«ՀԱՅ ՊԱՐԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԿՈՄԻՏԱՍԸ» 130-ԱՄԵԱԿ ՍՐԲՈՒՀԻ ԼԻՍԻՑԵԱՆԻ
Անցնող մէկ շաբաթը Հայաստանի մշակութային կեանքին մէջ յայտարարուած էր «Լիսիցեանական շաբաթ»:
Արուեստի շունչով յագեցած շաբաթը նուիրուած էր պարագիտութեան հայկական դպրոցի հիմնադիր, անուանի պարագէտ, ազգագրագէտ եւ արուեստաբան Սրբուհի Լիսիցեանի ծննդեան 130-ամեակին:
Շաբաթը մեկնարկած է Լիսիցեանի ծննդեան օրը՝ յունիսի 27-ին, Ազատութեան հրապարակին մէջ, ուր մեծ թիւով երիտասարդներ, «Կարին» երգի ու պարի խումբին հետ ազգային պարեր պարած են, այնուհետեւ յաջորդող օրերուն մշակութային կեդրոններու մէջ տեղի ունեցած են համերգներ, դասախօսութիւններ, ցուցադրութիւններ ու բաց դաս, որոնց ընթացքին ոգեկոչուած է 44 տարի առաջ կեանքէն հեռացած հայ պարագէտը՝ պարագիտութեան նուիրեալն ու տեսաբանը: Ձեռնարկներէն մէկը խորագրուած էր «Հայ պարագիտութեան Կոմիտասը»: Արուեստաբաններ փաստեցին, որ Սրբուհի Լիսիցեանը հայ պարագիտութեան մէջ կատարած է նոյն գործը, ինչ որ Կոմիտասը՝ երաժշտագիտութեան մէջ: «Կարին» աւանդական երգի ու պարի խումբի հիմնադիր եւ գեղարուեստական ղեկավար Գագիկ Գինոսեան «Լիսիցեանական շաբաթ»ի ընթացքին յայտարարեց, որ Կոմիտասը ութ պար գրառած է՝ պարագրութեան յետագայ զարգացումները «ձգելով աւելի լաւ ժամանակներու», քանի որ պարերու համար նշաններ չկային:
Եւ մեր պարին համար, ինչպէս կը հաստատէ Գագիկ Գինոսեան, Սրբուհի Լիսիցեան բերած է այդ «լաւ ժամանակը», զոր կոչած են «Հայոց պարերու խազագիր»:
Լիսիցեան եղած է Խորհրդային Միութեան մէջ պարերու գրառման համակարգին առաջին հեղինակը: Ընդունուած ըլլալով իբրեւ պարային շարժումներու գրառման գիւտի հեղինակ՝ Լիսիցեան բազմաթիւ կոչումներ ստացած է Խորհրդային Միութեան մէջ:
Ազգագրական պարերու անոր գրառումները, մշակումներն ու բեմականացումները մինչեւ այսօր ուղեցոյց են մանկավարժ-պարուսոյցներու համար:
Հայ ազգային, ժողովրդական, ծիսական, ռազմական, մնջախաղ-պարերու եւ այլ պարատեսակներու ընթացքին հայ պարուսոյցներ կը կիրառեն հիմնականը լիսիցեանական պարադրման մեթոտը: Ան կազմած է նաեւ գիրքեր, որոնք դասագիրքեր են այդ ասպարէզին մէջ:
ԸՆՏԱՆԻՔԸ
Նշանաւոր ընտանիքէ կը սերի Սրբուհի Լիսիցեան: Առհասարակ, Լիսիցեանները իրենց արժանաւոր տեղը ունին 19-րդ դարավերջի եւ 20-րդ դարու հայ իրականութեան մէջ:
Թիֆլիզահայեր են Լիսիցեանները, որ հոն հաստատուած են Ռուսական կայսրութենէն երթալով:
Սրբուհի Լիսիցեանին հայրը նշանաւոր ազգագրագէտ, հասարակական գործիչ, պատմաբան, աշխարհագրագէտ, բանասէր, մանկավարժ, թարգմանիչ, հրատարակիչ Ստեփան Լիսիցեանն է, իսկ մայրը՝ մանկավարժ Եկատերինա Լիսիցեանը (Կատերինա Ախաշեան): Մայրն է հիմնած Կովկասի առաջին երկսեռ տարրական հայկական դպրոցներէն մէկը՝ Կատարինա (Կատարինէ) Լիսիցեան վարժարանը: Լիսիցեանները ունեցած են երեք զաւակ՝ երկու աղջիկ եւ տղայ մը:
Սրբուհին պզտիկ տարիքէն առընչուած է Թիֆլիզի մշակութային կեանքին, իբրեւ ապագայ մասնագէտ ձեւաւորուած է թիֆլիզեան մտաւորական միջավայրին մէջ:
Հայրը եւ մայրը կը հրատարակէին «Հասկեր» մանկական հանդէսը (1905-1922), կը խմբագրէին «Տարազ» շաբաթաթերթը (1892-1893) եւ կը համագործակցէին հայ մշակոյթի անուանի դէմքերու՝ Յովհաննէս Թումանեանի, Աւետիք Իսահակեանի, Ալեքսանտր Շիրվանզատէի, Ղազարոս Աղայեանի, Յովհաննէս Յովհաննիսեանի, Լեւոն Շանթի, Գէորգ Բաշինջաղեանի, Փանոս Թէրլէմէզեանի, Եղիշէ Թադէոսեանի եւ այլոց հետ։ Ստեփան Լիսիցեան Յովհաննէս Թումանեանի եւ Լեւոն Շանթի հետ կազմած է «Լուսաբեր» մայրենիի դասագիրքը, որ հրատարակուած է Թիֆլիզ եւ Պոլիս, յետոյ արեւմտահայերէնով տպուած է նաեւ Պուքրէշ եւ Պէյրութ:
Ստեփան Լիսիցեան գրած է նաեւ «Զանգեզուրի հայերը», «Արցախի հայերը» եւ բազմաթիւ այլ գիրքեր:
Հայրենիքի, հայ մշակոյթի եւ հասարակական կեանքի նուիրեալ էր նաեւ Ստեփան Լիսիցեանի որդին՝ ազգագրագէտ, բանասէր, պատմաբան ու հասարակական գործիչ Լեւոն Լիսիցեան:
Սրբուհի Լիսիցեան տարրական կրթութիւնը ստացած է իր մօր հիմնած դպրոցը, ապա ուսումը շարունակած է Թիֆլիզի աոաջին իգական վարժարանին մէջ: Մանուկ հասակէն ուսումնասիրած, սորված է օտար լեզուներ եւ աւարտելէ ետք՝ ընտանիքի հիմնած վարժարանին մէջ օտար լեզուներ դասաւանդած է:
Իր ուսումը Սրբուհի Լիսիցեան շարունակած է Մոսկուա՝ ուսումնասիրելով ռուս եւ ռոմանական գրականութիւն: Մոսկուայի մէջ ան կ՚ուսանի նաեւ Գեղարուեստական խօսքի եւ Պարարուեստի արուեստանոցներուն մէջ: 1917 թուականին կը վերադառնայ ծննդավայր Թիֆլիզ, ուր ալ ի յայտ կու գայ անոր կազմակերպչական տաղանդը։
Թիֆլիզի մէջ ան կը հիմնէ ասմունքի, համաչափական եւ համադրական արուեստներու արուեստանոց, որ Վրաստանի մէջ խորհրդային կարգեր հաստատուելէ ետք՝ 1921 թուականին կը վերածուի Թիֆլիզի կշռոյթի եւ համաչափութեան կաճառի: Լիսիցեանի աշխատանոցը, որ ունէր 100 սան, մեծ համբաւ կը վայելէր, անոր սաներուն ելոյթները դիտելու կ՚երթար նոյնիսկ Սթալինը: Վրաստանի մէջ տեսնելով պարային ելոյթները, ան տեղական իշխանութիւններուն կարգադրած է՝ արուեստանոցին ձեռքբերումները ներկայացնել արտասահմանի մէջ, եւ Լիսիցեանը, իր ամուսինին եւ երկու պարուհիներու հետ, գործուղած են Գերմանիա: Այնտեղ ան մնացած է երեք տարի, դասաւանդած է խորհրդային դեսպանատան կից արուեստանոցի մէջ, նաեւ՝ գերմանացի համայնավարներու համար պարապմունքներ ըրած է։ Ան առանձին վերադարձած է Թիֆլիզ, իսկ ամուսինը մնացած է Գերմանիա:
1930 թուականին Սրբուհի Լիսիցեան հրաւիրուած է Հայաստան եւ անմիջապէս ընդունած հրաւէրը՝ հայրենիքի մէջ պարարուեստի հիմունքները զարգացնելու յոյսերով:
Անոր ջանքերուն շնորհիւ նոյն թուականին Երեւանի մէջ բացուած է պարի կրթական կեդրոն, որ կ՚ուսուցանէր մանաւանդ համաչափութիւն, համադրութիւն, նաեւ Լիսիցեան կը ղեկավարէր սովորողներու ազգագրական խումբը եւ աշխատանոցը: 1936 թուականին Երեւանի մէջ կը բացուի պարարուեստի պետական ուսումնարանը, որ գոյութիւն ունի մինչեւ այսօր: Լիսիցեան կը դառնայ ուսումնարանի առաջին տնօրէնը։
1930 թուականին Սրբուհի Լիսիցեան, պտտելով Հայաստանի բնակավայրերը՝ կը սկսի գրի առնել ժողովրդական պարեր եւ թատերական ներկայացումներ (թատերախաղեր), բանահիւսական նիւթեր։ Լիսիցեան երբ կը կազմէ իր խումբը, ան առաջինը կը պարէ իր գրի առած, մշակած եւ բեմադրած պարերը: Անոնց մէջ մեծ թիւ կը կազմէին մանաւանդ ազգագրական պարերը, որոնք բնորոշ եղած են Շատախի, Սասունի, Ալաշկերտի, Շիրակի, Լոռիի եւ այլ շրջաններուն:
Հայկական ժողովրդական պարերու՝ Լիսիցեանի գրառումներն ու տեսական վերլուծութիւնները ոչ միայն առաջինն էին հայ պարարուեստի պատմութեան մեջ, այլեւ հիմնարար նշանակութիւն ունէին։ Ան, գրի առնելով, այդ արժէքները փրկած է կորուստէն: Ատոնք գաւառներէն մնացած մասունքներ էին, ինչ որ ժողովուրդը իր հետ Հայաստան տարած էր:
Գրի առնելէն ետք, ան սկսած է մշակել ատոնք, ստեղծած է շարժումներու գրառման համակարգ: Ուսումնասիրելով մինչ այդ գոյութիւն ունեցած գրառման համակարգերը, վերացնելով նախորդներուն թերութիւններն ու անճշդութիւնները, ստեղծած է հիմնաւոր համակարգ, որուն հիման վրայ կը բեմադրուէին պարերը: Արհեստավարժ պարուսոյց մը, պարը սորվեցնելէ առաջ, պէտք է կարողանար կարդալ պարային գրառումը, այնպէս, ինչպէս երաժիշտ մը, երաժշտութիւն սորվեցնելէ առաջ կը կարդայ նօթագրութիւնը:
1940 թուականին Մոսկուայի մէջ կը հրատարակուի Լիսիցեանի «Շարժման գրառումը» աշխատութիւնը, որ մինչ այդ ստեղծուած համակարգերւ տրամաբանական շարունակութիւնն էր։ Աշխատութիւնը լայն ճանաչում կը ստանայ համաշխարհային մակարդակով, ռուսերէնէ կը թարգմանուի եւ կը ծառայէ նաեւ եւրոպացի պարողներուն:
Կին պարագէտի նոր մեթոտը հնարաւորութիւն ընձեռած է դիւրութեամբ վերլուծելու շարժումը՝ ամբողջութեամբ եւ առանձին տարբերակներով:
Սրբուհի Լիսիցեան կը նկատուի նաեւ Կովկասի մէջ գեղարուեստական մարմնամարզութեան հիմնադիրը:
Նշանաւոր պարագէտի կեանքի գործերէն մէկը կը դառնայ «Հայ ժողովուրդի հինաւուրց պարերը եւ թատերական ներկայացումները» հինգ հատոր կազմող աշխատութիւնը, սակայն անոր առաջին հատորը լոյս կը տեսնէ Սթալինի մահէն ետք միայն, քանի որ շրջան մը Լիսիցեան անցանկալի անձ դարձած էր իշխանութիւններուն համար: 1940-ականներու սկզբին Լիսիցեանի քսանամեայ որդին իր օրագրին մէջ գրած է. «Մենք այնքան շատ կը ծափահարենք Սթալինը, որ շուտով մեր ափերուն մէջ կոշտուկներ պիտի ըլլան»: Այս գրառման համար անոր ձերբակալած եւ գնդակահարած են: Եւ միայն Սթալինի մահէն ետք է, որ հայագիտութեան նուիրեալը կրցած է լիարժէք շարունակել իր գործը, ցաւօք, կորսնցնելով որդին:
Եւ երբ Սթալինի մահէն ետք տպագրուեցաւ այդ արժէքաւոր գիրքը, Մոսկուայի մէջ Սրբուհի Լիսիցեանին շնորհեցին պատմական գիտութիւններու տոքթորի գիտական աստիճան: Ան դարձաւ առաջին հայ կին տոքթոր-պատմաբանը:
Լիսիցեան գրած է բազմաթիւ յօդուածներ, կատարած է թարգմանութիւններ, որոնք բոլորն ալ նպաստած են հայ պարարուեստի զարգացման, բայց ըլլալով նաեւ գեղարուեստական գրականութեան սիրահար, հայ գրողներու գործեր թարգմանած է ռուսերէնի: Համահեղինակն է «Նարինէ» պալէի: Սրբուհի Լիսիցեանի սաները մեծ յոյսեր ունէին, որ Երեւանի պարարուեստի ուսումնարանը կը կոչուէր հիմնադիրներէն Սրբուհի Լիսիցեանին անունով, կամ պարի որեւէ կրթական հաստատութիւն կը զարդարէր Սրբուհի Լիսիցեան անունը, սակայն անուանի պարագէտին անունը չդրուեցաւ որեւէ կառոյցի վրայ: Եւ միայն, 2021 թուականին Երեւանի «Մխիթար Սեբաստացի» կրթահամալիրի ծէսերու կեդրոնը անուանակոչուեցաւ «Լիսիցեան ծէսերու կեդրոն», ուր աշակերտներ պարային եւ բանահիւսական նախագիծեր կը կատարեն:
ՊԱՐԵՐԸ
Սրբուհի Լիսիցեանի յիշատակը կը յաւերժացնեն ո՛չ միայն իր կատարած գիւտը, գիրքերը, աշխատութիւնները, այլեւ՝ մշակած պարերը, որոնք այսօր կը պարեն մեր պարային խումբերը՝ Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ: Մանաւանդ «Կարին» խումբն է, որ հետեւողական կերպով կը բեմադրէ եւ կ՚ուսուցանէ Լիսիցեանի պարերը: Լիսիցեան իր ուսումնասիրութիւններու մէջ կը փաստէր, որ պարերը ժողովուրդի մը դիմագիծն են, անոր ուրախութեան, տխրութեան, սովորութիւններու, աւանդոյթներու վառ արտայայտութիւնը: Պարը ազգի մը այցեքարտերէն է, եւ մեր պարի մէջ ան փնտռած եւ գտած է հայ ժողովուրդի ազգային բնաւորութիւնը, հոգեկան աշխարհը, բնութեան, կեանքի, երեւոյթներու հանդէպ ունեցած վերաբերմունքը: Դարերէն եկող մեր պարը այսօր ալ կենսունակ է, սակայն Լիսիցեանի գրառած ոչ բոլոր պարերն են, որ ծանօթ են հանդիսատեսին: Ան ոչ միայն պարը գրառած է, այլեւ արձանագրած է մեղեդին եւ երգի բառերը, որոնցմով յաճախ ուղեկցուած են պարերը: Սրբուհի Լիսիցեան նաեւ կը նկարէր տարազները, որոնցմով կարելի էր պարել տուեալ պարերը: Ներկայացնենք Լիսիցեանի գրառած եւ այսօր մեծ տարածում գտած երեք պար:
ՎԱՍՊՈՒՐԱԿԱՆԻ ԼՈՒՏԿԻ
Այս պարը Վանայ պարերէն է: «Լուտկի» անուան արմատը «լոյտք»ն է՝ «լուտանք» իմաստով, եւ պարն ալ իր մէջ ունի այդ նշանակութիւնը:
Հին կախարդ-քուրմերը միշտ չէ, որ բարի էին եւ կը հմայէին: Անոնք յաճախ ամբողջովին, վստահ իրենց ուժերուն, փորձանք էին իրենց թշնամիներուն կամ իրենց համար անցանկալի անձերուն համար: Այդ յատկութիւնները անցած է կախարդ-քուրմերու ժառանգորդներուն՝ խեղկատակներուն եւ ծաղրածուներուն, որոնք ալ ստացած են այլոց դատապարտելի արարքները բացայայտելու, ծաղրելու, հայհոյելու իրաւունքը: Անոնք իրենց ծաղրով ու սրամտութիւններով կ՚ուրախացնէին մարդոց մէկ մասը՝ մերկացնելով եւ դիպուկ պարսաւանքով նեղելով միւսներուն: «Լուտկի» անուանումը մասնագէտները կը վերագրեն այդպիսի ծաղրածու-խեղկատակներու պարերուն:
«Լուտկի» կը պարեն ոտք զարնելով, որ կը կատարուի ոտքի ողջ ներբանով եւ ոտնաթաթով: Պարողները կը կանգնին քով-քովի եւ այդ շարուածքը չի փոխուիր նոյնիսկ դարձումներու ժամանակ: Պարը կը պարեն իրարու ճկոյթ բռնած, արմունկները կը ծալեն ուղիղ անկեան տակ: Կը պարեն դաստակները գօտկատեղի բարձրութեամբ առաջ պարզած եւ գրեթէ անշարժ:
«Լուտկի» պարի բոլոր շարժումները ուրախութիւն կը փոխանցեն: Ասիկա խեղկատակներու, մերկացնողներու կատակ-պար է:
ՓԱՓՈՒՌԻ
Փափուռին չարխափան պար է։ Պարած են չար ու բացասական ուժերը վանելու նպատակով։
Փափուռի պարի մէջ առկայ են այնպիսի շարժումներ, ինչպիսիք են՝ ծափը, ոտքով հարուածելը եւ «չաթմա» զարնելը: Ըստ աւանդոյթի՝ ծափերու միջոցով կը փախցուէին չար ուժերը, իսկ կրունկով կամ թաթով հարուածելով գետնին՝ ժողովուրդը կը հաւատար, որ կը հարուածէ անոնց գլխուն ու աչքերուն։
Պարը ունի երկու մաս՝ դանդաղ եւ արագ։
«ԵԿԷՔ ԾԵԾԵՆՔ ՍՈԽ ՈՒ ՍԽՏՈՐ»
Սրբուհի Լիսիցեանի արձանագրած եւ բեմադրած մանկական պարերուն մէջ առանձնայատուկ տեղ ունի «Եկէք ծեծենք սոխ ու սխտոր» մնջախաղային պարը: Այն տարածուած էր Հայաստանի զանազան պատմա-ազգագրական շրջաններու մէջ, մանաւանդ՝ Վան, Շատախ, Շիրակ եւ Ջաւախք: Երկու երթալ, մէկ դառնալ պարաձեւով երեխաները իրարու կը հարցնէին՝ «Ինչո՞վ ծեծենք սոխ ու սխտոր»: Յաջորդ խումբը կը պատասխանէր՝ անուանելով ու ցուցադրելով մարմնի այն մասը, որով պէտք է ծեծեն (թաթով, կրունկով, ծունկով, բռունցքով, արմունկով, ճակատով, քիթով, կզակով եւ այլն):
Մասնագէտներ, ուսումնասիրելով Լիսիցեանի գրառած պարերը, նկատած են հետեւեալ օրինաչափութիւնը. ուրախ եւ զուարթ պարերու ժամանակ պարողները կը շարժին դէպի աջ, իսկ վիշտ արտայայտող պարերու ժամանակ պարողները կը շարժին դէպի ձախ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան