ՃԱԿԱՏԱԳՐԱՅԻՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐ

Պատրիարքարանի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ շատ կարեւոր համայնքային խորհրդակցութիւն մը, որու ընթացքին ճակատագրական խնդիրներ քննարկուեցան։ Աւելի քան երեքուկէս ժամ տեւեց այս խորհրդակցութիւնը, որուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի առկայ առաջնահերթութիւններուն շուրջ կատարուած մեծ մտքի վարժանք մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան կողքին էին Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, լուսարարապետ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան եւ Կաթողիկէ Հայոց Արքեպիսկոպոսարանէն Հայր Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան, Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, Իսթանպուլի երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլու եւ բազմաթիւ համայնքային վարիչներ։ Գումգաբուի մէջ ժամադրուած էին՝ վարժարան հովանաւորող մեր մատակարար մարմիններու ատենապետները կամ բարձրաստիճան ներկայացուցիչները։ Քննարկումները առհասարակ ծաւալուեցան պոլսահայ կրթական կեանքին շուրջ։ Կրթական համակարգի խնդիրները քննարկուեցան բազմակողմանիօրէն։ Համայնքային վարիչները խորհրդակցութիւն ունեցան թէ՛ մասնագիտական բնոյթով եւ թէ ելմտակազմակերպչական նիւթերու շուրջ։ Ընդհանուր առմամբ անոնք ուշադրութիւն կեդրոնացուցին երեք առանցքի վրայ։ Առաջինն էր՝ կրօնի եւ լեզուի դասաւանդութեան արդիւնաւէտութիւնը։ Երկրորդը՝ պոլսահայ վարժարաններու միութիւն մը ստեղծելու ծրագիրը եւ երրորդը՝ վարժարաններու շէնքերու երկրաշարժի դէմ դիմադրունակութեան հարցը։

Ուրբաթ, Յունիս 23, 2023