ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ

Երէկ տեղի ունեցաւ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութիւնը, որուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Ներսէսեան դպրաց դասու սարկաւագներն ու դպիրները։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան Սամաթիոյ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ առաջնորդութեամբ Սեւան Ակօշեանի։

Օրուան պատգամը տուաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։ Ան նախ անդրադարձաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի վարքին, ապա խօսեցաւ իւրաքանչիւր մարդ արարածի կեանքին մէջ տեսիլքի գոյութեան կարեւորութեան մասին։

Եկեղեցական արարողութիւններու աւարտին սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ու հրաւիրեալները հիւրասիրուեցան Կղզեաց թաղային խորհուրդին կողմէ՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Լեւոն Շատեանի, որ հանդէս եկաւ բարիգալստեան խօսքով մը։ Ապա արտայայտուեցաւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Աշխարհիկ հանդիսութեան ընթացքին յուշանուէր մը յանձնուեցաւ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբին։

Հուսկ բանքը արտասանեց Պատրիարք Հայրը, որ իր օրհնութիւնը բաշխեց ներկաներուն։

Երկուշաբթի, Յունիս 26, 2023