ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Պեշթեփէի համալիրին մէջ հիւրընկալեց Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավարութեան վարչապետ Մեսրուր Պարզանին, որ շարք մը շփումներ ունեցաւ Անգարայի մէջ։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, տեսակցութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին։ Օրակարգի վրայ եկան Իրաքի եւ տարածաշրջանին ուղղեալ ահաբեկչական սպառնալիքները։
Բաց աստի, Էրտողան-Պարզանի տեսակցութեան ընթացքին շօշափուեցան ուժանիւթի բնագաւառին եւ տնտեսութեան վերաբերեալ նիւթեր։ Այս ամբողջին մէջ առանձնայատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձաւ՝ Հիւսիսային Իրաքի քարիւղը Թուրքիա տեղափոխելու համար ծրագրուած խողովակաշարը։ Կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան երկկողմանի յարաբերութիւններուն, տարածաշրջանային խնդիրներու եւ առեւտուրի ծաւալի բարձրացման շուրջ։