ՊԷԶՃԵԱՆՑԻՆԵՐԸ ԱԽՈՅԵԱՆ
Միջմիութենական պասքեթպոլի մրցաշարքը երէկ հասաւ իր աւարտին։ Այս տարի 30-րդ անգամ կազմակերպուած եւ հոգելոյս մարզական գործիչ Ռուբէն Սէմէրճեանի յիշատակին ձօնուած մրցաշարքին ախոյեանը հանդիսացաւ Պէզճեան սանուց միութեան խումբը, որ աւարտական խաղին առաւելութեան հասաւ Մխիթարեան սանուց միութեան խումբին դիմաց։ Մրցաշարքի երրորդը հանդիսացաւ Սահակեան սանուց միութեան խումբը։
Խաղերը ընդհանուր առմամբ ոգեւոր մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցան եւ թատերաբեմը հանդիսացան բուռն մրցապայքարի։ Եզրափակիչ փուլին տեղի ունեցաւ պարգեւատրման արարողութիւն, որու ընթացքին պէզճեանցիները ստացան իրենց բաժակը՝ ծափահարութիւններու ներքեւ։ Այս մրցաշարքի երիտասարդ աստղը հանդիսացաւ Շիշլի մարզակումբի կազմէն Առէն Գամառ։ Ամենաշատ կէտեր արձանագրող խաղացողը եղաւ Մերվին Հիսարլը։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024