ԼԵՒՈՆ ԿԻՍԱՍԱՐԿԱՒԱԳ ՔԻՐԷՄԻՏՃԵԱՆ ՅԱՆԿԱՐԾԱՄԱՀ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ անժամանակ ձեւով յանկարծամահ եղած է մեր եկեղեցւոյ նուիրեալ սպասաւորներէն Լեւոն Կսրկ. Քիրէմիտճեան։ Այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն Չընարճըքի իր ամարանոցին մէջ կնքած է իր մահկանացուն՝ խոր սուգի մատնելով իր ընտանիքն ու պոլսահայ եկեղեցասէր շրջանակները, որոնց մօտ այնքան սէր, յարգանք ու համակրանք կը վայելէր հանգուցեալը։
Բնիկ գումգաբուցի Լեւոն Քիրէմիտճեան ուսումը ստացած էր երբեմնի Պօղոսեան-Վառվառեան վարժարանին մէջ։ Փոքր տարիքէ սկսալ սկսած էր ծառայութիւն մատուցել մեր եկեղեցւոյ, որու հարազատ կամարներուն ներքեւ շուրջ յիսուն տարի մասնակցած էր շարականներու երգեցողութեան ու եղած էր Տիրոջ Ս. Սեղանի սպասաւորը։ Յիսուն տարուան այս բոլորանուէր ծառայութեան շրջագծով արդէն շուրջ չորս տասնամեակ նաեւ որպէս լուսարար պաշտօնավարած էր Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ։ Ան իր բարեմոյն ու հաղորդական բնաւորութեամբ գրաւած էր բոլորին սիրտը, իսկ այժմ իր բոլոր սիրելիները արդէն խոր ցնցում կ՚ապրին իր անժամանակ կորուստով։
Այս տխուր առթիւ Երկնային հանգիստ կը հայցենք հանգուցեալի բարի հոգւոյն ու կը ցաւակցինք հարազատներուն եւ սիրելիներուն։