ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻ ԵԶՐԱՓԱԿԻՉ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջերս կազմակերպուած միաբանական համագումարի արձագանգները կը շարունակուին։ Մինչ այդ, միաբանական համագումարի եզրափակիչ փուլին հրապարակուեցաւ յայտարարութիւն մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։
*
Միաբանական համագումարի մասնակիցներս, առաջնորդուած ազգի ու հայրենիքի առջեւ ծառացած լրջագոյն հիմնախնդիրներու դիմագրաւման եւ հայոց անկախ պետականութեան զօրացման հրամայականով՝ կոչ կ՚ուղղենք համայն մեր ժողովուրդին.
- Համախմբուիլ եւ ամրապնդել ազգային միասնականութիւնը՝ անխաթար պահելով ազգային-հոգեւոր արժէքները, որոնք դարեր շարունակ սնուցած ու զօրացեալ պահած են մեր ինքնութիւնը։ Հայոց կեանքէն հեռու վանել ատելութիւնն ու թշնամանքը, քաղաքական համոզումներով թելադրուած անհանդուրժողականութեան որեւէ դրսեւորում՝ ազգային կեանքի ընթացքը ամրօրէն խարսխելով եղբայրսիրութեան ու համերաշխութեան հիմերու վրայ։
- Թօթափել հայրենիքի շուրջ ծաւալուող ցաւալի զարգացումներու դէմ անտարբերութիւնը եւ զերծ մնալ ներշնչուող անկարողութեան ու յարմարուողականութեան մտայնութենէն։
- Ամուր եւ աներեր պահել Հայաստան-Արցախ-սփիւռք կապը եւ ազգային ամբողջ ներուժը ի գործ դնել՝ ի խնդիր Արցախի մեր ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի պաշտպանութեան, ծանր վիճակի մատնուած մեր հայրենիքի անվտանգութեան ապահովման։
Կը յորդորենք հայրենի իշխանութիւններուն.
- Նախանձախնդրօրէն հետամուտ ըլլալ Արցախի հայութեան՝ սեփական բնօրրանին մէջ ազատ, անկախ եւ անվտանգ ապրելու աստուածատուր իրաւունքի իրացման, նաեւ Հայաստանի սահմանամերձ տարածքներու անվտանգութեան ու անձեռնմխելիութեան։
- Հրաժարիլ «Հայոց Եկեղեցւոյ պատմութիւն» առարկան դպրոցական ծրագրերէն դուրս մղելու որոշումէն եւ նպաստել հայրենի դպրոցներուն մէջ անոր արդիւնաւէտ դասաւանդման։
Տիրաւանդ սիրով կը յայտնենք մեր զօրակցութիւնը արցախահայ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն՝ քաջալերելով, հակառակ առկայ մարտահրաւէրներուն, երբեք չընկրկիլ դժուարութիւններու առջեւ, շարունակել պաշտպանել ու շէնացնել Արցախ աշխարհը՝ զօրացած յոյսով ու հաւատքով։
Միակամ վճռակամութեամբ կը յայտնենք մեր յանձնառութիւնը՝ կարելին ընելու հայրենիքի մէջ եւ սփիւռքի համայնքներէն ներս մեր ժողովուրդի ներուժի համախմբման համար՝ ի նպաստ յաղթահարման այն խնդիրներուն, որոնք ազգային ու հայրենական կեանքը կը փոթորկեն եւ կը յուզեն։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն մեր աղօթքը կը վերառաքենք առ Բարձրեալն Աստուած, որպէսզի Տէրն իր ամենախնամ Աջի հովանաւորութեան ներքեւ պահէ, պահպանէ եւ բարձրացնէ ազգս հայոց՝ ի Հայաստան, յԱրցախ եւ ի սփիւռս։
*
Միւս կողմէ, Վեհափառ Հայրապետը Կաթողիկէ Ս. Էջմիածնի տօնին օրը Վեհարանի մէջ հիւրընկալեց Միաբանական համագումարի գործող կամ արդէն նախկին, նաեւ նորընտիր կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամները։ Ներկայ էր նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Հարկ է նշել, որ Միաբանական համագումարը 2 տարին անգամ մը տեղի կ՚ունենայ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։