ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՓԼՈՒԶՈՒՈՂ ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ՎԻՇԱՊԸ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան վերջին վերադասաւորումները ցոյց կու տան, որ նախագահ Պայտընի իշխանութեան շրջանին Սպիտակ տունը արդէն վճռած է՝ իր պայքարները կամ նոյնիսկ փոքր պատերազմները մղել տնտեսական միջոցներով։ Խօսքը, անշուշտ, ոեւէ հակառակորդը տնտեսական միջոցներով պաշարելու մասին է. բան մը, որուն հետեւանքները կ՚ըլլան բաւական ծանր եւ ահագնացնող։

Այս քաղաքականութեան առաջին ծիծեռնակները նկատուեցան նոյնիսկ համավարակի ժամանակներուն, երբ ԱՄՆ-ի Ծերակոյտը մէջտեղ հանեց «Կեսարի օրէնք»ը, որուն հիմնական թիրախը Սուրիան էր։

Նախագահ Էսատի ամբողջ վարչախումբն ու շրջանակը, նաեւ այն կարեւոր գործիչները, որոնք ունէին արտաքին ազդեցիկ դերեր, յայտնուեցան ծանր պատժամիջոցներու տակ։

Շատեր կը հաւատային, թէ Սուրիա այդ պատիժներուն տակ պիտի ընկճուէր՝ մոռնալով, որ երկիրը շնորհիւ ներհուն քաղաքական կամքի եւ հաւատամքի կարողացած է դէմ դնել Արեւմուտքին կողմէ հրահրուած արիւնալի պատերազմին եւ չէ ընկճուած բոլոր հետեւանքներով հանդերձ։

Անշուշտ, Սուրիոյ համար կարեւոր եւ հիմնարար շնչառական երակ կը համարուի Լիբանանը, որուն ցամաքային ճանապարհները մինչեւ որոշ շրջան մը կը համարուէին դէպի Սուրիա դեղօրայք, սնունդ, բայց մասնաւորապէս՝ նաւթ հասցնելու կարեւորագոյն միջոցներ։

Նախքան Սուրիոյ ներքին պատերազմը, Դամասկոսն ու Հալէպը կը համարուէին, դէպի Լիբանան զանազան տնտեսական ապրանքներ հասցնելու ճանապարհներ։ Այսօր ստեղծուած իրադրութեան հետեւանքով Սուրիա ստիպուած կ՚ըլլայ յենուիլ Լիբանանէն թաքուն կերպով Սուրիա հասած նաւթային արտադրութեան վրայ։

Այս բոլորը հաշուի առնելով, նաեւ ի մտի ունենալով «Հիզպուլլահ»ի քաղաքական-ռազմական ներկայութիւնը՝ ԱՄՆ որոշեց ծունկի բերել Լիբանանը եւ այդ նպատակին հասնիլ տնտեսական ծանր օղակ-պաշարումի մը միջոցաւ։ Լիբանանի ազդեցիկ քաղաքական գործիչները միշտ չէ, որ կը խօսին այս մասին։ Եւ այսպէս, 2019 թուականի հոկտեմբերին ընթացք առած այդ պաշարումի օղակները կամաց-կամաց սկսան սեղմուիլ ու այսօր Լիբանան կը համարուի նաւթի, դեղօրայքի եւ այլ առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու սուր կարիքով երկիր մը։ Այս բոլորին զուգահեռ՝ յստակացաւ, որ Լիբանանի տնտեսութիւնը կամաց-կամաց կը մտնէ փլուզման փապուղի, որուն ծայրը միայն մթութեան գոյներ չկան, այլեւ կայ համընդհանուր փլուզման եւ նոյնիսկ ձախողած երկրի մը վերածուելու մեծ վտանգը։

Լիբանանի տնտեսութիւնը կրնա՞յ վերականգնիլ… Ի դէպ, երկրի անկեալ տնտեսութեան մասին կարեւոր զեկոյցներ կը հրապարակուին միջազգային ելմտական կազմակերպութիւններու կողմէ։ Այս զեկոյցներուն մէջ մասնաւորապէս կը նշուի, որ երկրի տնտեսութեան վերականգնումը կախեալ է պետութենէն: 1926-ին, Շիլիի տնտեսական փլուզումէն ետք, այդ երկիրը 16 տարիի պէտք ունեցաւ վերականգնուելու համար, իսկ Լիբանանի պարագային կը նախատեսուի 9-12 տարի։ Ամէն պարագայի, պէտք է հաշուի առնել, որ 2019 թուականին սկիզբ առած դէպքերը, որոնք ունեցան տարբեր դրսեւորումներ. օրինակ՝ բողոքի հաւաքներ, խռովութիւններ, բանակին հետ բախումներ, ծանր ազդեցութիւն գործեցին Լիբանանի վրայ։ Բայց եւ այնպէս, Պէյրութի նաւահանգիստի մեծ պայթումը իրավիճակը դարձուց պայթիւնավտանգ ու վիրաւոր տնտեսութեան հասցուց մեծ հարուած մը։

Ըստ ամերիկեան մամուլին, ելեկտրական հոսանքի անջատումը այնքան յաճախակի դարձած է, որ ճաշարանները կը գործեն ելեկտրածին շարժիչներու ժամանակացոյցին համեմատ, ժողովուրդը անընդհատ բախումներու մէջ է ապահովելու համար հացը, շաքարը եւ այլ կարեւոր պարագաները։ Սղաճն ու գողութիւնները, նաեւ ոճրագործութիւնները հասած են անհաւատալի համեմատութիւններու: Իւրաքանչիւր անհատի համախառն ներքին արդիւնքով եկամուտը 40 տոկոսով նուազած է՝ 2018-2020 թուականներուն։ Անշուշտ, վերջին տարիներուն ա՛լ աւելի մտահոգիչ դարձած է պատկերը։ Հաշուելով այն ժամանակը, որ կ՚ենթադրուի Լիբանանի տնտեսութեան վերականգնման համար՝ յայտարարուած է, թէ երկրի տնտեսական տագնապը կարելի է դասել վերջին 150 տարիներու աշխարհի ամենէն սուր երեք տագնապներու կարգին: Ելմտագէտներու բանաձեւումով՝ որոշ շրջան մը տագնապը այնքան վատ կրնայ ըլլալ, որ վերականգնուելու նշոյլն իսկ կը կորսուի: Վերջին շրջանին շատ մը տագնապներ իրարու յաջորդեցին աշխարհի վրայ. օրինակ՝ համավարակ, պատերազմներ եւ բնական աղէտներ։ Լիբանանի պարագային նաեւ կառավարութեան անկարողութիւնը մեծ վնաս հասցուց երկրին:

Տարիներ շարունակ Լիբանան թատերաբեմը դարձաւ քաղաքացիական պատերազմի, Իսրայէլի հետ բախումներու, փախստականներու հոսքի, քաղաքական սպանութիւններու, սակայն այսպէս չքանդուեցաւ:

Ըստ մասնագիտական տուեալներու, Լիբանանի առկայ տնտեսական տագնապը աւելի վատ է՝ 2008 թուականի Յունաստանի եւ 2001 թուականի Արժանթինի տագնապներուն բաղդատմամբ: Երկրի ներկայ ճգնաժամին պատճառը կարելի է նկատել դրամատնային համակարգը, որ 2019-ին սնանկացաւ: Լիբանան շարունակ իր արժոյթը կախեալ պահած էր տոլարէն եւ երբ տարիներ ետք տոլարով ներդրումները անհետացան եւ դրամատուները ժամանակաւոր կերպով փակեցին իրենց դռները, ապա ժողովուրդը բողոքելու սկսաւ, ինչ որ հակառակ արդիւնք տուաւ։ Դրամատուները բոլորովին արգիլեցին, որ հաշուետէրերը ստանան իրենց գումարները: Պէյրութի պայթումն ալ, որ 200-է աւելի զոհ խլեց, 15 միլիառ տոլար նիւթական վնաս պատճառեց՝ իր կարգին հրահրելով տնտեսութեան փլուզումը:

Մասնագիտական զեկոյցներու մէջ կը շեշտուի, որ գործազրկութեան տոկոսը ահաւոր համեմատութիւններու հասած է, իսկ ամսավճարները կը կազմեն հազիւ քանի մը տասնեակ տոլար: Բնակչութեան առնուազն կէսը մտահոգութիւն կ՚ապրի հանապազօրեայ սնունդը ապահովելու համար։ Աւելի՛ն, Լիբանանի բանակի հրամանատարը յայտարարած է, որ զինուորները սոված են: Հիւանդանոցներու մէջ արդէն դեղօրայք չկայ: Եւ հիւանդանոցները կարեւոր պարագաները ապահովելու փոխարէն՝ կ՚աշխատին պարզապէս հիւանդանոցին համար ապահովել ջուր, ելեկտրականութիւն ու վառելանիւթ: Աւելի քան 1200 մասնագէտ բժիշկ ստիպուած են լքել երկիրը:

Լիբանանցիք այս բոլորին համար կը մեղադրեն քաղաքական ուժերը, որոնք հրաժարելով բարեփոխումներ ընելէ, երկիրը հասցուցին այս վիճակին: 1990 թուականին, Լիբանանի պատերազմէն ետք, երկիրը ապրեցաւ տնտեսական բարգաւաճում՝ արտասահմանաբնակ լիբանանցիներու գումարներու դէպի երկիր հոսքի շնորհիւ: Ժողովուրդը սկսաւ հանգիստ ապրիլ, նոյնիսկ գումարներ խնայել: 2008-ին, երբ որոշ հարցեր սկսած էին Լիբանանի մէջ, ան դիւրութեամբ շրջանցած էր ճգնաժամը: Այն ատենուան Կեդրոնական դրամատան տնօրէնը՝ Ռիատ Սալամէ հերոսի գնահատականի արժանացած էր. երկիրը փլուզումէ ազատած էր: Եւ հետաքրքրական է, որ Սալամէ մինչեւ օրս իր պաշտօնին գլուխն է, բայց ան այսօր քննադատութիւններու թիրախ դարձած է, որովհետեւ իր ղեկավարութեան օրերուն Կեդրոնական դրամատունը բարձր տոկոսներ հայթայթած էր արտասահմանի լիբանանցիներուն, որոնք հաշիւներ ունէին Լիբանանի մէջ։ Սակայն, 2011-ի Արաբական գարունէն ետք, քաղաքական պայմաններու բերումով դրամական ներդրումները եւ արտասահմանեան փոխանցումները նուազեցան: Լիբանանի արժոյթը սոսկալիօրէն նահանջեց տոլարին դիմաց: Աշխատավարձերը յանկարծակիօրէն կորսնցուցին իրենց արժէքը: 2020-ին, յոյսի դուռ մը բացուած էր Լիբանանի առջեւ, երբ կառավարութիւնը նախագիծ մը մշակած էր տնտեսական բարեփոխումներու համար։ Պիտի կրճատուէին պետական ծախսերը եւ պիտի վերակազմուէր դրամատնային համակարգը։ Նախագիծը կարիքը ունէր դրամատնային հաշիւ ունեցողներու ժամանակաւոր ներդրումին, մօտաւորապէս 83 միլիառ տոլարի: IMF ողջունեց այս քայլը՝ զայն նկատելով փրկարար նախագիծ: Սակայն, Լիբանանի քաղաքական գործիչներն ու դրամատուները մերժեցին այս քայլը՝ պատճառաբանելով, որ կը կորսնցնեն ներդրողներու վստահութիւնը եւ կը խախտեն սեփականութեան իրաւունքները: Անոնք, որոնք առաջարկած ու մշակած էին ծրագիրը, հրաժարեցան: Այդ ժամանակ հրաժարեալ պաշտօնատարները կը զգուշացնէին. «Եթէ բարեփոխումներ չէք ուզեր կատարել, եթէ տնտեսութիւնը վերականգնել չէք ուզեր, ուրեմն ի՞նչ պէտք է ընենք»:

Այս բոլորին զուգահեռ՝ զայրոյթ կը պատճառէ, որ Լիբանանի վերնախաւը կը շարունակէ գումարներ ուղարկել արտասահմանեան իր հաշիւներուն: Զուիցերական դրամատունը, որ երկրի Կեդրոնական դրամատունն է, այս մասին տուեալներ կը հրապարակէ։ Եթէ միայն 2020 թուականին արտասահման փոխանցուած այդ գումարները կազմած են 2.7 միլիառ ամերիկեան տոլար, ապա առկայ ահագնացող վիճակով անցնող տարիներուն խնդիրը ի՞նչ համեմատութիւններու հասած կրնայ ըլլալ։

Նախագահ Պայտընի վարչակազմը կը ձգտէր կրկնապատկել Լիբանանին յատկացուած նիւթական օժանդակութիւնները՝ հասցնելով մինչեւ 112 միլիոն տոլարի: Բաց աստի, Լիբանանի բանակը կանգուն պահելու համար սննդեղէնով ու նիւթականով կ՚օժանդակեն Ֆրանսա, Քաթար եւ ԱՄՆ: Նիւթական աջակցութիւնը կարեւոր նիւթ մըն է։ Ուշագրաւ է, որ արեւմտեան երկիրներու, ԱՄՆ-ի եւ սիւննի երկիրներու կողմէ Լիբանանի համար նախատեսած օժանդակութիւնները այսուհետեւ պիտի չուղարկուին պետական մարմիններուն, այլ պիտի փոխանցուին այն կազմակերպութիւններուն, որոնք պետական համակարգէն հեռու են եւ կը գործեն ուղղակի հասարակութեան հետ։

Անշուշտ, այս փաստերը նաեւ ցոյց կու տան, որ յառաջիկայ ժամանակներուն Լիբանանի տնտեսական վերականգնումը պիտի ըլլայ բաւական բարդ։ Այստեղ նախապայման է երկրի քաղաքական դրութեան խաղաղեցումը, նաեւ ԱՄՆ-Իրան վտանգաւոր պարանաձգութենէն հեռու մնալը։ Եւ այս բոլորը՝ նախագահական ընտրութեան փակուղիի մատնուած գործընթացի համայնապատկերին վրայ…

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յուլիս 3, 2023