Կիրակի 24, Նոյեմբեր 2024
ՈՍԿԵՐԻՉՆԵՐՈՒ ՊԱԼԱՏԻ ՎԱՐԻՉՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Իսթանպուլի Ոսկերիչներու պալատի վարչութեան անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Մուսթաֆա Աթայըքի։ Ներկայ էին նաեւ Ուֆուք Կիւնէշ եւ մեր համայնքէն՝ Մինաս Ասլան եւ Կարպիս Կէտիկօղլու։
Քաղաքավարական այցելութեան ընթացքին այցելուները յայտնեցին, որ փափաքած են այցելել Նորին Ամենապատուութեան, որովհետեւ վարչութեան մէջ կան հայազգի անդամներ։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց այցելութեան համար եւ յիշեց Իսթանպուլի եւ ընդհանրապէս Թուրքիոյ ոսկերչութեան պատմութեան մէջ հայոց դերը։ Ան գնահատեց ոսկերչութեան արհեստն ու սոյն ոլորտի նուիրեալները։ Նորին Ամենապատուութիւնը կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց վարչութեան անդամներուն՝ իրենց աշխատանքներուն համար։
Երեքշաբթի, Յունիս 20, 2023