ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ԳԻՆԸ

Կը զարմանամ, որ ունեցած ենք հայեր, որոնք չեն կրցած հասկնալ կամ ըմբռնել, թէ ինչ ըսել է ազատութիւն ու անկախութիւն. ինչ ըսել է ինքնիշխանութիւն եւ վերջապէս չեն կրցած հասկնալ, թէ ինչ ըսել է գտնուիլ օտարի լուծին տակ:

Տասնամեակներ առաջ հայկական թերթ մը որպէս խորագիր մեծ-մեծ տառերով կը գրէր. «Միայն սովետ դրութեան տակ հայերը ստացան իրենց անկախութիւնը»: Քաղաքական կողմնորոշումներն ու հակումները պատճառ կրնան ըլլալ, որ այդ ժամանակաշրջանին հայ մը «սէր» ու «համակրանք» ունեցած ըլլար Խորհրդային Միութեան հանդէպ, սակայն օտարի իշխանութեան տակ գնուիլը «անկախութիւն» անուանելը անհասկնալի ու տարօրինակ կը թուի:

Խօսելու համար անցեալի մասին, պէտք է լաւապէս ուսումնասիրել ժամանակը. ինչո՞ւ համար փրկութիւն ըլլալ կը թուէր Սովետական Հայաստանը. պատկերը հետեւեալն էր.- Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը բարւոք ու նպաստաւոր պայմաններու մէջ չհաստատուեցաւ. դժուարութիւնն ու պէտքը կարծուածէն շա՜տ շատ աւելի մեծ էր: Գրեթէ նոր վերջ գտած էր Համաշխարհային առաջին պատերազմը, որուն հետեւանքով գրեթէ բոլոր երկիրներու մէջ տնտեսական տագնապ մը գոյութիւն ունէր. բացի այդ, Հայաստանի մէջ տարածուած էր մեծ ժանտախտ մը եւ ահագին կեանքեր կը զոհէր. Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը նիւթապէս փայլուն վիճակ մը չունէր. երկրին մէջ աղքատութիւն եւ սով գոյութիւն ունէր. այս մարդկային պէտքերու կողքին անհրաժեշտ էր ունենալ բանակ եւ այլ կառոյցներ, որոնք նիւթականի կը կարօտին:

Նոր անկախացած Հայաստանի ղեկավարները այդ բոլորը ի մի բերելու դժուարութիւնը ունէին, սակայն Սովետական Միութիւնը տնտեսական նման խնդիրներ չունէր եւ մեր ժողովուրդը աւանդութեան համաձայն պիտի ընէր՝ այն ինչին որ կը հաւատար. ո՛ւր հաց՝ հոն կաց:

Խորհրդային Միութեան թեւերուն տակ հովանի գտնել ուզելը համոզումէ մը աւելի պէտքի մը արդիւնքն էր. պէտք էր բանակ, պէտք էր պաշար եւ մարդկային ապահովութիւն, ինչ որ բնականաբար Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը չէր կրնար ապահովել:

Մամուլի, ինչպէս նաեւ այդ ժամանակուան պատմութեան մէջ կարելի է տեսնել, թէ ինչպէս կը քննադատուին Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան ղեկավարները, սակայն պէտք է նկատի ունենալ, որ պայմանները այնքան ալ բարենպաստ չէին հայուն համար, որպէսզի կարենար պահել իր գոյութիւնը։ Անկախութիւնը քաղցր բան էր, սակայն զօրավար Անդրանիկի խօսքերով. «Անկախութիւնը իր գինն ունի, եւ, այդ գինը փափուկ անկողիններու տաքութիւնը չէ» եւ եղեռնէն հազիւ ազատած ազգ մը մի քանի օրուան մէջ կարելի չէր «փրկել»:

Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան «ձախողում»ը կուսակցութեան մը կամ հոսանքի մը պարտութիւնը չէր. ցաւ ի սիրտ, եղան շա՜տ շատեր, որոնք ուրախութեամբ արտայայտուեցան այդ ձախողումի մասին, առանց մտածելու, որ այդ ձախողումը ընդհանուր ազգի մը ձախողումն էր, որուն պատճառով ազգ մը աւելի քան մի քանի տասնեակներ պիտի գտնուէր ուրիշի իշխանութեան տակ:

Յայտնի գրող Լեւոն Շանթ իր երկերուն հինգերորդ հատորին 161-225 էջերուն մէջ կը գրէ «Անկախութիւնը պահանջ ազգային գոյութեան» խորագրեալ գրութիւն մը: Խորհրդային Միութիւնը հայ մարդուն տուաւ բոլոր այն բաները, որոնք գոյատեւելու համար պէտք են, սակայն անոնցմէ խլել փորձեց ամենէն կարեւորը՝ ազգային գիտակցութիւնն ու հաւատքը. այլ խօսքով հացի սիրոյն ուզեց հայ ժողովուրդէն խլել ազգութիւն: Այդ խլուածն էր, որ ծնունդ տուաւ Պարոյր Սեւակներու, Չարենցներու եւ բազմաթիւ ուրիշներու, որոնք իրենց հայրենասիրութեան եւ անկախութեան հանդէպ ունեցած սիրոյն պատճառով տառապեցան, բանտարկուեցան եւ թշուառ կեանք մը ունեցան:

Ժողովուրդը կ՚ըսէ, թէ մարդ բանի մը իսկական արժէքը կը գիտնայ կորսնցնելէ ետք։ Խորհրդային Միութեան լուծին տակ ապրող մեր ժողովուրդը այդ լուծին տակ աւելիով զգաց ազատութեան քաղցրութիւնը. գուցէ այդ է պատճառը, որ անցեալի հայը աւելի հայրենասէր էր՝ քան մերօրեայ հայը, որովհետեւ մենք այսօր ունինք ազատութիւնը՝ որուն երազովը կ՚ապրէին նախնիները. անոնք չունէին ազատութիւն, այդ իսկ պատճառով ազատութեան ու անկախութեան ծարաւը ունէին, իսկ մենք քանի՛ որ ունինք՝ անոր արժէքը չեն գիտեր եւ գուցէ չգիտնանք մինչեւ անգամ մը եւս չկորսնցնենք:

Խորհրդային Միութեան հաստատումէն միայն մի քանի տարիներ ետք Շաւարշ Միսաքեան իր խմբագրականներէն մէկուն մէջ կը գրէր. «Կ՚ուզէինք ամէն բանէ առաջ, շեշտել անկախութեան գաղափարին հիմնաւորումն ու ծաւալումը՝ վերջին տասը տարուան ընթացքին։ Արդարեւ, կենդանի նշանախօսք մըն է այսօր անկախութիւնը»։ Խորհրդային Հայաստանով հպարտացողները եւս թէեւ լուռ կը զգային անկախութեան կորուստին գինը. անոնց մէջէն կամաց-կամաց կը վերացուէր հայկականը, կը վերացուէր Աստուած եւ բոլոր այն արժէքները՝ որոնք մեր ազգը սրբազան կը նկատէր:

Այս բոլորի լոյսին տակ, կը կարծենք դարձեալ կարիքը կայ լաւապէս շեշտելու եւ խօսելու ազատութեան գաղափարին շուրջ, որովհետեւ նկատենք թէ ոչ, անոր կորուստը դիւրին՝ սակայն ծնունդը հազար ու մէկ զոհողութեան արդիւնքով է որ լոյս աշխարհ կու գայ:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -271-

Տարօրինակ է մարդ արարածը եւ անոնցմէ մա՛նաւանդ հայը... Խորհրդային Միութեան ժամանակ հայը ազատութիւն ու անկախութիւն կ՚երազէր, իսկ այսօր, անկախութեան մէջ տակաւին գոյութիւն ունին անոնք, որոնք գերութեան երազովը կ՚ապրին:

Հայաստան հաստատուելէ ետք քանի՜ քանի հոգիներէ լսած եմ. «Էն վախտերը ի՜նչ լաւ էր»։ Այսօր Հայաստանի մէջ քիչ չեն անոնք, որոնք Խորհրդային Միութեան ժամանակաշրջանը կը փնտռեն. պատճառը ըմբռնումի տարբերութիւններն են. շատերու համար հանգիստը նիւթական, իսկ շատերու համար հոգեկան կ՚ըլլայ. շատեր կը յօժարին գերի ըլլալ՝ սակայն կուշտ, իսկ ուրիշներ կ՚ուզեն մնալ անօթի՝ սակայն ինքնիշխան:

Հետեւաբար, օր մը Հայաստան գալով չզարմանաք, երբ գերութեան գովքը լսէք:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Յունիս 17, 2023