ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ ԿԸ ՀԱՄԱՐԷ ՀԱՊԿ-Ի ՀԱՍՑԷԱԿԱՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳԸ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտնեց, որ երկրին դէմ Ատրպէյճանի գործողութիւնները հրամայական կը դարձնեն հասցէական արձագանգը Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) կողմէ։

Երէկ, Արարատ Միրզոյեան Մինսքի մէջ մասնակցեցաւ ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին, որու ընթացքին քննարկուեցան տարածաշրջանային եւ միջազգային զարգացումներու ազդեցութիւնը Անդրկովկասի մէջ։ Նախարարներու նեղ կազմով նիստին Միրզոյեան անդրադարձաւ Հարաւային Կովկասի վերջին իրադարձութիւններուն։ Իր խօսքով՝ ուժի կիրառումով հակամարտութիւններու սրացման եւ Հարաւային Կովկասի մէջ անկայուն վիճակի համայնապատկերին վրայ առաւել ակնյայտ կը դառնայ պայմանագրային պարտաւորութիւններու անքննելի կատարման, ՀԱՊԿ-ի կողմէ պատշաճ եզրակացութիւններու, Հայաստանի սահմաններու կոպիտ խախտումներուն վերաբերեալ յստակ գնահատականներու կարեւորութիւնը։

Մինսքի ժողովին ներկայ էր նաեւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով։ Ժողովներէն վերջ ան մամուլին յայտարարեց, որ Արեւմուտքը անկեղծ ցանկութիւն չունի՝ օգնելու համար Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան հաստատման գործընթացին։ Ան հերթական անգամ կրկնեց, որ Հայաստան-Ռուսաստան-Ատրպէյճան եռակողմանի համաձայնութիւններու հիման վրայ պէտք է ընթանայ կարգաւորման գործընթացը։

Մինսքի մէջ ժողովական նախարարները հիւրընկալուեցան նաեւ Սպիտակ Ռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի կողմէ։ Այս առթիւ ան հիմնաւոր համարեց Հայաստանի պահանջները ՀԱՊԿ-էն։

Իր կարգին, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովն ալ յայտնեց, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հեռանկարներ ստեղծուած են՝ հիմնուած տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ փոխադարձ յարգանքի վրայ։ Լոնտոնի մէջ Պայրամով մասնակցեցաւ Կասպեան քաղաքական կեդրոնին կողմէ կազմակերպուած «Caspian Connection» համաժողովին, որու ընթացքին նշեց, որ Պաքու վճռական է շարունակել զարգացումը, ինչ որ կը նպաստէ տարածաշրջանի համար աւելի ապահով եւ բարեկեցիկ ապագայի մը կերտման։

Չորեքշաբթի, Յունիս 21, 2023