ՄԱՆՈՒԿԸ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿԵԼ
Մանուկը դաստիարակել արուեստի տրուած բծախնդրութիւն կը պահանջէ։ Ան կարեւոր «արուե՛ստ» մըն է, կենսական արուեստ մը, քանի որ մանուկի դաստիարակութիւնը՝ ապագան կազմաւորել կը նշանակէ։ Մանուկին պէտքերը հոգալ, խնամել, կերակրել, անոր պահանջները գոհացնել, կատարել, բոլոր այս արարքները արդէն ծնողներուն էական պարտականութիւններն են։ Վկայած ենք ծնողներու, որոնք ըսած են. «Մենք մեր զաւակներուն համար ամէն բան կ՚ընենք, սնունդէ չենք զրկեր, ինչ որ ուզեն կու տանք, ամենէն լաւ դպրոցները կը ղրկենք, նուէրներով կ՚ուրախացնենք, ի՞նչ կրնանք ընել աւելին…»։
Այսպիսիներ, ահաւասիկ, շատ բան կ՚ընեն, բայց դժբախտաբար ո՛չինչ կ՚ընեն իրենց զաւակներուն համար։
Ուրեմն ի՞նչ կը պակսի։ Ի՞նչեր պէտք է ընեն։
Միասին խորհինք եւ ջանանք օգտաշատ պատասխաններ գտնել։ Պատասխաններ՝ ո՛չ թէ տեսլական, այլ՝ գործնակա՛ն։ Գործադրելի լուծումներն են որ օգտակար կ՚ըլլան։
Նախ, ծնողներ պէտք է գիտակցին եւ չմոռնան, որ մանուկ մը պարգե՛ւ մըն է Տիրոջմէ՝ օրհնութիւններու եւ շնորհներու թերեւս նուազագոյնը։
Ուստի, ծնողներ պէտք չէ՛ փորձեն մանուկը իրենց պատկերին կամ հօրը, կամ դրացիին պատկերին՝ նմանութեան թրծելու։ Իւրաքանչիւր մանուկ՝ որպէս փոքրիկ անհատ ունի իւրայատուկ իրաւունք, որ պիտի պաշտպանուի իր ծնողներուն կողմէ։ Ան «անհատ» մըն է եւ պէտք է արտօնուի պահել իր անհատականութիւնը։ Եւ անհատը պէտք է ըլլայ անկախ «անձ» մը՝ իր իսկ էութեանը մէջ։
Փոքրիկ անհատը՝ մանուկն ալ ունի հոգի, եւ անոր հոգին պէտք չէ՛ վիրաւորել երբ կը սխալի կամ կը ձախողի եւ երբեք պէտք չէ՛ բաղդատել զինք անոնց հետ, որոնք իրմէ գերադաս են։
Չմոռնալու է թէ բարկութիւնը եւ թշնամական զգացումներ բնական են մարդուս համար։ Ուստի, օգնելու է, որ մանուկը ընկերային ընդունելի ելքեր ունենայ այս զգացումները արտայայտելու՝ զանոնք հակակշռելու, չափաւորելու եւ ներդաշնակելու բարի զգացումներու հետ։ Այլապէս, այդ զգացումները պահելով կրնան դուրս ժայթքել ֆիզիքական եւ մտային հիւանդութիւններու ճամբով։
Մանուկը պէտք է վարժեցնել հնազանդիլ տուեալ կանոններու եւ օրէնքներու։ Կարգապահութեան մէջ պէտք է զօրացնել զայն՝ հաստատամտութեամբ եւ տրամաբանութեամբ։ Մանուկը եթէ գիտէ, թէ իր ծնողքը անաչառ է, անոնց հանդէպ իր ունեցած սէրը եւ յարգանքը չի կորսնցներ։
Մինչդեռ ան կը հեռանայ բարոյապէս, եւ կը կորսնցնէ իր վստահութիւնը ծնողքին նկատմամբ երբ կը զգայ, թէ անոնք անաչառ եւ անկեղծ չեն իրենց վարմունքին մէջ։
Մանուկներու զգացումները պէտք չէ ստորադասել, եւ պէտք է կարեւորութիւն տալ անոնց զգացումներուն։
Երբեմ կ՚ըսեն. «Մանուկ է, չի հասկնար…»։ Մանուկը շատ լա՛ւ կը հասկնայ կարգ մը բաները, եւ կրնայ զանազանել «արդար զայրոյթ»ը եւ «կամայական զայրոյթ»ը։ Մինչեւ իսկ ամենէն փոքրիկ երեխան, մանուկը արդարութեան գաղափարի զօրաւոր զգացումներ ունի։ Ծնողքին կը պարտի այս զգացումները զարգացնել եւ զօրացնել մանուկին մէջ։
Սա անուրանալի է, թէ մանուկը թէ՛ հօր եւ թէ մօր պէտք ունի՝ ծնողքը անոր վստահութիւն կը ներշնչէ. այնպէս որ ծնողները «միացեալ ճակատ» կը ներկայացնեն։ Ուստի, շատ սխա՛լ է ծնողներէն ամէն մէկուն՝ հօր կամ մօր դաշնակցիլ մանուկին հետ։ Այսպիսի արարք մը կրայ մանուկին եւ ծնողին մէջ յուզային բարդոյթներ ստեղծել, հոգեկան վատ վիճակներու պատճառ դառնալ։
Մանուկին ամէն ուզածը ամէն ատեն պէտք չէ տալ կամ կատարել։ Պէտք է թոյլ տալ, որ անձնական ջանքերով եւ աշխատանքով շահելու հաճոյքը ունենայ եւ վայելէ։
Ծնողներ պէտք չէ՛ որ իրենց անձը ներկայացնեն որպէս «կատարելութեան չափանիշ»։ Մա՛րդ անսխալ չէ՛, եւ ոչ ալ իսկական առումով՝ կատարեալ։ Մարդ կրնայ յաճախ սխալիլ, ինչ տարիք, դիրք կամ վիճակ ալ ունենայ. մարդ սխալական է այս իմաստով։ Ուստի, ծնողներ իրենց զաւկին հետ պէտք է յարաբերութիւն մշակեն եւ զարգացնեն, ինչ որ շատ աւելի դիւրին պիտի ըլլայ, եթէ մանուկը գիտնայ, թէ իր ծնողքը՝ հայրիկը եւ մայրիկն ալ երբեմն կը սխալին։ Եւ ասիկա ալ անկեղծութի՛ւն կը պահանջէ, նոյնիսկ եթէ խնդրոյ առարկան մանուկ մըն է, հարազատ մը…
Բարկութեան նոպայի մը մէջ երբեք սպառնալիք պէտք չէ՛ ընել, ո՛չ ալ անկարելի, անիրականանալի խոստումներ տալ՝ երբ ուրախ տրամադրութեան մէջ է ծնողքը։
Մանուկին համար ծնողքին խօսքը ամէն բան կը ներկայացնէ։ Մանուկ մը որ իր ծնողքին վրայ ունեցած հաւատքը կը կորսնցնէ՝ դժուարութիւն պիտի ունենայ ուրիշ բաներու հաւատալու եւ վստահելու։
Մանուկը պէտք չէ՛ «խեղդել» մակերեսային սիրոյ ցուցադրութիւններով. չափաւորութիւնը եւ դարձեալ, անկեղծութիւնը կարեւոր դեր ունին այսպիսի արտայայտութիւններու մէջ։ Ուստի, ամենէն առողջ եւ անարատ սէրը ինքզինք կ՚արտայայտէ ամէնօրեայ վարժութիւններով։ Իրական եւ անկեղծ սէրը կը ստեղծէ եւ կը ներշնչէ վստահութիւն եւ անկախութիւն՝ դիմացինին դէմ, բոլորին մէջ։
Մանուկը պէտք է գիտնայ, թէ ծանր աշխատանքը պատուաւոր է։ Ծնողքը ա՛յս պէտք է սորվեցնէ անոր։
Մանաւանդ, որ փոքր մանուկը, թէեւ «անհատ» բայց տակաւին կարող չէ զանազանել՝ բարին եւ չարը, օգտակարը եւ վնասակարը, եւ այս պատճառով մեծ պարտականութիւն եւ պատասխանատուութիւն կը վերաբերի ծնողներուն։ «Որովհետեւ ով որ կաթընկեր է՝ կը նշանակէ թէ մանուկ է, եւ անձնական փորձով չի՛ գիտեր շիտակը սխալէն զանազանել». (ԵԲՐ. Ե 13)։
Մանուկին պէտք է արտօնել եւ առիթ ընծայել, որ օգտակար կեանք մը վարէ։ Հաճոյամոլութեան եւ թուլութեան կեանքը անիմաստ է եւ վնասակա՛ր։
Փոքր յարաբերութիւններու եւ ձախողութիւններու դէմ մանուկը պաշտպանել ջանալ սխալ վարմունք մըն է։
Պէտք չէ մոռնալ, որ նկարագիր կը շինուի արգելքներու, դժուարութիւններու դէմ պայքարելով։ Ձախողութիւնը մարդս կարեկից կը դարձնէ։ Ուստի, չկա՛յ չարիք որ բարիք չծնի։
Սէրը ամէն բարիքին ակն ու աղբիւրն է։
Ուրեմն, մանուկին պէտք է սորվեցնել Սէրը։ Եւ քանի որ «Աստուած սէր է», ուրեմն մանուկին սորվեցնել զԱստուած սիրել, ինչպէս նաեւ՝ մարդիկ։
Մանուկին պէտք չէ զրկել Եկեղեցին։ Ծանօթացնել Եկեղեցիին՝ հոն տանիլ։ Ճանչցնել Եկեղեցին։ Եւ եթէ կարելի է մանուկին ներշնչել խորունկ եւ մնայուն հաւատք եւ վստահութիւն Աստուծոյ հանդէպ, այդ հաւատքը կրնայ իր զօրութիւնը եւ լոյսը ըլլայ երբ կեանքի ուղիին մէջ կը յառաջանայ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 23, 2023, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024