ՅԻՍՈՒՍԸ ՈՐՊԷՍ ԱՌԱՍՊԵԼ (Ա.)

Երբեւէ մտածա՞ծ էք, թէ Յիսուս Քրիստոսի մասին մեզի հասած պատմութիւնները կրնան սուտ եւ մարդու երեւակայութեան ծնունդ եղած ըլլալ. եթէ այո, ապա կրնաք վստահ ըլլալ որ առանձին չէք, որովհետեւ դարեր շարունակ հաւատացողներուն կողքին մի՛շտ ալ գոյութիւն ունեցած են չհաւատացողները, որոնք տարբեր փաստերով ու մանաւանդ գիտութիւնը որպէս վահան ունենալով փորձած են փաստել այդ ստախօսութիւնները:

Օտար գրականութեան մէջ թիւով շատ են այդ ստախօսութիւնը փաստել փորձողները, սակայն պէտք է գիտնանք, որ մեր՝ հայերուս մէջ ալ գոյութիւն ունեցած են մարդիկ, որոնք ամէն գնով փորձած են փաստել Յիսուս Քրիստոսի երեւակայածին ըլլալը եւ մինչեւ իսկ մամուլի ճամբով փորձած են հանրութեան ներկայացնել այդ սուտերու շարքերը:

Թէեւ պատմութիւնը մոռցած է յիշել, սակայն անոնցմէ ամենէն յայտնիներէն մին եղած է Մ. Մ. Մանկասարեանը, որ Յիսուս Քրիստոսի պատմութիւնները առասպել նկատելով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ նախքան 1915 թուականը հիմնած է ընկերութիւն մը՝ «Կրօնական անկախ ընկերութիւն» (Independent Religious Society) անունով: Մանկասարեան ամէ՛ն կիրակի մեծ սրահի մը մէջ խօսած է ընկերային, գիտական եւ կրօնական նիւթերու շուրջ, որուն ներկայ գտնուած են բազմաթիւ ամերիկացիներ, ինչու չէ նաեւ հայեր:

Պէտք է նկատի ունենալ, որ Մանկասարեան միայն չհաւատացող մը չէր, այլ ուսումնասիրող մը. ան ամէ՛ն ձեւով կը փորձէր իր համոզումները հաստատել պատմական փաստերու եւ կամ գիտական ճշմարտութիւններու ճամբով. շատ շատեր կրնան ըսել չենք հաւատար, սակայն ամէն մարդ չէ՛ որ Մանկասարեանի նման պատրաստուած կը խօսէր, այդ իսկ պատճառով Մանկասարեանին պատասխանելու համար լուրջ ու լայնախոհ մարդոց կարիքը կար, որուն համար Մանկասարեան նամակով մը կը դիմէ օրուան հոգեւորականութեան:

Մանկասարեան իր յարգալիր նամակին մէջ կը գրէ. «Պատուարժան հարք, Դուք կը փափաքիք անշուշտ որ ժողովուրդը մտիկ ընէ ձեր պատգամները. դուք վստահ էք ձեր քարոզի ճշմարտութեան եւ այդ հաւաստիքով կը պահանջէք որ ուրիշները կամ ընդունին ձեր ըսածները կա՛մ պատասխանեն անոնց: Ես ալ միեւնոյն դիրքին մէջ կը գտնուիմ. կը կարծեմ թէ կենսական ճշմարտութիւն մը ունիմ եւ կը ներկայացնեմ զայն ձեզ, յուսալով թէ պիտի պատասխանէք, եթէ չէք ընդունիր եւ կամ պիտի ընդունիք, եթէ չէք կրնար պատասխանել»:

Այս նամակին լոյսին տակ Մ. Մանկասարեան կը հրատարակէ անգլերէն լեզուով գրուած երկարաշունչ գրութիւն մը՝ «Յիսուսի պատմութիւնը կրօնական թատրոն մը» խորագրով, որ ժամանակ մը ետք հայերէնի թարգմանուելով լոյս կը տեսնէ նաեւ հայկական մամուլին մէջ:

Յօդուածին առաջին մասին մէջ կը գտնենք ինքնագովութիւն մը. Մանկասարեան կը խօսի իր անվախութեան եւ քաջութեան մասին, որովհետեւ նման նուրբ խնդիրներ իր կարծիքով բոլորը չեն որ կրնան հրապարակ հանել. «եթէ հազար տարի առաջ ապրած ըլլայի, թերեւս վախնայի» կ՚ըսէ «քաջ» գրողը եւ «ճշմարտութիւնը չի՛ վախնար քննադատութենէն» ըսելով սկիզբ կու տայ իր հակաքրիստոնէական քարոզութեան:

Սկսելով խօսիլ մարդկային մտածողութեան մասին կը փորձէ փիլիսոփայական դարձուածքներով բացատրել երեւակայութեան եւ տրամաբանութեան տարբերութիւնը եւ զանոնք զանազանելու համար անհրաժեշտ կը նկատէ խորհրդածութիւնը:

Հին ժամանակաշրջանին ապրող մարդը Մանկասարեան կը նկատէ «մանուկ» եւ այդ իսկ պատճառով ամէն բան մանկական երեւակայութեան մը ծնունդ որպէս կ՚ուզէ դիտել եւ կը հաւատայ, թէ աշխարհի բոլոր կրօնները ծնունդ առած են այն ժամանակաշրջանին՝ երբ տակաւին մարդկութիւնը մանուկ էր. մանուկ՝ իր գիտութեամբ, տրամաբանելու եւ քննելու կարողութեամբ:

Ան կրօնքը կը դիտէ որպէս մանուկներու, իսկ գիտութիւնը չափահաս մարդոց ծնունդ:

Մանկասարեան քրիստոնեայ ժողովուրդին Աստուծոյ եւ քարոզիչներու հանդէպ ունեցած հաւատքը որպէս վախ կը բնորոշէ եւ կը հաւատայ, թէ անոնք կը հաւատան, որովհետեւ քահանան «Աստուծոյ անունով» է որ կը խօսի. այդ վախի ազդեցութեան մասին խօսելով Մանկասարեան կ՚ըսէ. «Աստուծոյ կամ Ս. Գիրքի սիրոյն համար չէ որ ինծի մտիկ պիտի ընէք, եւ ոչ ալ Երկնից Արքայութեան արժանանալու կամ դժոխքի տանջանքներուն չմատնուելու համար». այլ խօսքով՝ ան քրիստոնեային հաւատքը ոչ թէ համոզումի, այլ վախի հետեւանք որպէս կը ներկայացնէ:

Մանկասարեան մի քանի պատմագիրներու հետ իր համոզուած ըլլալը նշելով (թէեւ պատմագիրներու անուններ չեն յիշուիր) կը յայտնէ, թէ ինք եւս կը հաւատայ թէ դարեր առաջ կրնայ ըլլալ ապրած ըլլայ օրինակելի եւ բարի կենցաղ ունեցող մարդ մը, որուն բարութեան դիմաց «նախնական բարեպաշտ եւ միամիտ» մտայնութեան համաձայն չափազանցութիւններ ըրած եւ մարդիկ հրաշքներ վերագրած են անոր անձին. վստահաբար Մանկասարեան այս համոզումը կու տայ այն լոյսին տակ, որ մեր հայ պատմիչները եւս շատ մը դէպքեր անմահացնելու եւ ժողովուրդին սիրտը շահելու համար դիմած են չափազանցութիւններու եւ այդ չափազանցութիւններու մասին բազմաթիւ յօդուածներ կան գրուած թէ՛ որպէս առանձին հրատարակութիւններ եւ թէ հայ մամուլի էջերուն մէջ:

Մանկասարեանի հարցը յետքրիստոնէական շրջանին միշտ ալ գոյութիւն ունեցած է. բազմաթիւ հայեր, մտաւորականներ ու փիլիսոփաներ փորձած են գտնել այդ բոլորին պատասխանը, որուն որպէս արդիւնք բազմաթիւ անհատներ նզովուած են եկեղեցւոյ կողմէ. այդ նզովեալները ո՛չ թէ քրիստոնէութեան հակառակ մարդիկ էին, այլ պարզապէս կ՚ուզէին ուսումնասիրել, փաստել ու համոզուիլ եւ որպէս հետեւանք կը յանգէին սխալ հասկացողութիւններու եւ մտածումներու:

•շարունակելի…

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -276-

Եկեղեցական եղած ժամանակ որոշ առիթներով պատանիներու հետ հանդիպումներ կ՚ունենայի. օր մը պատանի մը, այլ հասակակիցներու ներկայութեամբ հարցում հարցնել ուզեց. «Դժոխքը իրապէս գոյութիւն ունի՞»:

Բացի պատանիներէն, բազմաթիւ մեծահասակներ եւս այս հարցը կու տան եւ չես գիտեր ինչո՞ւ անոր պատասխանը գիտնալ կ՚ուզեն:

Կը յիշեմ, մանուկին հարցին չպատասխանեցի, այնպէս ինչպէս պիտի չպատասխանէի երբ մեծահասակ մը հարցնէր, որովհետեւ պէտք է խուսափիլ հարցումներէ, որոնք մարդու կեանքին մէջ ո՛չ մէկ փոփոխութիւն կրնան յառաջ բերել։ Դժոխքի գոյութիւնը գիտնալով կամ չգիտնալով ո՛չ կեանքդ եւ ոչ ալ պարագադ յառաջընթաց մը պիտի ունենայ. հարցեր՝ որոնք կլոր օղակի մը նման նոյն տեղը կրնան գալ՝ թէ՛ որպէս մարդ եւ թէ որպէս քրիստոնեայ առողջ վիճակ չեն ներկայացներ։ Նման հարցերու փոխարէն ինչքան օգտակար պիտի ըլլար մտածել ողորմութեան, եղբայրասիրութեան եւ այլ արժէքներու մասին՝ որոնք մարդկային կեանքի մէջ կրնան փոփոխութիւններ յառաջ բերել:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Յունիս 23, 2023