ՊԱՊԻԿՍ ԿԱՐԴԱԼ ՉԻ ԳԻՏԵՐ
Ժամանակէ մը ի վեր կը զգայի, որ աչքերս բաւական տկարացած էին: Ուստի ակնոց փոխելը անհրաժեշտութիւն նկատած էի: Արդէն օրեր առաջ, ակնաբուժէս ժամադրութիւն վերցուցած էի: Իսկ այդ օր ալ, երբ տունէն դուրս կ՚ելլէի, յանկարծ կինս խոհանոցէն մինչեւ դրացիներուս ականջին լսելի ձայնով պոռաց, որ մեր վեց տարեկան թոռնիկը՝ Վանան ալ հետս տանէի՝ «Չոճուխը դուրս մը ելած կ՚ըլլայ… ի՞նչ կ՚ըլլայ որ… խելօք մը կը նստի…» արդարանալով:
«Ճանըմ, ո՞ւր լսուած է, պզտիկով բժիշկի երթալ. ըսէ՛ք, խնդրեմ. ինչու, ես պտոյտի՞ կ՚երթայի…», ահա քեզի անհամ խօսակցութիւն, անտեղի վէճ ու անիմաստ վիճաբանութիւն: Այս պարզ «բանը» յանկարծ բարդացաւ:
Ամերիկա հաստատուելէս ետք էր, որ գիտցած էի, թէ հոս, այս երկրին մէջ, կիներուն արտասանած խօսքը, ըլլայ անիկա պարզ թելադրանք կամ նոյնիսկ անմեղ առաջարկ, խորքին մէջ ներքին աներեւոյթ հրահանգի մը պիտակն ալ ունի: Փորձեցէ՛ք, պիտի համոզուիք:
Այս վարկածը անմիջապէս յիշեցի: Ու ինչ մեղքս պահեմ, թէեւ այդ վայրկեանին վախէս երկինքէն ինկածի պէս նախ շուարած մնացած էի, բայց ապա շուտով հնազանդեցայ: Չեմ կարծեր, որ այդ պահուն ուրիշ ելք մը ունէի: Ու այսպէս ստիպուած՝ երկուքով ինքնաշարժ մտանք եւ ուղղուեցանք դէպի բժիշկիս գրասենեակը: Ճամբուն ընթացքին պապիկ եւ թոռնիկ՝ երկուքս ալ անխօս էինք: Վանան, խեղճ փոքրիկս, յանցանք մը չունէր. յանցաւորը այս «չոճուխին միտքը պտոյտի ելթալը» ձգողն էր: Ու երբ ժամադրավայր հասած էինք, կարծես «սիրտս առնելու» համար, մտերիմ դիմագիծով ու ցած ձայնով մը, աղջնակը թելադրեց, որ բժիշկի ասեղէն չվախնայի:
-Պապի՛կ, աչքի տոքթորին ասեղը, պզտիկ կ՚ըլլայ, ըսաւ համոզիչ եւ նոյնքան ալ փորձառուի ինքնավստահութեամբ: Տպաւորիչ եւ հանդիսաւոր երեւոյթ: Բժիշկ: Ասեղ: Վախ:
Արագ մը ըսի, թէ այս բժիշկը ասեղ չի գործածեր, եւ ոչ ալ ես ասեղի պէտք ունէի. թերեւս աչքիս քանի մը կաթիլ դեղ… փորձեցի համոզել:
-Ո՛չ, ո՛չ, մի՛ վախնար, արագ մը ընդմիջեց խօսքս:
Յայտնի էր, թէ իր մօտ բժիշկի մը ներկայութեան վախէն ծնունդ առած էր իր այս մանկունակ թելադրանքը:
Մտանք գրասենեակ: Կապոյտ գոգնոցով պաշտօնեայ աղջիկը նախ հիացած մեր ճշդապահութեամբ, մեզ անմիջապէս դէպի փոքր սենեակ մը առաջնորդեց: Սքանչելի: Ժամադրութիւն ըսուածը յարգուած էր:
Այդ փոքր ու նեղ սենեակին մէջ նոյն աղջիկը յարգանքով ըսաւ, որ ես նստիմ աչք չափելիք եւ քննելիք տեսակաւոր գործիքներով բեռնաւորուած աթոռին վրայ, իսկ Վանային ալ ցոյց տուաւ սենեակին անկիւնը գրաւած աթոռը: Ապա, ձեռքի թուղթերը դրաւ փոքր սեղանին վրայ, անոնց վրայ բաներ մը արձանագրեց, ինծի մանր-մունր հարցումներ կատարելէ ետք ու «շուտով բժիշկը կու գայ», ըսելով դուրս ելաւ:
Պապիկ եւ թոռնիկ խնամիներու նման, դէմ դիմաց նստանք: Բայց հազիւ աղջիկը դուռը փակեց, Վանան տեղէն շարժելով մօտս եկաւ ու ձեռքս բռնեց:
-Մի՛ վախնար պապիկ, ես հո՛ս եմ, ըսաւ ցած ձայնով:
Կարծես այս խօսքերը մէջս նոր յուզում մը բերին, թեթեւ, սակայն արդար հպարտանքի մը հետ:
-Ապրիս աղջիկս, ըսի խեղդուած ձայնով ու ձեռքովս նշան ըրի, որ իր տեղը նստի:
Վանան՝ խելօք մատներս ձգեց ու փոխարէնը կուրծքէն հառաչանքի նման բան մը պոկելով, նստաւ իր տեղը։
Այդ պահուն, այդ փոքր ու կիսամութ սենեակին մէջ կը զգայի, որ կար մեր երկուքին լռութեան տիրահաճ ներկայութիւնը: Ինք՝ ինձմով մտահոգ, իսկ ես ալ զինք հետս դժկամութեամբ բերելուս յանցաւոր զգալով:
Շատ չանցած ներս մտաւ ակնաբոյժը: Սենեակին լոյսերը բացուեցան: Հաճելի խօսակիցի մը նման բժիշկը յարգանքով երկուքիս բարեւեց: Քանի մը հարցումներ հարցուց: Սեղանին վրայ շարքով դրուած թուղթերուն վրայ արագ մը աչք նետեց, արձանագրուած նօթերը կարդաց, բաներ մը գրեց, ապա անցաւ իր գործին:
Նախ աթոռը ինծի աւելի մօտեցնելով, միջնադարու վենետիկեան ազնուականներու դիմակները յիշեցնող երկար կոթով միականի սեւ ակնոց մը տուաւ ինծի: Թելադրեց, որ աջ աչքով փորձեմ դիմացի պատին վրայ հայելիի մը արտացոլող անգլերէն խառն գրուած տառերը բարձրաձայն կարդալ:
Սենեակը մթնցաւ: Շտկուեցայ ու պատրաստուեցայ ցուցադրուած տառերը կարդալու արարողութեան, երբ լսեցի բժիշկին ձայնը.
-Հաճեցէք կարդալ առաջին տողին առաջին գիրը:
-«Օ», ըսի արագ՝ իր դասը գիտցող աշակերտի մը նման:
-Ո՛չ, ո՛չ, սխալ ես պապիկ, յանկարծ լսեցի Վանային ձայնը, ճիշդ «քիթիս տակ», ատիկա «օ» չէ, «սի» է:
-Օ՜հ, նօ՛, ըսաւ բժիշկը:
Հաստատապէս բարկացած էր: Աթոռը արագ մը շարժեց, սենեակին լոյսերը բացաւ եւ կծու հեգնանքով ողողուած աչքերը թարթելով ու շինծու ժպիտով մը Վանային դառնալով ըսաւ.
-Եանկ լէյտի, հաճիս մեզ մի՛ խանգարեր. ձգէ՛ որ «կըրեն փա»ն ինք ըսէ:
Տարօրինակ: Վանան չպատասխանեց: Նախ վերէն վար չափեց մարդը եւ հնազանդելով իր նախկին տեղը գրաւեց: Կարծես այս ձեւով, բժիշկին բարկութիւնն ալ շոգիացուց:
Կրկին դարձանք աշխատանքի: Սենեակը դարձեալ մթնցաւ: Բժիշկը սեւ ակնոցս արագ մը նոյն դիրքին վրայ տեղաւորեց եւ կրկնեց քիչ առաջուան թելադրանքը.
-«Փլիզ», առաջին տող եւ առաջին տառ:
Հիմա, որ գիտէի այդ անիծեալ սեւատառ մեծ գիրը, ըսի շատ համարձակ՝ «սի»:
-Նեքսթ, շարունակեց բժիշկը:
Ու կամաց-կամաց կարդացի: Այնպէս կ՚երեւէր, թէ արտասանածներս ճիշդ էին, որովհետեւ բժիշկը «կուտ. կուտ», կրկնած էր:
-Նաու, նեքսթ լայն, լսեցի կրկին իր ձայնը:
Գիտէի, որ տակաւին շատ տողեր կային, որոնք ինծի կը սպասէին: Վերջապէս այս ձեւով աչքերուս չափը պիտի ստուգուէր: Չէ՞ որ ասոր համար եկած էինք երկուքով:
Յաջորդ տողը, որ առաջինէն աւելի փոքր գրուած էր, զիս իսկապէս նեղ դրութեան մատնեց: Ուստի մեծ ճիգ թափեցի: Փորձեցի ճիշդը կարդալ: Արդեօք այդ գիրը «ի՞» էր թէ «էլ»: Մտմտացի: Սակայն այս մէկը երկար չտեւեց, որովհետեւ կրկին Վանան իր անմեղ ձայնով մեզ միջամտեց:
-Պապի՛կ, ըսէ՛ «էլ»:
-Քուայէթ, եանկ լէյտի, թելադրեց բժիշկը իր ներկայ դիրքը պահելով:
-«Էլ», ըսի արագ մը:
-Նեքսթ, շարունակեց ան:
Իսկապէս, որ աչքերս տկարացած էին: Անպիտան, այս մէկը չէի կրնար յստակօրէն ճանչնալ: Սպասեցի: Նորէն փորձեցի աչքս կեդրոնացնել ու վերջապէս ըսի.
-«Վի»:
-Տաքթըր, իթս ռոնկ, իսթ էն նաթ վի, կրկին ընդմիջեց անհամբեր թոռս:
Յանկարծ բժիշկը իր աշխատանքը դադրեցուց: Սենեակին լոյսերը կրկին բացուեցան: Մթնոլորտը կարծես ելեկտրականացած էր: Ճերմակ, կարճ գոգնոց հագած մեր մարդը կապարի նման ծանրացած հայեայցքով ետեւ դարձաւ ու իր աչքերը խստօրէն Վանային վրայ կեդրոնացուց: Ես ալ արագ մը շտկուեցայ:
Հիմա երկուքս միասին Վանային կողմը դարձած էինք: Իմ կարգիս բաւական խիստ ակնարկովս թոռնիկիս կ՚ուզէի հասկցնել, թէ «ալ չափը անցած էր», երբ յանկարծ բժիշկը ինք նստած տեղէն պոռթկաց.
-Ինա՛ֆ...
Ձայնին մէջ յստակ բարկութիւն կար, որոշ եւ արդար, իսկ դէմքին վրայ նստած էին կիտուած յօնքերէն ծնած ստուերներ:
Վանան գրեթէ սարսափած էր ու յանցաւոր կատուի նման կծկուած իր աթոռին վրայ ու զիս կը դիտէր: Ո՞վ էր այս մարդը, որ անոր վրայ այսչափ բարկութիւն թափեց: Վանային դէմքէն այս բոլորը յստակօրէն կարելի էր կարդալ: Իսկ ես ալ, իրենց կիներէն չվախցող ամուսիններուն պէս, ինքզինքիս բաւական լրջութիւն տուած, աչքերովս կը փորձէի թոռնիկս պախարակել: Խորքին մէջ համաձայն էի բժիշկին, իր այս բարկութեան՝ որ յստակ կշտամբանք մըն էր: Կը հաւատայի, որ հիմա Վանայի գլխուն մէջ կատարեալ շփոթ մը կար: Միտքերու քաոս: Ինք իր պապիկին կ՚օգնէր… այս մարդը ո՛չ իր հայրն էր եւ ոչ ալ իր պապիկը… այսպէս բարկանալու իրաւունք չունէր… «նաթ ֆեր»...:
Բժիշկը ա՜լ չխօսեցաւ: Միայն աչքերը Վանայէն շուտով հեռացուց եւ գլուխը առաւ իր ափերուն մէջ: Կ՚երեւի սկսած էր մտածելու, թէ ի՞նչ պէտք էր ըսէր այս «չոճուխին», որ կնոջս համաձայն «խելօք մը պիտի նստէր»:
Ահա՛ քեզի խելօք նստիլ… եկո՛ւր եւ տես, կնի՛կ. անընդհատ կ՚ըսէի մտովի, յաղթանակի կէտ մը արձանգրող հպարտ ֆութպոլիստի մը նման: Մարդը շուտով ոտքի ելաւ: Թերեւս որոշեց սենեակէն հեռանալ: Թերեւս առանձնանալու կարիքը զգաց, որպէսզի ինքզինք վերագտնէր: Ես իր «հիւանդ» յաճախորդն էի: Թերեւս շատ քաղաքավար էր եւ չէր ուզեր ինծի նման «յաճախորդ» մը կորսնցնել:
Թոռնիկ եւ պապիկ պահ մը անակնկալ հարուած ստացողի մը նման սպասեցինք իր որոշման: Մենք ալ շուարած էինք իր այս անխօս ներկայութենէն:
Ապա սենեակին մէջ պայթեցաւ իր քրքիջը, որմէ ետք հանդարտ անկեղծութեամբ մօտենալով ինծի թելադրեց նոր ժամադրութիւն մը վերցնել, սակայն առանց թոռնիկի ընկերակցութեան:
-«Սօրի», ըսաւ, ձայնին մէջ թանձրացած յուզումով ու խաղաղ նայուածք մը նետելով Վանային վրայ, շոյեց անոր գլուխը եւ «այ լավ եու» մը ըսելով դուրս ելաւ:
Իսկապէս ամչցած էի: Արդեօք ժամանա՞կն էր վեց տարեկան աղջկան վրայ պոռալ կամ զինք յանդիմանել: Կրկնակի շուարած էի: Ինքզինքս զսպեցի: Կը հաւատայի, որ թոռնիկս իր տարիքէն ծնունդ առած անմեղ արար մը ներկայացուցած էր: Հաճելի: Յանցաւորը ինքը չէր, այլ այն մէկ ուրիշը, որ Վանային այս «պտոյտը» ծրագրած էր: Ա՜խ, եթէ ձեռքէս գար տեղւոյն վրայ այդ «կինը» կը խեղդէի: Կամ աւելի ճիշդ, նախ ոտքիս տակ կ՚առնէի… կամ ալ ակումբ կանչել կու տայի եւ լաւ մը ծեծել… վերջը…
Սթափեցայ: Չեմ գիտեր ինչպէս Ամերիկայի պէս երկրի մէջ միտքս նման թռիչքներով սկսած էր սաւառնել:
Ելլենք՝ ըսի:
Խեղճ Վանան ինքզինք յանցաւոր զգալով ձեռքս բռնեց, բայց յետոյ «բան մը չեղածի նման» համարձակ ընկերացաւ ինծի: Նոր ժամադրութիւն մը վերցնելէ ետք նստանք ինքնաշարժ: Ինք անխօս էր: Միայն Աստուած գիտէ, թէ այդ վայրկեանին անոր փոքր ուղեղին մէջ ինչե՜ր կ՚անցնէին: Ու այսպէս անժպիտ, տուն վերադարձանք: Ինք, ինձմէ առաջ ներս մտաւ ու վազելով կնոջս մօտ եզակի, սակայն ինքնագոհութեամբ մը բարձրաձայն սկսաւ իր պատմութեան «այբէն մինչեւ օ եւ ֆէ»:
Իսկ վերջինը ականջիս հասաւ.
-Նանի, գիտե՞ս, պապիկս անգլերէն կարդալ չի գիտեր. ես իրեն կը սորվեցնէի կոր, տոքթորը բարկացաւ…
Ալ չուզեցի լսել: Սենեակս անցայ: Կը զգայի, որ ծփացող խոհեր եկած էին միտքս շրջափակելու: Անոր համար էր, որ տենդագին յուզումով մը բռնուած էի: Վերապրումներու անկարգ եւ անհամար յիշողութիւններ հաւաքուած էին միտքիս մէջ:
Է՜հ, աշխարհ: Ա՛յս է ահա նոր ժամանակներու ապագայի նոր հայը՝ համարձակութիւն, ինքնավստահութիւն:
Ու յանկարծ ինքնածին ժպիտ մը բռնեց աչքերուս մէջ: Ուրախ էի:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ