ՏԻԳՐԱՆ ՄԱՆՍՈՒՐԵԱՆ ԿՈՄԻՏԱՍԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԶՐՈՒՑԵՑ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԱԺՇՏԱՍԷՐՆԵՐՈՒ ՀԵՏ
Աշխարհահռչակ երգահան Տիգրան Մանսուրեան նախընթաց օր խումբ մը երաժշտասէրներու հետ մէկտեղուեցաւ Երեւանի նորահաստատ Կոմիտասի թանգարան-կաճառի երդիքին տակ։ Այս առթիւ ան ըսաւ, թէ Կոմիտասը պէտք է ըլլար կատարեալ, որպէսզի հիմք դառնար երգահանութեան ամբողջ դպրոցի մը։ Ըստ իրեն, Կոմիտասի կեանքը դժբախտաբար եղաւ կարճատեւ, սակայն ան յաջողեցաւ հսկայածաւալ աշխատանք մը իրականացնել։
Թանգարանին մէջ Մանսուրեանին հետ կազմակերպուած հանդիպումը իսկապէս եզակի բնոյթ մը կը կրէր։ Զրոյցի ամբողջ տեւողութեան, զանազան սերունդներու ներկայացուցիչներով լեցուած դահլիճը կը փորձէր բաց չթողել Մանսուրեանի որեւէ մէկ բառը Կոմիտասի մասին։ «Կոմիտաս կը նմանի այն հեռահար նետին, որ իր արմատները կը հասցնէ մինչեւ հեթանոսական շրջանի հայ երաժշտութիւնը։ Ան կը հիմնէ մասնագիտութիւն մը, որու անունը չ՚ուզեր իրեն վերագրել՝ քոմփոզիթէօրութիւն», ըսաւ Տիգրան Մանսուրեան, որու խօսքերով՝ Կոմիտաս չէ օգտագործած իր հետ կապուած այդ մասնագիտական եզրը։ Ան չէ ըսած կամ գրած, որ քոմփոզիթէօր մըն է։ «Ան ծայրայեղ առաքինութեան եւ պարկեշտութեան արտայայտութիւն մըն է։ Եղած են մարդիկ, որոնք իրենց արուեստի բնագաւառին մէջ մեծագոյն յաջողութիւններու հասնելէ վերջ եւս խուսափած են իրենց մասնագիտական անունը շեշտելէ, ինչպէս օրինակ՝ Ֆոլքնէր», ըսաւ Մանսուրեան։
Երաժշտասէրներու հետ զրուցելու ընթացքին մաէսթրօ Մանսուրեան յիշեցուց, թէ Կոմիտաս բանահաւաք էր, մանկավարժ, խմբավար, երգիչ, հասարակական գործիչ, հոգեւորական, եկեղեցւոյ ամբողջ հարստութիւնը իր մէջ ընդգրկող երաժիշտ մը։ «Այն տարիներուն, երբ ան կը ծաւալէր իր գործունէութիւնը, արժանացած էր մեծագոյն գնահատանքի», ընդգծեց Տիգրան Մանսուրեան։