ՅԻՍՈՒՍԸ ՈՐՊԷՍ ԱՌԱՍՊԵԼ (Գ.)
Մանկասարեան կ՚ուզէ գիտնալ, թէ ինչպէ՞ս Կաթոլիկ եկեղեցին յաջողած է պահել Յիսուս Քրիստոսի խաչափայտէն մասունք մը՝ որ աւելի հին անցեալ ունի, սակայն չէ կրցած պահել առաքեալներուն կողմէ գրուած ձեռագիրներն ու այլ յիշատակելի փաստերը: Ինչպէ՞ս կրնայ պատահիլ, որ Կաթոլիկ եկեղեցին յաջողած ըլլայ պահել Յիսուս Քրիստոսի վերարկուն, մինչեւ իսկ մոգերուն ոսկորները, սակայն ոչ բնագրերը. աւելին, Մանկասարեան նոյնիսկ կասկածի տակ կ՚առնէ բնագիրի մը գոյութիւնը, այլ խօսքով առասպել կը նկատէ թէ՛ առաքեալներու եւ թէ անոնց գրածներուն գոյութիւնը:
Եթէ Աստուածային մասունքները հրաշքով մը մինչեւ օրս հասած են մեզի, ինչո՞ւ համար Աստուած խաչափայտէն մասունք մը, կամ վերարկու մը փրկելու եւ մեր օրերը հասցնելու փոխարէն իր Աստուածային խօսքը պիտի չպահէր եւ չհասցնէր մինչեւ մեր օրերը: Ուրիշ վարկած մը Մանկասարեանի կողմէ այն է, որ մայր օրինակները եկեղեցին ի՛նք վերացուցած է, որպէսզի յաջողի «ուզած ձեւով» համոզել եւ իշխել ժողովուրդին վրայ:
Յիսուսի առասպել ըլլալու մէկ այլ համոզում կ՚ընդունի Մանկասարեան անվաւեր աւետարաններու գոյութիւնը, որ ըստ պատմիչներու առաջին դարերուն եղած են մէկէ աւելի: Բազմաթիւ անվաւեր աւետարաններու գոյութիւնը գրողը որպէս փաստ կ՚ուզէ ներկայացնել, թէ որպէս աւետարան մեր ընդունածները եւս կրնան իրականութեան չհամապատասխանել, որովհետեւ անոնց վաւեր կամ անվաւեր ըլլալը որոշուած են հայրապետներու կողմէ՝ որոնք ապրած են այդ ենթադրեալ աւետարաններու գրուելէն աւելի քան մի քանի դար ետք:
Անդրադառնալով աւետարաններուն՝ Մանկասարեան դիտել կու տայ, թէ անոնց միջեւ գոյութիւն ունի տարբերութիւն. դիտել կու տայ թէ անոնցմէ մին Յովսէփի հօր անունը կը յիշէ որպէս Հեղի, իսկ միւսը՝ Յակոբ. անոնցմէ մին Քրիստոսը Սողոմոնի շառաւիղ կը նկատէ, իսկ միւսը՝ Դաւիթի: Մանկասարեան տարօրինակ կը գտնէ, թէ ինչու համար աւետարաններ կը յիշեն, կը փորձեն Յովսէփի ցեղաբանութիւնն ու շառաւիղը բացատրել, երբ Յովսէփ ինք չէր Յիսուս Քրիստոսի հայրը. այլ խօսքով Յովսէփին Դաւիթին կամ Սողոմոնին սերունդէն ըլլալը ի՞նչ կապ ունէր Քրիստոսի հետ, եթէ արեան ոչ մէկ կապակցութիւն կար Յիսուս Քրիստոսի եւ Յովսէփի միջեւ. ըստ Մանկասարեանի, աւելի տրամաբանական պիտի ըլլար խօսիլ Մարիամի ցեղաբանութեան մասին եւ այդտեղ շառաւիղ մը գտնել փորձել:
Յովհաննէս Մկրտիչի պարագային եւս տարօրինակ անհամապատասխանութիւն մը կը գտնէ Մանկասարեան. ըստ աւետարանիչներու, Յովհաննէս Մկրտիչ ներկայ էր երբ երկինքը բացուեցաւ եւ երկինքէն ձայն մը լսուեցաւ «Դա է Որդի իմ սիրելի, ընդ որ հաճեցայ»։ Եթէ Յովհաննէս Մկրտիչ իրապէս ներկայ էր այդ ժամանակ, ապա մի քանի օրեր ետք ինչո՞ւ համար իր աշակերտները ղրկեց Յիսուս Քրիստոսի մօտ, որպէսզի անոր հարց տան, թէ ի՞նք է Աստուծոյ Որդին:
Այս անհամապատասխան վիճակները դիտել կու տան, որ Աւետարանը գրի առնողները անմիջական աղերս մը չունէին այդ դէպքերուն հետ եւ ականատեսներ չէին:
Ըստ Մանկասարեանի, առասպելի մէկ մասնիկն են նաեւ առաքեալները, նոյն այն պատճառով որ անոնց ինքնութեան, ծննդեան թուականին եւ վայրին մասին ոչ մէկ ակնարկութիւն կայ այդտեղ. իսկ առաքեալներու առասպել ըլլալուն մասին այլ փաստ մը կ՚ուզէ ներկայացնել այն, որ ժամանակակից պատմիչներ ոչ մէկ բան գրած են անոնց մասին. օրինակի համար, Պետրոս եւ Պօղոս առաքեալ գացած են Հռոմ, սակայն ոչ մէկ պատմիչ յիշած է անոնց Հռոմ գալուն մասին:
Մանկասարեան հին չաստուածներու նման մտածին կը նկատէ նաեւ Յիսուս Քրիստոսը. օրինակի համար, դիտել կու տայ, թէ առասպելաբանութեան մէջ եւս կարեւոր էր 12 թիւը. նոյն այդ թիւին կարեւորութիւնը կը գտնենք Հին եւ Նոր կտակարաններու մէջ. Յիսուս ունէր 12 աշակերտ, Յակոբ ունէր 12 զաւակ, Իսրայէլ ունէր 12 ցեղ. երկինքը ունէր 12 դուռ եւ հաստատուած էր 2 սիւներու վրայ։ Ըստ Մանկասարեանի, հին դիցաբանութեան մէջ շատ եղած են այն աստուածները՝ որոնք ունեցած են 12 աշակերտ կամ պատգամաւոր: Նոյն այդ առասպելական թիւերէն են 40-ը. հրեաներ անապատին մէջ 40 տարի թափառեցան, Մովսէս 40 օր մնաց լերան վրայ, Յիսուս 40 օր ծոմ պահեց, Յարութենէն մինչեւ Համբարձում 40 օր շրջեցաւ երկիրի վրայ: Ըստ Մանկասարեանի, այդ թիւերը պարզապէս համոզելու միջոցներ են՝ փաստելու Յիսուս Քրիստոսի Աստուծոյ Որդի ըլլալը, որովհետեւ այդ թիւերը սրբազան իմաստ ունէին նաեւ հեթանոս ժողովուրդին համար եւ աւետարանը գրի առնողները ուզեցին օգտագործել այդ մէկը ի նպաստ իրենց շահերուն՝ պարզապէս մարդ որսալու համար:
Այս բոլոր «ստախօսութիւնները Մանկասարեան կը մեկնաբանէ հետեւեալ բառերով.
«Կը զգամ թէ խստօրէն կը դատեմ այս խարդախութիւնները, բայց ձեռքս չէ, մինչեւ ոսկրերուս ծուծը կը զգամ ամօթն ու ոճիրը, մազերս կը ցցուին, մարմինս կը դողդղայ, երբ կ՚երեւակայեմ ասիացի դպիր մը, աղանդաւոր մը, խեղկատակ անզգամ խաբեբայ մը, որ կը խառնշտկէ մեռած վարպետի մը գործերը իր սուտերը զօրաւոր մեռեալին բերանը դնելու եւ փիլիսոփային խորհուրդներն իր սնոտիապաշտութիւններու պղծելու համար»:
•շարունակելի…
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -278-
Լիբանանի մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ զաւակներէն մին բաժնուելով եկեղեցիէն որոշեց իր սեփական եկեղեցին ունենալ։ Ամերիկեան ուժերու ապաւինելով նիւթապէս լաւ պայմաններ ստեղծեց՝ «ուր հաց հոն կաց» լոզունգին հաւատացող մեր հայորդիները գրաւելու համար, ինչ որ յաջողեցաւ:
Բազմաթիւ հայեր, նիւթական կամ «հոգեւոր» պատճառներով յաճախել սկսան անոր մօտ. անոնց մէջ էր նաեւ ծանօթ բարեկամի մը կինը՝ իր զաւակներով: Այս դէպքը այնքան մեծ խնդիրներ յառաջացուց ընտանիքին մէջ, որ հասան ամուսնալուծութեան. երիտասարդ ընտանիք էին՝ երկու զաւակներով եւ բաժանումը պիտի խանգարէր նաեւ պզտիկներու կեանքն ու հանգիստը:
Օր մըն ալ տեսայ մարդ ու կին սիրալիր կը ճամբորդեն, ուրախ ժամեր կ՚անցընեն. պարզուեցաւ, թէ խնդիրը լուծուած էր. ամուսինը եւս մասնակցած էր այդ խումբին եւ բոլորը դարձած էին աղանդաւորական շարժման անդամ... եւ ուրախ զուարթ կ՚ապրին մինչեւ օրս:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան