ԴՈՒՐՍ ԳԱԼ «ԱՆՀԱՏ»Ի ԳԱՂԱՓԱՐԷՆ

Ներկայիս գոյութիւն ունի «անհատ»ի ընկալում, որ իրականութեան մէջ ընկերային փիլիսոփայութեան բարդ խնդիրներու արագ լուծումներ կ՚առաջարկէ։ Արդեօք հասարակութիւնը պէտք է դիտարկել որպէս ամբողջութի՞ւն, թէ մէկ առ մէկ քննել զայն կազմող ենթամասերը։ Այս հայեցակարգի շնորհիւ կարողացած ենք շատ անգամ խուսափիլ ամբողջատիրական, ճնշող «արդիականութենէն»։ Այսօր, սակայն, անհատականութիւնը կարելի է սպառած համարել։ «Անհատ» հասկացութիւնը այլեւս չի կրնար իրականացնել իր գործառոյթը՝ որպէս հասարակութեան ինքնակազմակերպումը ապահովող արդիւնաւէտ տարր։ Ան ո՛չ միայն չի լուծեր ընկերային խնդիրները, այլեւ կը խոչընդոտէ հնարաւոր լուծումները։ Այս խնդիրներու յառաջացման մէջ աչքառու է հասարակավարութեան (collectivism), ինչպէս նաեւ անհատականութեան դերը։ Անհատականութենէն դուրս գալու միջոցն է՝ առանց անհատը ճնշելու ըմբռնել «գերանհատականութիւնը»։

Հասարակութիւնը, որ ամբողջութեամբ կառուցուած է միասնականութեան եւ ամբողջականութեան վրայ, ունի իր անկախ տրամաբանութիւնը եւ ընկերային կարգը, որ ստեղծուած է իրաւական համակարգով, գործարար աշխարհով, երկկողմանի յարաբերութիւններով, կուսակցական քաղաքականութեամբ եւ այլն։ Ան կրնայ հեշտութեամբ ճնշել կամ մերժել զանազան ընկերային կամ հաւաքական գործընթացները։ Այնուամենայնիւ, հասարակութիւնը (ազգային պետութիւն կամ ոչ) կրնայ լուրջ խնդիրներ ունենալ, եթէ չկարողանայ իր բաղկացուցիչ մասերը մէկ ամբողջութեան մէջ համախմբել: Նման հասարակութիւններու մէջ անխուսափելի է խնդիրներ ունենալ աւելի մեծ հարցերու բացայայտումով. օրինակ՝ մրցակցութիւնը, շրջակայ միջավայրի արժեզրկումը կամ թերագնահատումը, ընկերային մեկուսացումը եւ այլն։

«Անհատ» հասկացութիւնը հերթով կրնայ լուծել այս խնդիրները։ Ըստ այս հայեցակարգի՝ իւրաքանչիւր մարդ իր գոյութեան ընթացքին անբաժանելի ամբողջութեան մը մաս կը կազմէ։ Հետեւաբար, «անհատ»ի հայեցակարգը ամբողջութիւնը կը նուազեցնէ աւելի փոքր ամբողջութիւններու, անհատներու եւ «կեանքի նախագիծերու», որոնք կը միաւորեն բազմաթիւ ընկերային գործընթացներ. կրթական կամ գործարարական կեանքը, ընտանիքը՝ մէկ յարկի տակ: Այսպէս, իւրաքանչիւր անհատ բաղկացած է հասարակութեան բոլոր գործընթացներու հանրագումարէն, համադրումէն։ Այսինքն՝ նայելով միքրօտիեզերքին (անհատին), կարելի է կարդալ մաքրօտիեզերքը (հասարակութիւնը):

Ահա թէ ինչէ՛ն բաղկացած է մեր «անհատականութեան» հեքիաթը։ Այնուամենայնիւ, անհատականութիւնը մեզ առանձնայատուկ չի դարձներ։ Մեր ցանկութիւնները, երազանքները, բառերը, որոնք կ՚օգտագործենք եւ գաղափարները, որոնք կ՚արտադրենք… Այս բոլորը իրականութեան մէջ կը բխին մեր ընկերային միջավայրէն: Նոյնիսկ մեր անունն ու «ես»ը այլ մարդոց հետ մեր շփումներու արդիւնք են. անոնց եսը նոյնպէս կու գայ իրենց սեփական ընկերային միջավայրէն:

Ըստ կարգ մը փիլիսոփաներու, անհատը չունի ազատ կամք: Թէեւ մենք գիտակից էակներ ենք, սակայն մեր նպատակներն ու գաղափարները կը ձեւաւորուին մեր ընկերային միջավայրով: Նոյնիսկ հիւլէն այլեւս անբաժանելի չէ։ Ան ունի փոփոխական բնոյթ եւ անոր գոյութիւնը կախեալ է իր մաս կազմած միջավայրէն։

Ժամանակաշրջանի մը համար արդիւնաբերական հասարակութեան ստեղծած պայմաններու ներքեւ «անհատ»ի գաղափարը փայլուն լուծում էր։ Բայց այսօր այդպէս չէ, որովհետեւ ընկերային խնդիրները կը դառնան աւելի խոր ու բարդ, «անհատ»ի գաղափարը խնդիրները անլուծելի կամ անտեսանելի կը դարձնէ: «Անհատ»ի գաղափարը այլեւս չի կրնար իրականացնել իր գործառոյթը՝ որպէս հասարակութեան ինքնակազմակերպումը ապահովող արդիւնաւէտ տարր։ Ան այլեւս չի կրնար լուծել ընկերային խնդիրները, որովհետեւ անոնք կը բխին ոգիի խորքերէն եւ ոգի-աշխարհ փոխազդեցութենէն: Որպէս անհատներ՝ շատ դժուար է հասնիլ այս խորքերուն։

Արդիւնքին ոգիի խորքային շերտերը կը միահիւսուին հասարակութեան հաւաքական կառուցուածքի հետ։ Այժմ ամէն ինչ աւելի շատ կախուած է շրջակայ միջավայրէն՝ ոչ թէ անհատական ​​ընտրութիւններէ: Սակայն մենք չենք կրնար հասարակութիւնը սահմանել՝ որպէս «հաւաքական հիմքեր»։ Որովհետեւ նման սահմանում մեզ կը կուրացնէ այն իրականութենէն, թէ «հաւաքական հիմքեր»ը կազմուած են նաեւ մեր հոգեբանական գործընթացներէն:

Մարդը միայն որպէս «անհատ» ըմբռնելը՝ տիեզերքի մը մէջ, ուր ամէն ինչ ակնյայտօրէն փոխկապակցուած է եւ կը զարգանայ, ո՛չ միայն վատ ընկերային փիլիսոփայութեան թեզ մըն է, այլեւ աններելի վիրաւորանք՝ մարդկային ոգիին ու կամքին: Մենք շատ աւելին ենք՝ քան միայն անհատ ըլլալը…

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Յունիս 19, 2023