ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻՆԵՐ

2022-2023 կրթական շրջանի աւարտին պոլսահայ զանազան վարժարաններէն կը հասնին տնօրէնի փոփոխութեան վերաբերեալ հարցեր։ Այսպէս, յաջորդ տարի Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանը պիտի ունենայ նոր տնօրէնուհի մը. յանձինն՝ Տիրուհի Պերինի։ Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը շաբաթավերջին պաշտօնապէս տեղեկացուց, որ 2023-2024 կրթական շրջանէն սկսեալ դպրոցի տնօրէնուհիի պաշտօնը վստահուած պիտի ըլլայ Տիրուհի Պերինին։

Այս նշանակումը համայնքային շրջանակներէն եւ պոլսահայ կրթական համակարգէն ներս ստեղծած է լայն արձագանգ։ Բոլորին տեսակէտէ ողջունելի իրադարձութիւն մըն է այս մէկը՝ քանի Տիրուհի Պերին պոլսահայ կրթական համակարգի վաստակաւոր եւ արժէքաւոր դէմքերէն մին է։ Երկար տասնամեակներէ ի վեր ան անձնուրաց աշխատանք կը տանի սերունդներու պատրաստութեան ուղղութեամբ։ Անգլերէնի ուսուցչուհի Տիրուհի Պերին այնպիսի կերպար մը կը մարմնաւորէ, որ նախանձախնդիր աշխատանքը չի սահմանափակուիր իր բուն առաքելութեամբ։ Ան համբաւ կը վայելէ աշակերտներուն տեսակէտէ՝ որպէս իսկական առաջնորդ մը, խորհրդատու մը, որ սաներուն նկատմամբ կը տածէ անսահման սէր, կ՚աշխատի զոհողութեամբ եւ արհեստավարժ լրջութեամբ։

Օրթագիւղի եկեղեցւոյ այժմու թաղային խորհուրդը պաշտօնի կոչուելէ վերջ անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձուցած է Թարգմանչաց վարժարանը։ Նորընտիր թաղային խորհուրդը միշտ գերադասած է դպրոցի կայունութիւնը։ Ընտրութեան յաջորդած ամիսներուն դպրոցը պահուած է անցնցում եւ կրթական շրջանի աւարտին արդէն թաղային խորհուրդը այս նոր տնօրինութիւնով հանդէս կու գայ դպրոցի պարագային։ Այսինքն, նորընտիր թաղային խորհուրդի առաջին վերամուտին Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանը արդէն պիտի ունենայ նոր տնօրէնուհի մը։ Այս առումով թաղային խորհուրդը առած է տեղին որոշում մը եւ բոլորը համոզուած են, թէ Տիրուհի Պերին ի վիճակի է լիուլի արդարացնելու իր վրայ դրուած յոյսերը, դպրոցը նոր ոստումի մը առաջնորդելու՝ իր փորձառութեամբ, պաշարով ու տեսլականով։

Յաջողութիւն կը մաղթենք նորանշանակ տնօրէնուհի Տիրուհի Պերինին։

Երկուշաբթի, Յունիս 19, 2023