Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հասցէագրման անհրաժեշտութեան, ինչպէս նաեւ գերիներու, կորսուածներու եւ այլ մարդասիրական խնդիրներու վերաբերեալ հարցեր:
Հանդիպումը նկատուած է լաւ նախապատրաստութիւն՝ 21 յուլիսի Պրիւքսելի հանդիպումին համար:
Ֆրանսայի նախագահը բացած է փակագիծեր։ Ըստ Էլիզէի պալատի հրապարակած յայտարարութեան, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները վերահաստատած են 6 հոկտեմբեր 2022 թուականի Փրակի իրենց յանձնառութիւնը՝ Ալմա Աթայի հռչակագիրին մէջ նշուած սահմանները յարգելու վերաբերեալ: Ընդգծուած է ռազմագերիներու շուտափոյթ ազատ արձակման անհրաժեշտութիւնը: Անշուշտ, Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան Հայաստանի մէջ հաստատման կարեւորութիւնը եւ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու իրաւունքներու եւ երաշխիքներու սահմանումի ճշդումը:
Պաքուն շատ արագ հակազդած է Փարիզին: Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ Ֆրանսայի նախագահին կողմէ հրատարակուած հաղորդագրութիւնը ո՛չ միայն չ՚արտացոլեր, այլեւ կը խեղաթիւրէ կողմերու դիրքորոշումը: Յայտարարութիւնը կ՚աւելցնէ, որ առաջին անգամը չէ, որ Ֆրանսա նման գործողութիւններու կը դիմէ, ինչ որ չի նպաստեր տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման:
Նախագահ Մաքրոնի կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ ի՞նչն է, որ կ՚անհանգստացնէ Պաքուն: Յայտնապէս հետեւեալները.
- Ռազմագերիներու վերադարձի անմիջական պահանջը:
- Ալմա Աթայի հռչակագիրի յիշատակումը՝ առանց տարածքներու թուանշային սահմանումին:
- Եւրոմիութեան Հայաստանի դիտորդական առաքելութեան կարեւորութեան շեշտումը:
- Լեռնային Ղարաբաղի հայերու իրաւունքներու եւ երաշխիքներու սահմանումը:
Միշելի ակնարկած խնդիրները ընդհանուր են, Էլիզէի պալատինը՝ թիրախային։ Այս բոլորի քաղաքական ընթերցումը կը յուշէ, որ Եւրոպա պատրաստ է դիտորդական առաքելութիւնը շարունակելու, դեր ստանձնելու սահմանազատման գործընթացին մէջ եւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներու եւ անվտանգութեան երաշխաւորման համար գործիքակազմ տրամադրելու ուղղութեամբ:
Շղթայական ընթացակարգը վստահաբար շարունակուի: Սպասենք ռուսական հակազդեցութեան եւ յիշեցման, որ ցարդ կայ միայն եռակողմանի համաձայնութիւն եւ կողմերը կը հրաւիրուին 9 նոյեմբեր 2020 թուականի եւ անոր հետեւած համաձայնութիւններուն ուղղութեամբ իրենց պարտաւորութիւնները կատարելու:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի