ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ
Աստուածաշունչի ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու մասնաճիւղի ընդհանուր քարտուղար տքթ. Հրայր Ճէպէճեան վերջին օրերուն բանախօսութեամբ մը հանդէս եկաւ կիպրահայութեան համար։ Այսպէս, ան ելոյթ մը ունեցաւ Համազգայինի Նիկոսիոյ «Օշական» մասնաճիւղէն ներս։ «Մշակութային երեկոյ» յաջորդական ծրագրերու շարքի այս եղանակի եզրափակիչ փուլը բնորոշեց Հրայր Ճէպէճեանի ելոյթը։
Հրայր Ճէպէճեան արտայայտուեցաւ՝ «Սփիւռք, հայապահպանում եւ ամբողջական մշակոյթ» նիւթին շուրջ։ Հրայր Ճէպէճեան թէ՛ պատմական իրադարձութիւններու եւ թէ այլ բազմաթիւ յղացքներու համայնապատկերին վրայ մեկնաբանեց օրուան նիւթը։ Ան նոր ժամանակներուն մասին խորհրդածութիւններ ըրաւ՝ հաշուի առնելով այն իրավիճակները, որոնք համաշխարհայնացումէն դէպի տեղակայնացում կ՚ընթանան։ Հայկական սփիւռքներու խայտաբղէտ երեւոյթը ան ինքնութեան չափումներու հիման վրայ ներկայացուց հետաքրքրական մօտեցումներով։ Հուսկ, Հրայր Ճէպէճեան ըսաւ. «Հայկական սփիւռքները թէեւ տարբեր են, սակայն օտար չեն»։
Երեկոյթի ընթացքին երաժշտական կատարումներով հանդէս եկաւ մեներգիչ Գարիկ Մալխասեան։