ՀՐԱՏԱՊ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐ

Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքը այս շրջանին նորովի թափ կու տայ յառաջատար թեքնաբանութեան եւ հայերէն լեզուին։ Ներկայիս հիմնարկը որոշած է նոր որակով մը համագործակցիլ Հայաստանէն եւ սփիւռքէն բազմաթիւ մասնագէտներու հետ՝ աջակցելու համար լեզուի եւ թեքնաբանութեան ոլորտներուն մէջ անհրաժեշտ նախաձեռնութիւններու իրականացման: Անոնց շարքին են՝ հայերէնի համընդհանուր ուղղագրիչները, հայերէնի բառակազմութիւնը վերլուծող կայքէջերն ու տուեալներու շտեմարանները, համապատասխան յաւելուածները, հայերէնի քերականութիւնը վերլուծող հարթակները, թուայնացուած հրատարակութիւններն ու հայերէնով որոնելի առցանց գրաւոր նիւթերը: Հաշուի առնելով հայերէնի գործածութիւնը բարելաւելու իր որդեգրած առաջնահերթութիւնը՝ հիմնարկը այս բաց եւ հասանելի թուային աղբիւրներն ու գործիքները դրած է ամենօրեայ ընթերցողներու, հետազօտողներու, լեզուն սորվողներու եւ զայն գործածողներու տրամադրութեան տակ:

Լեզու-թեքնաբանութիւն ոլորտին մշտական եւ արագ զարգացումները նկատի առնելով եւ համաձայն հիմնարկի նոր հնգամեայ ծրագրին՝ Հայկական համայնքներու բաժանմունքը եւ ԹՈՒՄՕ ստեղծարար թեքնոլոժիներու կեդրոնը կազմակերպեցին աշխատանքային հանդիպում մը՝ հայերէնի վերաբերեալ թեքնաբանական աշխատանքները ծրագրելու համար։ Հանդիպման ներկայ եղան աշխարհի զանազան երկիրներէ աւելի քան քսան մասնագէտներ, որոնք 30 եւ 31 մայիսին հանդիպեցան ԹՈՒՄՕ-ի Երեւանի կեդրոնին մէջ, ուր տեղի ունեցաւ աշխատաժողով մը:

Հանդիպման նպատակն էր ախտորոշել ներկայ պահանջները եւ ստեղծել անհրաժեշտ գործիքները՝ լեզուի կիրարկութիւնը աւելի ընդլայնելու եւ անոր կենսունակութիւնը ապահովելու համար։ Քայլ պահելով թեքնաբանական յառաջընթացին հետ, հանդիպումը կը միտէր ուսումնասիրելու ոլորտին ամենահեռանկարային գաղափարներն ու նախաձեռնութիւնները եւ քննարկելու առկայ առանցքային հարցերը. օրինակ՝ որո՞նք են անհրաժեշտ գործիքները հայերէնը թեքնաբանութեան առաջնագիծ բերելու համար, ի՞նչ հնարաւորութիւններ եւ սպառնալիքներ կրնան յառաջանալ արհեստական բանականութեան վերջին զարգացումներուն լոյսին տակ, ինչպէ՞ս կարելի է ապահովել հայերէնի իմացութիւնը արհեստական բանականութեան զանազան գործիքներուն մէջ:

Այս աշխատանքային հանդիպումով յստակացան որոշ կիրառելի քայլեր՝ ներառեալ թուային տուեալներու մեծ ու կեդրոնացեալ շտեմարաններու գոյացումը, բաց եւ հասանելի քոտերով, նաեւ քերականական գործիքներու, առցանց թարգմանիչներու, խօսքէն-գրութիւն եւ գրութենէ-խօսքի վերածող գործիքներու ստեղծումը։ Բաց աստի, որոշուած է խորհրդատուական մարմնի մը ձեւաւորումը, որ փորձագիտական խորհրդատուութիւն պիտի տրամադրէ նշեալ նախաձեռնութիւններուն համար:

Այս վերջին հանդիպումը խարսխուած էր արդիւնքներուն վրայ՝ 2015 թուականի այն աշխատաժողովին, որ կազմակերպուած էր «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկին եւ ԹՈՒՄՕ-ի համատեղ նախաձեռնութեամբ։ Հիմնարկը հայերէնի վերաբերեալ լեզու-թեքնաբանութիւն ոլորտի իր ապագայ ծրագրաւորումը մեծ մասամբ կազմած էր հիմնուելով 2015-ի այդ հաւաքին վրայ: Իսկ այս վերջին հանդիպումը նոյնպէս հիմք պիտի հանդիսանայ սոյն ոլորտին մէջ հիմնարկի գործունէութեան ծրագրաւորումին՝ վերջերս սկիզբ առած բաժանմունքին 2023-2027 հնգամեայ ծրագրին ծիրէն ներս:

«Կիւլպէնկեան» հիմնարկը յաւելեալ տեղեկութիւններ հրապարակած է իր պաշտօնական կայքէջին եւ ընկերային ցանցերու հաշիւներուն վրայ։

Երեքշաբթի, Յունիս 20, 2023