ՀԱՒՆ ՈՒ ՀԱՅԸ

Յետցեղասպանութեան շրջանին շատ դժուարին պայմաններու մէջ ստեղծուեցան մեր հայկական գաղութները, սակայն նիւթական դժուարութիւններու կողքին կար աւելի կարեւոր դժուարութիւն մը՝ որն էր հայրենիքի կարօտը: Հայկական գաղութներու առաջին ներկայացուցիչները գրեթէ չյաջողեցան յարմարիլ այնտեղ՝ ուր ակամայ յայտնուեցան։ Սկզբնական սերունդի ներկայացուցիչներէն շատ շատեր նոյնիսկ այդ օտար երկիրներու պետական լեզուէն բառ մը իսկ չսորվեցան եւ ուզեցին օտար ափերու մէջ ապրիլ այնպէս՝ ինչպէս պիտի ապրէին իրենց սեփական հայրենիքին մէջ՝ իրենց հայու նկարագրով, հայու սովորութիւններով ու աւանդութիւններով եւ օտարանալու փոխարէն նախընտրեցին օտար երկիրներու մէջ նոր հայաստան մը հիմնել՝ ճիշդ ու ճիշդ անցեալինին նմանութեամբ:

Այդ կարօտը յաջողեցան փոխանցել նաեւ իրենց յաջորդող մի քանի սերունդներուն. անոնց փոխանցեցին ամէ՛ն բանի մէջ հայկականը տեսնելու, հայրենիքը զգալու գաղտնիքը: Ամենէն աննշմար մէկ բանին մէջ նոյնիսկ հայրենիք երազեցին անոնք. խօսինք օրինակներով. այս շատ կարճ պատմութիւնը Շաւարշ Նարդունին է գրողը.-

«Փարիզի բանուորական խաղաղ մէկ թաղին մէջ, փողոցին անկիւնը, ճամբուս վրայ, այսօր հաւ մը կ՚երգէր, արեւէն գինովցած.-

-Կա՜... կա՜... կա՜...

Կանգ առի եւ խօսեցայ:

-Զուր է հաւո՛ւկ, զո՛ւր է, այդ ձայնովդ դուն չես կրնար մտնել քոնսերվաթուար:

Հաւը գլուխը ծռեց նարգիսի մը պէս եւ ինծի նայեցաւ մէկ աչքով, ճիշդ ինչպէս մարդ մը, որ մէկ աչքով կը նայի, երբ հեգնել ուզէ: Յետոյ շարունակեց իր երգը, արեւէն գինով.

-Կա՜... կա՜... կա՜...

Ինչ մեղքս պահեմ, անո՜յշ էր հաւուն եղանակը եւ մտերիմ: Հին ձայն մըն էր, որ կը փրթէր հոգւոյս խորերէն: Լար մըն էր, որ կը թրթռար յիշատակներուս անտառին մէջէն: Բանաստեղծութիւն մըն էր, որ կու գար Հայրենի գիւղէս»:

Նման հիւանդագին վիճակ մը ունէր անոնց հայրենասիրութիւնը, որ կրնար հաւուն ձայնին մէջ նոյնիսկ հայրենիքը լսել ու տեսնել: Ճի՛շդ է, վիճակը հիւանդագին է, սակայն այսօր այդ հիւանդութեան պակասն է, որ կ՚ապրինք. նման հայրենիքով հիւանդ սերունդի մը յաջորդեցին սերունդներ, որոնք մոռնալով սեփականը՝ օտարինը ընդօրինակեցին եւ սեփականի նման օտարինով ապրեցան: Իրենց սեփական լեզուն սկսան նկատել երկրորդական լեզու եւ օտարին լեզուն սեփական լեզուէն աւելի լաւ տիրապետել սկսան:

Այսօր հազարաւոր հայեր Եւրոպա եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ մեկնելու համար սիրտ ու հոգի կու տան, սակայն պատմութիւնը կը խօսի, թէ ինչպէս 1949 թուականին աշխարհի չորս կողմէն հայեր ուզեցին վերադառնալ հայրենիք. անոնք վերադառնալու ժամանակ գիտէին, որ Հայաստանի մէջ պայմանները այնքան ալ ապահով ու փայլուն չեն. ինչպէս այսօր, անցեալին ալ Եւրոպա եւ Ամերիկա «Աւետեաց երկիր» մըն էր թէ՛ նիւթապէս եւ թէ այլ դիւրութիւններով, սակայն հակառակ այդ «հանգիստ»ին մարդիկ ուզեցին վերադառնալ, որովհետեւ կարօտը որ ունէին իրենց սիրտերուն մէջ աւելի մեծ էր՝ քան հանգստաւէտ կեանքի մը տուած հաճոյքը:

Վստահաբար այսօր անոնց յաջորդող սերունդները կ՚անիծեն իրենց նախնիները՝ աւետեաց երկիրը թողելով Հայաստան վերադառնալու համար, որովհետեւ այսօր հակառակ պայքարը իրենք կը մղեն եւ կ՚ուզեն դուրս գալ հայրենիքէն: Եթէ այսօր հայրենիքէն դուրս եկողները պիտի պատճառաբանեն, թէ հայրենիքը խաղաղ վիճակ մը չունի, յայտնեմ, թէ այդ ժամանակ եւս խաղաղ պայմաններ չէր տիրեր Հայաստանի մէջ. կար Սովետական Միութեան հսկողութիւնն ու խստութիւնը, սակայն հակառակ այդ բոլորին, հայեր կը նախընտրէին հսկողութեան ու լուծի տակ ապրիլ հայրենիքի մէջ՝ քան օտարութեան մէջ ազատութեամբ ապրիլ:

Հաւի ձայնը նոյնիսկ հայրենիքին կապող սերունդը իր սեփական անձին կողքին կ՚ապրէր նաեւ իր ազգին, իր հայրենիքին եւ իր հայրենակիցներուն համար. մերօրեայ մարդը կ՚ապրի միա՛յն իր եսին համար եւ այդ է որ ո՛չ հաւին ձայնը, եւ նոյնիսկ շատ անգամ հայրենիքէն իսկ եկած ձայնը կը դժուարանայ լսել եւ եթէ նոյնիսկ լսէ՝ կը դժուարանայ հասկնալ:

Շաւարշ Նարդունիի մէջ նկարագրուած հաւը նոյնինքն հա՛յն է. հաւը իր ձայնով երաժշտանոց չէր կրնար ընդունուիլ, սակայն յամառութեամբ կը շարունակէր իր երգը. նոյնպէս ալ հայը հայրենիքէն դուրս չէր կրնար իր հայութեանը գոյութիւն տալ, սակայն պարտաւոր էր օտարութեան մէջ նոյնիսկ երգել այդ հայութիւնը եւ այդ ապրելու, գոյատեւելու արժէքներն էին որ կը միացնէին հաւն ու հայը՝ Փարիզի փողոցներուն մէջ:

Գուցէ Փարիզի հաւերը մինչեւ այսօր կ՚երգեն, սակայն հայուն երգը կամաց կամաց սկսած է նուաղիլ եւ անհետանալ եւ այս բոլորին պատճառը ո՛չ ցեղասպանութիւնը, ո՛չ ճակատագիրը եւ ո՛չ ալ ժամանակակից աշխարհն է. պատճառը եւ մա՛նաւանդ մեղաւորը մենք ենք, որ հաւին նման յամառօրէն երգելու փոխարէն կը համակերպինք միջավայրին եւ կը դառնանք հայեր՝ օտար աւանդութիւններով, լեզուով ու համոզումներով:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -282-

Լիբանանի մէջ հայ վաճառական մը ունէր ափրիկեցի գործաւոր մը, որ երկար տարիներ հաւատարմօրէն աշխատելով իր գործատուին մօտ, ապրելով անոր միջավայրին մէջ ինքզինք սկսած էր հայ զգալ եւ իր անուան փոխարէն սկսած էր գործածել Ռաֆֆի անունը:

Հակառակ իր սեւութեան, կը խօսէր անթերի հայերէն մը, իր բոլոր դարձուածքներով, կատակներով ու արտայայտութիւններով. եթէ գոյնը սեւ չըլլար, դժուար մարդ կասկածէր անոր հայ ըլլալուն: Կրնաք վստահ ըլլալ, թէ ան համոզուած էր իր հայ ըլլալուն այնքան՝ ինչքան հայ մը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Յուլիս 5, 2023