ARMENIAN AIRLINES-Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Պատրիարքարանի ամարանոցին մէջ ընդունեց «Armenian Airlines» ընկերութեան ներկայացուցիչները՝ Հերմինէ Յովհաննէսեանը, Էրսին Թիւֆեքճին եւ Արփինէ Սէօղիւթ Թիւֆեքճին։ Անոնք տեղեկութիւններ տուին օդանաւային ընկերութեան գործունէութեան մասին եւ յայտնեցին, թէ 2 յուլիսէն սկսեալ իրենց ընկերութիւնը ձեռնարկած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ուղիղ թռիչքներու։ Ընկերութիւնը շաբաթը երկու օր պիտի ունենայ թռիչքներ։ Անոնք յայտնեցին նաեւ, թէ Համահայկական խաղերու եւ Միւռոնօրհնութեան արարողութեան սեմին իրենց գործունէութիւնը առաւել օգտակար պիտի ըլլայ։

Նորին Ամենապատուութիւնը ուրախութիւն յայտնեց ընկերութեան ներկայացուցիչներուն փոխանցած տեղեկութիւններուն կապակցութեամբ եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 5, 2023