ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հարցում. Ինչպէ՞ս պէտք է ղեկավարեն թագաւորները:
Պատասխան. Առակաց 16-րդ գլուխին 10-րդ համարին մէջ կը կարդանք. «Թագաւորի շրթունքներուն մարգարէական պատգամ կայ, եւ անոր բերանը դատաստանի ժամանակ չի՛ սխալիր»: Այս մէկը անուղղակի պատգամ մըն է բոլոր ժամանակներու իշխողներուն, թագաւորներուն, որպէսզի միշտ զգաստ վիճակի մէջ ըլլան, գիտակցութիւնը ունենան որ իրենց տրուած իշխանութիւնը նպատակ մը ունի՝ գերագոյն նպատակ մը, որն է իրենց վստահուած ժողովուրդները արդարութեամբ կառավարել, ղեկավարել եւ առաջնորդել դէպի Աստուած: Առ այդ, իշխանաւորները նախ եւ առաջ պէտք է ժողովուրդի մասին մտածեն, ժողովուրդին բարօրութիւնը ըլլայ իրենց համար առաջնայինը, այլ խօսքով՝ իրենց բոլոր քայլերուն եւ առած որոշումներուն հիմքն ու նպատակակէտը պէտք է իրենց ղեկավարած ժողովուրդները ըլլան: Աւելին, թագաւորները, իշխանաւորները պէտք զգոյշ ըլլան իրենց բերանէն ելած բառերուն ու խօսքերուն, եւ անոնց տէր կանգնին, որպէսզի կարենան արդարութեամբ առաջնորդեն իրենց վստահուած ժողովուրդները:
Հ. Ինչո՞վ կը հաստատուի թագաւորի մը աթոռը:
Պ. Առակաց 16.12-ին մէջ կարդանք. «Ով որ չարութիւն կը գործէ՝ այդպիսին գարշելի է թագաւորին համար, որովհետեւ անոր իշխանութեան աթոռը արդարութեան շնորհիւ հաստատ կը մնայ»: Ղպտի Եկեղեցւոյ հայրերէն՝ Հայր Թատրոս Եաագուպ Մալթին այսպէս կը մեկնէ այս համարը. «Թագաւորը թող գիտնայ, թէ իր աթոռը ո՛չ իր զինուորական ու նիւթական կարողութեամբ, ո՛չ ալ ժողովրդականութեամբ կը հաստատուի, այլ՝ աստուածային արդարութեամբ: Ապա, որպէս թագաւոր պատշաճ է իրեն համար ո՛չ միայն չարութիւն չգործել -ինչ բանի համար ի զօրու է-, այլ՝ նոյնիսկ այդ մասին մտածելը պէտք է զազրելի նկատէ: Աւելին, պէտք է ատէ չարութիւնը թէ՛ իր ժողովուրդէն եկած եւ թէ՛ ինքն իրմէ եկած: Այսպիսով, թագաւորը Տէր Յիսուսի՝ Դաւիթի Որդիին, թագաւորներու Թագաւորին նման կ՚ըլլայ, Որու մասին ըսուեցաւ. “Ողորմութեամբ պիտի հստատուի աթոռը, ու անոր վրայ՝ Դաւիթի խորանին մէջ, Ան ճշմարտութեամբ պիտի նստի, իրաւունք պիտի պահանջէ ու արդարութիւն պիտի ընէ” (Ես 16.5)»:
Թագաւորի մը աթոռի հաստատութեան համար կարեւոր են նաեւ Առակագիրին նոյն գլուխին յաջորդող համարները, ուր կը կարդանք. «Արդար շրթունքները թագաւորին հաճելի են, որովհետեւ Տէրը ուղիղ խօսողը կը սիրէ: Թագաւորին բարկութիւնը մահուան դեսպաններու պէս է. բայց իմաստուն մարդը զանիկա կ՚իջեցնէ: Թագաւորին երեսին լոյսը կեանք է ու անոր հաճութիւնը վերջին անձրեւի ամպին պէս է» (Առ 16.13-15): Թագաւորները, իշխանաւորները պէտք չէ հաճոյք ստանան գովասանական խօսքերէն, զորս կը լսեն, մանաւանդ եթէ ատոնք զիրենք հաճեցնելու համար է որ կ՚ըսուին, անոնք իրենց գովասանութիւնը պէտք է երկինքէն՝ Աստուծմէ սպասեն: Ասոր կողքին, ո՛չ միայն իրենք պէտք է ճշմարտութիւնը խօսին, այլեւ օրինակ պէտք է հանդիսանան իրենց նմաններուն, որպէսզի անոնք եւս ճշմարտութիւնը խօսին, որովհետեւ Տէրը ուղիղ խօսքը, ուղիղ խօսողը կը սիրէ:
Արդարեւ, թագաւորի մը ենթակաները պէտք չէ մոռնան սակայն, որ ան եւս իրենց նման մարդ է, եւ երբեմն տկարութիւններ կրնայ ունենալ. ասոր կողքին, երբ թագաւորը արդարութեամբ կը ղեկավարէ, բայց իրեն ենթականերէն ոմանք անօրէնութեան մէջ կը յարատեւեն, ապա թագաւորը երբեմն խիստ պատիժներ կը գործադրէ անոնց դէմ, ինչպէս Առակագիրը կ՚ըսէ. թագաւորին բարկութիւնը մահուան դեսպաններու պէս է, այսինքն՝ ենթակաները պէտք է միշտ հնազանդին իրենց թագաւորներուն:
Որպէսզի սխալ չհասկցուի իշխանութիւններուն, թագաւորներուն հնազանդելու մասին մեր ըսածը, նկատի ունենալով, որ այսօրուան իշխանութիւններուն մեծամասնութիւնը Աստուծոյ կամքը չէ՛ որ կը կատարեն, այլ՝ չարին, սատանային, եւ որպէսզի մարդիկ չվարանին իշխանութիւններուն հնազանդելու մասին մեր գրածով, կը մէջբերենք Պօղոս առաքեալին այս մասին ըսածը, որ յստակ կերպով կը բացայայտէ մեզի, որ այդ հնազանդութիւնը առաւելաբար վերապահուած է այն իշխանաւորներուն, թագաւորներուն, որոնք ժողովուրդը Աստուծոյ կամքին մէջ կը պահեն, Աստուծոյ կամքին համաձայն կ՚առաջնորդեն իրենց ժողովուրդները, ո՛չ թէ հակառակը, ինչ բանի պարագային հնազանդութիւնը կը դառնայ ինքնասպանութիւն: Առաքեալը կը գրէ. «Ամէն մարդ պէտք է հնազանդի պետական իշխանութեանց, որովհետեւ առանց Աստուծոյ թոյլտուութեան իշխանութիւն չի կրնար ըլլալ, եւ գոյութիւն ունեցող իշխանութիւնները Աստուծմէ կարգուած են: Ուստի, ով որ իշխանութեանց կը հակառակի՝ Աստուծոյ հրամանին է որ հակառակած կ՚ըլլայ, եւ հակառակողները իրենք զիրենք դատապարտութեան տակ կը դնեն: Իշխողները վախ չեն պատճառեր բարիք գործողներուն, այլ միայն չարագործներուն: Դուն կ՚ուզե՞ս իշխանութենէն չվախնալ: Բարի՛ք գործէ, եւ անկէ գովասանք կը լսես. որովհետեւ Աստուծոյ պաշտօնեան է անիկա, քու բարիքիդ համար կարգուած: Իսկ եթէ չար գործես՝ վախցի՛ր անկէ, որովհետեւ զուր տեղը չէ որ սուր կը կրէ. որպէս Աստուծոյ պաշտօնեայ՝ բարկութեամբ կը դատէ եւ կը պատժէ չարագործները։ Ահա թէ ինչու՝ պէտք է իշխանութեանց հնազանդիլ. ո՛չ միայն պատիժէն զերծ մնալու, այլ մանաւանդ խիղճով հանգիստ ըլլալու համար: Ատոր համար է նաեւ, որ իշխանութեանց տուրք կը վճարէք, որպէսզի իբրեւ Աստուծոյ պաշտօնեաներ՝ շարունակեն իրենց այդ դերը կատարել: Հետեւաբար անոնցմէ իւրաքանչիւրին հանդէպ ձեր պարտաւորութիւնը կատարեցէք, տուրքը տալով անոր՝ որուն տուրք պէտք է տաք, մաքսը տալով անոր՝ որուն մաքս պէտք է տաք, հնազանդելով անոր՝ որուն հնազանդութիւն կը պարտիք եւ յարգելով ան՝ որուն յարգանք կը պարտիք» (Հռ 13.1-7): Պետրոս Շանշեանց իր «Ուսումն պարտուց» գիրքին մէջ այսպէս կը գրէ այս մասին. «Կառավարիչները եւ դատաւորները պարտաւոր են կրօնքը պաշտպանել եւ հսկել ժողովուրդի բարի վարքին ու բարքին, ջանալ՝ ինչքան հնարաւոր է, Աստուծոյ Արքայութիւնը յառաջացնել, ժողովուրդը արդարութեամբ եւ քաղցրութեամբ կառավարել, իրենց անձը օրինակ տալ եւ ընծայել այս մեծ պարտքի կատարումին, միշտ յիշելով, որ իրենց պարտաւորութիւնը մեծ յանձառութիւն մըն է, այսինքն՝ մեծ բեռ, որ պարտին սիրով տանիլ եւ իրենց տրուած այս բարձր կոչումը, ո՛չ թէ իրենց սեփականութեան համար, այլ՝ ընդհանուրի օգուտին համար: Անոնք Աստուծոյ կողմէ ժողովուրդին բարութեան համար [նշանակուած] այն կառավարիչներն են, որոնք Աստուծոյ առջեւ պատասխանատու են այս մեծ պաշտօնի կատարումին համար. «որովհետեւ Աստուծոյ պաշտօնեան է անիկա, քու բարիքիդ համար կարգուած» (Հռ 13.4)»:
Սակայն որպէսզի թագաւորները, իշխանաւորներն ու կառավարիչները կարենան իրենց աշխատանքը լաւ կատարեն, ապա ժողովուրդը եւս պէտք է ո՛չ միայն հնազանդի անոնց, այլ՝ աւելի կարեւոր ու առաջնայինը պէտք է ԱՂՕԹԷ անոնց համար, ինչպէս կը թելադրէ Պօղոս առաքեալը, ըսելով. «Արդ, ամէն բանէ առաջ կը խնդրեմ որ աղօթէք, խնդրանք, պաղատանք եւ գոհութիւն մատուցանէք բոլոր մարդոց համար, մանաւանդ թագաւորներուն եւ իշխանութեան գլուխ գտնուող բոլոր մարդոց համար, որպէսզի խաղաղ ու հանդարտ կեանք մը վարենք՝ կատարեալ աստուածպաշտութեամբ եւ պարկեշտութեամբ. որովհետեւ ա՛յդ է բարին եւ այդ կը փափաքի Աստուած, մեր Փրկիչը» (Ա. Տմ 2.1-3): Մեզմէ իւրաքանչիւրը արդարեւ պէտք է գիտակցի, որ Աստուածավախ ու Աստուծոյ կամքով առաջնորդուող իշխանութիւններուն, թագաւորներուն համար աղօթելը բարի է, եւ ո՛չ միայն բարի, այլեւ՝ ա՛յդ է որ Աստուած կը փափաքի: Յակտապէս Աստուածավախ ու Աստուծոյ կամքով առաջնորդուղ իշխանութիւններուն ու թագաւորներուն աղօթելու կողքին, նաեւ պէտք է աղօթել բոլոր ղեկավարներուն, իշխանութիւններուն ու թագաւորներուն համար, որպէսզի Աստուծոյ դառնան եւ Աստուածավախութեամբ առաջնորդեն իրենց վստահուած ժողովուրդները:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 47
Վաղարշապատ