ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐԸ

Եկեղեցական եղած ժամանակ շատեր կը մօտենային եւ կը խօսէին իրենց ընտանեկան հարցերուն մասին. շատեր կ՚ուզէին ամուսնալուծուիլ, իսկ շատեր ամէն գնով իրենց ընտանիքը կանգուն պահել կը փորձէին, սակայն երկուքի պարագային ալ հասարակաց կէտը այն էր, որ ուրախ չէին:

Ցաւ ի սիրտ, մեր հայկական իրականութենէն ներս ընտանեկան խնդիրներու մեծամասնութիւնը հին համոզումներու եւ ինքնասիրութեան հետեւանք է. համոզում՝ որ ունի դարաւոր անցեալ մը եւ հակառակ ժամանակներու փոփոխութիւններուն համոզումները կը մնան անփոփոխ եւ կը շարունակեն ընտանիքներ դժբախտացնել այնպէս՝ ինչպէս անցեալին:

Հարցերն ու ամուսնալուծումը հետեւեալ խնդիրներէն ծնունդ կ՚առնեն:

Ա.- Անհանդուրժողութիւն.- Մենք մարդկայնօրէն ունինք այնպիսի թերութիւն մը, որ կ՚ուզենք մեր կատարած սխալները ներում ստանան, սակայն կը դժուարանանք դիմացինին նոյն սխալը ներել. կը բամբասենք, սակայն չենք ուզեր բամբասուիլ, կը ծաղրենք, սակայն չենք ուզեր ծաղրուիլ, կը նախատենք, սակայն չենք ուզեր նախատուիլ: Այս բոլորը անհանդուրժող տրամադրութիւն մը կը ստեղծէ մեզմէ իւրաքանչիւրին մէջ եւ դիմացինին ամենէն փոքր սխալն անգամ որպէս մեծ խնդիր կը յայտնուի մեր դիմաց: Նոյն այդ անհանդուրժողութիւնը կը տեսնենք մեր ամուսնացեալ երիտասարդներու ծնողներուն մօտ. փեսային կատարած փոքր մէկ սխալը կրնայ մեծ խնդիր դառնալ, սակայն իրենց սեփական աղջկան կատարած մեծ սխալները կարելի եղածին չափ փոքրացնել կը փորձեն. յաճախ այդ մէկը կ՚արդարացնենք մայրական կամ հայրական զգացումով, սակայն միեւնոյնն է, խնդիրը կը մնայ անփոփոխ. ուրիշին զաւակը իրաւունք չ՚ունենար սխալելու, սակայն անոնց հարազատ զաւակը սխալելու իրաւունքը ունի:

Նման անհանդուրժող միջավայրի մէջ ապրողներ կը փորձեն դիմացինին ամենէն պարզ խօսքին մէջ իսկ գտնել իմաստներ, յետին նպատակներ ու այդ բոլորը խնդիրի վերածել. կրնաք վստահ ըլլալ, որ վերոյիշեալ անհանդուրժողութեան հետեւանքով այսօր մեր հայկական իրականութենէն ներս շա՜տ են թիւով այն ընտանիքները, որոնք իրենց փեսային կամ հարսին ծնողքին չեն այցելեր:

Բ.- ԵՍ-ի պահանջ. Շատ մը երիտասարդներ կը դժուարանան գիտակցիլ, որ ամուսնութիւնը սեփական եսի շոյանք ու փառասիրութիւն չէ. պսակուիլ չի նշանակեր սեփական հանգիստը ապահովել: Մեր ընտանեկան անհամաձայնութիւններու մեծամասնութիւնը մանկական «իմ ըսածս» եւ «քու ըսածդ»ով կը պայմանաւորուի, որովհետեւ ամէ՛ն մարդ իր համոզումը կ՚ուզէ պարտադրել, կը դժուարանայ միւսին մտածումները լսել, որովհետեւ անոր մէջ տէր ու ծառայ ըլլալու երեւոյթ մը կը տեսնէ կարծես: Կինը կ՚ուզէ իր ըսածը պարտադրել, իսկ տղամարդը՝ իրը, մոռնալով որ ամուսնական կեանքը, մանաւանդ «սէր» ըսուած առեղծուածը այդ չէ որ կը պահանջէ: Իսկական սիրող մը իր կողակիցին կարծիքը աւելի բարձր կը պահէ՝ քան իրը, անոր իրականութեամբ կողակիցին սիրտը շահելու եւ զինք աւելի երջանիկ վիճակի մէջ տեսնելու համար, սակայն հոն ուր սեփական եսը կը ծնի, այդտեղ սկիզբ կ՚առնէ շուկայական կռիւ մը:

Այդ Ես-ին լոյսին տակ հարսը կը փորձէ փոխել փեսային սովորութիւնները, շարժուձեւերը, արարքներն ու մինչեւ համոզումները, իսկ շատ անգամ հակառակը տեղի կ՚ունենայ, որովհետեւ մեր երիտասարդները իրենց դիմացինը սիրելու փոխարէն կը սիրեն իրենց երեւակայութեան մէջ գոյութիւն ունեցող տեսիլքը եւ անոր լոյսին տակ նոր մարդ մը ստեղծել կը փորձեն: Այս բոլորը Եսին ծնունդն են, որովհետեւ նման անձի մը կերտումը այդ եսին է որ բաւարարութիւն պիտի տայ:

Գ.- Բամբասանք.- Ծնողական զգացումով ամէն մարդ իր զաւակը անթերի կը տեսնէ եւ կամ կ՚ուզէ տեսնել, սակայն պէտք է գիտակցինք, որ մեր կամքին հակառակ մեր զաւակները եւս մարդ են եւ հետեւաբար ենթակայ սխալելու: Ականատես ու ականջալուր եղած եմ բազմաթիւ ընտանեկան խնդիրներու. այդտեղ գոյութիւն ունի պաշտպանական մը, որ անիմաստ է. փոքր կռիւ մը կը վերածուի մեծ խնդիրի, երբ կողմերը իրենց հիմնական խնդիրը մոռցած հին տետրակներու կը դիմեն եւ զիրար «սիրող» զոյգեր յանկարծ ի՜նչ ինչ չլսուած զրպարտութիւններ կը ծնին:

Պէտք է յստակ ըլլայ, որ սիրող մարդը իր մէջ ուրիշին սխալներուն տետրակները չի կազմեր՝ յարմար առիթին դուրս տալու համար այդ բոլորը: Այդ սիրոյ եւ զոհողութեան գիտակցութիւնն է, որ կը պակսի մեր մէջ:

Այս բոլորը գրելը ամօթ կը նկատենք, որովհետեւ իրականութեան մէջ ճղճիմ ու անիմաստ մանկական երեւոյթներ են, սակայն բոյն դրած են մեր ընտանիքներէն ներս. գուցէ այս վայրկեանին իսկ երբ դուն այս յօդուածը կը կարդաս քանի՜ քանի հայ ընտանիքներու մէջ անիմաստ ըսի-ըսաւ մը ծիլ կու տայ:

Այս բոլորին լոյսին տակ կարեւոր կը նկատենք կրթութիւնը նաեւ սիրոյ եւ Ս. Պսակի։ Դպրոցական գրասեղաններէն պէտք է երիտասարդներ հասկնան այդ բոլորին իսկական նպատակն ու արժէքը, որովհետեւ ըսի-ըսաւի մէջ հասակ առնող երիտասարդ մը անպայմանօրէն ապագային ըսի-ըսաւ պիտի ստեղծէ իր ընտանիքին ու իր շրջապատին մէջ. այդ ընտանեկան կռիւները մանուկներու հոգեբանութեան կողքին կը քանդեն նաեւ ապագան, որովհետեւ մանուկ մը հայելին է իր ընտանիքին եւ նման մթնոլորտի մը մէջ ապրող մանուկէ մը ապագային առողջ ընտանիք սպասելը դժուար է:

Քրիստոսի խօսքը այսօր կը վերաբերի մեր ընտանեկան կեանքին, մեր ծնողներուն եւ նորապսակ հարս ու փեսաներուն. ձեզմէ ո՛վ որ անմեղ է թող առաջին քարը ի՛նք նետէ. գուցէ այն ժամանակ լուծում գտնեն մեր ընտանեկան ճղճիմ խնդիրները:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -274-

Առիթով մը կին մը մօտեցաւ եւ որպէս եկեղեցական ուզեց ինձմէ կարծիք խնդրել. Ամուսնալուծութեան համար դիմում պիտի պատրաստէր ղրկելու համար Առաջնորդարան, սակայն կ՚ուզէր հետեւեալը գիտնալ. «Ի՞նչ գրեմ դիմումին մէջ որ աւելի համոզիչ ու տրամաբանական ըլլայ եւ դատարանը ինծի իրաւունքով ճանչնայ»: Երիտասարդուհին պատրաստ էր հազար ու մէկ սուտ դուրս տալ՝ պարզապէս իրաւունքով դուրս գալու համար, որովհետեւ այդտեղ իրեն համար խնդիրը իր ամուսնական կեանքի քանդուիլը չէր, այլ դիմացինին յաղթելը՝ որ երէկ սիրեկան, սակայն այսօր թշնամի ըլլայ կարծես:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Յունիս 21, 2023