ԿԵԱՆՔԻ ԻՆՉՈՒԹԻՒՆԸ
Դարերու ընթացքին մարդ արարածը անհաշուելի կարծիքներ յայտնած է կեանքի ինչութեան մասին եւ կը շարունակէ յայտնել, որովհետեւ կեանքը որպէս առեղծուած երբեւէ կարելի չէ եղած ամբողջութեամբ բացատրել ու հասկնալ եւ գուցէ երբեք ալ կարելի պիտի չըլլայ: Այս անյաջողութեան գաղտնիքը այն է, որ կեանքի ինչ ըլլալը յարաբերական է. մէկու մը համար կեանքը պայծառ է, սակայն ժամանակ առ ժամանակ երկինքը կ՚ամպոտի, սակայն ուրիշներու համար հակառակն է. կեանքը մի՛շտ ալ ամպոտ ու մռայլ է, սակայն ժամանակ առ ժամանակ պայծառ ու ժամանակաւոր արեւ մը կը ծագի:
Այս իրողութիւնը բնաւորութեան կամ ի ծնէ մարդուն մէջ հաստատուած համոզումի մը վրայ հաստատուած չէ, այլ մարդ արարած այս կեանքի փորձով է, որ այդ համոզումին տէր կը դառնայ. մարդուն ապրումները, յոյզերը, շրջապատն ու առօրեան ծնունդ կու տան այդ համոզումին, այդ իսկ պատճառով կեանքի ինչութիւնը յարաբերական ըլլալով կարելի չէ ընդհանուր ինչութեան եզր մը գծել:
Կեանքի ինչութիւնը առեղծուած մըն է, որովհետեւ քսան տարեկանին տարբեր եւ վաթսուն տարեկանին տարբեր «ինչ» մըն է կեանքը բոլորիս համար. յաճախ կը կարծենք, թէ կեանքի ինչութիւնը պէտք է տարեցներէն գիտնալ ու հասկնալ. 1971 թուականին լիբանանահայ երիտասարդ մը Պէյրութի մէջ հրատարակուած «Հայ Երիտասարդ» հանդէսին մէջ կը գրէ. «Որքա՜ն տեղին կը գտնեմ Աբու Լալա Մահարիի այն հաստատումը թէ՝ ծնողքները կը մեղանչեն իրենց զաւակներուն հանդէպ, երբ զիրենք կը յղանան: Բնութիւնը կ՚ընթանայ ի վնաս մարդուն: Այսպէս՝ աշխարհ եկած իր կամքէն անկախ, մարդը կը տանջուի անդադար: Ուրախութեան սակաւաթիւ պահեր գոյութիւն ունին անշուշտ, սակայն անոնք ծանր չեն կշռեր նժարին մէջ: Մարդու գոյութիւնը անիմաստ է. ուստի անձնասպանութիւնը միակ լուծումն է». պէտք է նկատի ունենալ, որ նման հոգեվիճակ մը ունի թէ՛ իր հոգեկան եւ թէ արտաքին պատճառները. պէտք չէ մոռնալ որ այդ ժամանակաշրջանին Լիբանան կը գտնուէր ներքին պատերազմական վիճակի մը մէջ. բազմաթիւ երիտասարդներ կը մահանային եւ այդ քաոսային իրավիճակը անպայմանօրէն իր ազդեցութիւնը պիտի ունենար երիտասարդութեան վրայ. սակայն կեանքին նման առեղծուած է նաեւ մարդը. այսօր նոյն դժուարութիւններուն դէմ յանդիման գտնուող երկու անձեր, նոյն խնդիրին վերաբերեալ կրնան երկու տարբեր դիրքորոշում ունենալ. մին կրնայ մահը ցանկալ, իսկ ուրիշ մը լռութեամբ այդ ցաւը տանիլ. այս մէկը սակայն մարդու կամքէն անկախ, իր էութեան հետ աղերս ունեցող երեւոյթ մըն է:
Անցեալին ապրող մարդկութիւնը կը կարծէր, թէ դժբախտութիւնները պատիժներ են տրուած չաստուածներու կողմէ, սակայն մերօրեայ մարդը կը գիտակցի, թէ մեզ դժբախտացնողը ո՛չ թէ չաստուածներն են, այլ մենք ենք մեզ դժբախտացնողները. այսօր չաստուածներու փոխարէն մարդն է մարդուն հարուածողը եւ այդ հարուածները թիւով շատ են այսօր մեր կեանքին մէջ, ինչ որ մենք զանոնք մարդկային կը կոչենք:
Կեանքի մէջ դժուարութիւնը մի՛շտ ալ գոյութիւն ունեցած է, ունի եւ պիտի ունենայ. այնքան ժամանակ որ գոյութիւն ունի երկիր մոլորակը, նոյնքան ժամանակ գոյութիւն պիտի ունենայ նաեւ անարդարութիւնը. այս բոլորը միշտ ալ եղած են, տարբերութիւնը եղած է սակայն ըմբռնելու ձեւը:
Ու այժմ խօսինք այն ձեւին մասին՝ որուն համոզումը ունիմ ես.- բոլոր իրողութիւնները որ կ՚ապրինք, այս աշխարհի մէջ ունին ժամանակաւոր հանգամանք մը. ցաւը, վիշտը, անարդարութիւնը եւ գրեթէ բոլո՛ր տեսակի դժուարութիւններ նոյնիսկ ցմահ ազդեցութիւն ունենան, վերջապէս ունին վախճան մը՝ որ կը կոչուի մահ. բոլոր այն վիշտերն ու ցաւերը որ կը զգանք, յատուկ են միայն աշխարհին եւ պիտի մնան աշխարհի մէջ, հետեւաբար ժամանակաւորին համար ցաւիլը տրամաբանական չի թուիր մեզի:
Մարդկայնօրէն պիտի նեղուինք, ջղայնանանք, ըմբոստանանք, լանք ու ցաւինք. նոյն բաները չապրեցա՞ւ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս. սակայն բոլորը անցողիկ են:
Միւս անգամ երբ գերեզմանոց երթաք, դուք ձեզի հարց տուէք, թէ այդտեղ քանի՞ հոգի կը ննջէ. վստահ եղէք, անոնց մէջ եղած են այնպիսի մարդիկ, որոնք մեր ունեցած ցաւերէն ու վիշտերէն շա՜տ շատ աւելի ծանրերն ու աներեւակայելին ապրած են, սակայն այսօր այդտեղ կը ննջեն. ժամանակը մարդուն մոռցնել կու տայ ամէ՛ն ցաւ, մոռցնել կու տայ նաեւ անձը. այսօր մենք կը յիշենք մեր մեծ մայրերն ու մեծ հայրերը, սակայն անոնց մեծ հայրերուն կամ մեծ մայրերուն ով ըլլալը մոռցած ենք արդէն. օր մը մեր ցաւերուն ու վիշտերուն նման պիտի մոռցուինք նաեւ մենք, որովհետեւ այս է կեանքին ընթացքը:
Եթէ իրապէս կ՚ուզենք կեանքին ինչ ըլլալ գիտնալ, հետեւեալը արձանագրենք. կեանքը մարտահրաւէր է՝ դժուարութիւններով հանդերձ կարենալ ապրելու եւ հասնելու վերջին հանգրուան։ Այնպէս ինչպէս ամէն խաղ ունի իր դժուարութիւնները, նոյնպէս ալ կեանքը. խաղացողին պարտաւորութիւնն է այդ բոլոր դժուարութիւնները յաղթահարել եւ հասնիլ աւարտին: Խաղերու պարագային պարտուած դուրս գալէ ետք երկրորդ կամ երրորդ անգամ «ծնելու» առիթը կ՚ունենայ մարդ, սակայն կեանքի մէջ այդ առիթը գոյութիւն չունի. հետեւաբար ամէն մարդ պարտաւոր է այդ խաղի կանոնները լաւ հասկնալ եւ անպայմանօրէն յաղթական դուրս գալ խաղէն, այլապէս վախճանը թշուառ պատկեր մը կ՚ունենայ:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -275-
Մի քանի տարիներ առաջ լուսահոգի Մեղրիկ Սրբազանին հետ որոշեցինք մանկական բանակում մը կազմակերպել. աւելի քան երկու հարիւր պատանիներ պիտի գային մասնակից դառնալու բանակումին: Նախապատրաստական աշխատանքը կատարողը երիտասարդուհի մը ու ես էի. միասին պիտի երթայինք հայերու մօտ եւ մեր բանակումի իրագործման համար անհրաժեշտ պէտքերը հոգայինք:
Այդ պատրաստութիւններու ընթացքին նկատեցի, որ ո՛չ թէ օտարները, այլ նոյնիսկ այլ կրօնքի հետեւող այլազգի մարդիկ աւելի խանդավառ են օգնելու, քան հայերը: Բազմաթիւ հայ վաճառականներ ու հարուստ անհատներ մերժեցին մեր խնդրանքները, սակայն անոնց դիմաց գտնուեցան մահմետական արաբներ, որոնք գրկաբաց յանձն առին հոգալ բանակումի պէտքերը. թէ ինչո՞ւ համար պատկերը այդպէս էր... պատասխանը թող ընթերցողը մտածէ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024