ՅԻՍՈՒՍԸ ՈՐՊԷՍ ԱՌԱՍՊԵԼ (Բ.)
Մանկասարեան Յիսուսի կեանքը առասպել կը նկատէ, առաջին հերթին հիմնուելով այն «փաստ»ին վրայ, թէ Յիսուսի ծնունդը յստակ թուական մը չունի. անոր համոզումով անձի մը գոյութիւնը կարելի է փաստել այն ժամանակ, երբ պատմիչներ միաբերան կ՚ընդունին անձի մը ծննդեան օրը եւ կամ ծննդեան թուականը, սակայն Յիսուս Քրիստոսի պարագային յստակ թուականի մը չգոյութիւնը կասկած կը ստեղծէ Քրիստոսի գոյութեան շուրջ:
Անոր խօսքերով՝ «Յիսուսի ծննդեան ո՛չ թուականը եւ ոչ ալ տեղը յայտնի են». Յիսուսի ծնունդը կասկածելի կը գտնէ Մանկասարեան հիմնուելով այն երկու «փաստ»երուն վրայ, թէ Աւետարանիչներ ոչ մէկ թուական կը յիշեն. անդին եկեղեցիներ տարբեր տարբեր թուականներու կը նշեն Յիսուսի Քրիստոսի ծնունդը եւ ներկայ թուականներէն անկախ պատմութեան ընթացքին տարբեր տարբեր թուականներ նշուած է որպէս Յիսուս Քրիստոսի ծնունդ:
Մանկասարեանի համոզումով, եթէ Աւետարանները իրապէս գրի առնուած են Յիսուս Քրիստոսի աշակերտներուն եւ «եղբայր»ներուն կողմէ, վստահաբար անոնք պարտէին գիտնալ Յիսուսի ծննդեան ճիշդ թուականն ու վայրը:
Մանկասարեան կասկածելի կը գտնէ նաեւ Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան պարագան, հարց տալով, թէ ինչպէ՞ս Քրիստոս Նազովրեցի կը կոչուի՝ Նազարէթ քաղաքէն ըլլալով, սակայն կը ծնի Բեթղեհէմի մէջ, հաւանաբար պարզապէս երեւակայութեամբ իրականացնելու համար մարգարէին խօսքը, որ կ՚ըսէ, թէ Մեսիան Բեթղեհէմէն պիտի գայ: Գրողը տարօրինակ կը գտնէ, թէ ինչպէս աւետարանիչները գրի կ՚առնեն ամէն անիմաստ մանրամասնութիւն, մինչեւ մոգերը առաջնորդող աստղը, սակայն զանց կ՚ընեն Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան թուականն ու վայրը նշել. անոր իսկ խօսքերով. «եթէ առաքեալները գիտնային, անշուշտ պէտք չունէին ծածկելու, որովհետեւ այդչափ մանրամասն տեղեկութիւններն աւելի կշիռ պիտի տային իրենց վկայութեանց»: Այս թուականի եւ վայրի հանդէպ լռութիւնը Մանկասարեանին կու տայ այն համոզումը, որ աւետարանիչները ոչ թէ իր աշակերտները եղած են, այլ գրի առած են զրոյցներ ու աւանդութիւններ ու այդ բոլորը վերագրած անձի մը՝ որ կը կոչուէր Յիսուս:
Այստեղ եթէ Մանկասարեանի բացատրութիւնը փորձենք համոզիչ գտնել, այդ պարագային պիտի չհաւատանք պատմութեան մէջ յիշուող բոլոր անձնաւորութիւններուն, որովհետեւ Լեւոն թագաւորի, Աշոտ Ողորմածի եւ այլ բազմատասնեակ անձերու ո՛չ ծննդեան յստակ թուականը գիտենք եւ ոչ ալ անոնց ծնելու վայրը. այդ պարագային որպէս փաստ չենք կրնար ընդունիլ նաեւ պատմիչներու գրածները, որովհետեւ անոնցմէ շատերու ծննդեան թուականը եւ վայրը նոյնպէս յայտնի չեն մեզի:
Մանկասարեան անցնելով ծնունդին՝ կ՚անդրադառնայ Յիսուս Քրիստոսի առաքելութեան. անոր տրամաբանութեամբ, եթէ Յիսուս Քրիստոս լոյս աշխարհ եկաւ Աստուծոյ պատգամը փոխանցելու, ինչո՞ւ համար ի՛նք գրի չառաւ իր քարոզներն ու փոխանցելիք Աստուծոյ պատգամները եւ այդ մէկը ձգեց ընդհանրապէս անուս ու անանուն մարդոց. եթէ Յիսուս Քրիստոսի հիմնական առաքելութիւնը Աստուծոյ խօսքը փոխանցել էր մարդկութեան, ինչու համար ինք որպէս «կատարեալ» Աստուած գրի չառաւ եւ ուրիշներու հակասական գրածները պատճառ եղան եկեղեցւոյ բաժանման ու բազմաթիւ կռիւներու: Անոր համոզումով՝ պատերազմներ եւ դարաւոր ատելութիւն եւ դառնութիւն խնայել կարելի պիտի ըլլար, եթէ Յիսուս Քրիստոս ինք յանձն առնէր իր հիմնական առաքելութիւնը եւ ինք գրի առնէր իր քարոզներն ու խօսքերը:
Յիսուսի չգրելէն բացի անոր համոզումով՝ գոյութիւն ունի հարց մը. ընդօրինակութիւնը. ըստ Մանկասարեանի, պատմութեան մէջ Աւետարաններու մայր ձեռագրերը գտնուած չեն, այլ մեզի հասած են ընդօրինակութիւնը. անոր բառերով. «ո՞վ ընդօրինակած է, ե՞րբ ընդօրինակուած են, ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ թէ այդ պատճէնները վստահելի են եւ ինչու արդեօք հազարաւոր տարբերութիւններ կան այդ անթիւ ենթադրեալ ընդօրինակութեանց մէջ»:
Այստեղ նոյնպէս հարցը դնենք հետեւեալ ձեւով. մեր պատմիչներու աշխատութիւնները եւս մեզի հասած են ընդօրինակութիւններու շնորհիւ. պէ՞տք է հաւատալ անոնց ճշմարտութեան։ Օրինակի համար, պատմիչը որ կը խօսի հեթանոսական հարստութիւններու համար, ինչո՞ւ հաւատալ. չէ որ ընդօրինակողներն ու գրի առնողները անյայտ ու անծանօթ են. ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ: Եթէ մարդ արարած ունի նման մօտեցում, պէտք է նոյն մօտեցումը ցուցաբերէ բոլորին հանդէպ. ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ չհաւատալ աւետարանիչին՝ ընդօրինակողներու պատճառով, սակայն հաւատալ պատմիչին՝ որ նոյնպէս ընդօրինակողներու ճամբով հասած է մեզի. այս մէկը սեփական համոզումի հանդէպ հակասում մըն է պարզապէս:
•շարունակելի…
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -277-
Օր մը աղանդաւորական շարժումներու հետեւող երիտասարդ մը կը մօտենայ հայ եկեղեցականներէն մէկուն եւ կը յայտնէ, թէ ինք Աստուծոյ կողմէ շնորհք ստացած է եւ սկսած է հրեշտակներու լեզուն հասկնալ եւ խօսիլ. (չես գիտեր ինչպէս այդ շնորհքը ընդհանրապէս այդ աղանդաւորական շարժումին հետեւողները կը ստանան):
Եկեղեցականը ուրախութիւնը յայտնելով կ՚ըսէ, թէ նոյն շնորհքին ինք եւս արժանացած է եւ կը սկսի իր տիրապետած յունարէնով նախադասութիւններ արտասանել. անծանօթ այդ լեզուն լսող աղանդաւորականը որպէս թէ կը հասկնայ, կը սկսի «Ալէլուիա» բարձրաձայնել եւ իր քովը գտնուող անձի մը (որ տակաւին այդ շնորհքին չէ արժանացած) թարգմանել՝ հոգեւոր սքանչելի պահ մը ապրելով յունարէն անիմաստ տողերու տակ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024