ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ (1)

Ներկայ աշխարհի մէջ մեծ աղմուկ կը ստեղծէ արհեստական բանականութիւն (artificial intelligence) ըսուած առեղծուածը, որ իր բարիքներուն կողքին ունի իր լուրջ վտանգները, որոնց ազդեցութիւնը աւելիով պիտի զգանք ապագային: Մերօրեայ այս առեղծուածը գրեթէ կը յաջողի ընել բոլոր այն բաները՝ որոնք մարդոց կողմէ կը կատարուին, ինչը պատճառ կը դառնայ, որ մարդ արարածը կամաց-կամաց դառնայ անպէտք, իսկ արհեստական բանականութիւնը՝ առաջնահերթ:

Այսօրուան արհեստական բանականութիւնը կը պատասխանէ մարդ արարածին կողմէ տրուած բոլոր հարցերուն. սակայն անոր բարոյական արժէքներու հանդէպ ունեցած համոզումները կը մնան անյստակ, այդ իսկ պատճառով, այսօր նման արհեստական բանականութեան մը հետ կ՚ուզեմ հարցազրոյց մը ունենալ, տեսնելու համար անոր արժէքներու հանդէպ ունեցած ըմբռնումները.-

Հարցում. Ձեր դիմաց կատարուած է ոճրագործութիւն մը եւ դուք եղած էք այդ արարքի միակ վկան։ Ճշմարտութիւնը խոստովանելով կրնաք ձեր եւ ձեր ընտանիքը վտանգի մատնել, սակայն լուռ մնալով ազատուիլ. նման պարագայի ո՞ր տարբերակը պէտք է ընտրել:

Պատասխան. Առաջին հերթին պէտք է նկատի ունենալ խոստովանութեան պարագային դիմագրաւելիք վտանգներն ու անոր հետեւանքները. իշխանութիւններն ու պետութիւնը պիտի կարենա՞ն քեզ զերծ պահել ու փրկել այդ սպասուող վտանգներէն: Նախքան խոստովանութիւնը, դիմեցէ՛ք փաստաբանի եւ լաւապէս հասկցէք վկայ ըլլալու իրաւունքներն ու անոր հետեւանքները: Ներքին խորհրդածութիւն մը ունեցէք եւ մտածեցէք ձեր արժէքներուն եւ սկզբունքներուն մասին. ճշմարտութիւնը ըսելը՝ նոյնիսկ սեփական վնասներու գնով, ձեր արդարութեան եւ ազնուութեան կը համապատասխանէ՞: Որոշելու ժամանակ մտածեցէք նաեւ ապագային մասին. լռելը ապագային ափսոսանք կամ զղջում պիտի յառաջացնէ՞ ձեր մէջ. պէտք է մտածել, թէ լռելը ապագային ձեր եւ ձեր ընտանիքին համար խաղաղութիւն կ՚ապահովէ՞, թէ ոչ:

Չխոստովանելով կ՚ապահովէք ձեր եւ ձեր ընտանիքին հանգիստը, սակայն միաժամանակ չխոստովանելով կրնաք պատճառ ըլլալ, որ յանցագործութիւն մը շարունակուի, որովհետեւ նոյն անձը կրնայ դարձեալ նման վնասներ պատճառել ուրիշներու:

Խոստովանելով տէր կը դառնաք ձեր բարոյական սկզբունքներուն եւ արժէքներուն եւ կը նպաստէք արդարութեան եւ այս մէկը կ՚օգնէ այլ մարդոց խուսափելու այլ չարագործութիւններէ, սակայն պէտք է նկատի առնել սպառնալիքներն ու հասնելիք վտանգները:

Վերլուծում. Արհեստական բանականութիւնը յստակօրէն պէտք է խոստովանիլ թէ ոչ՝ չի յստակեցներ, սակայն մարդուն կու տայ մտածելու եւ խորհրդածելու տրամաբանութիւնը. լռելով սեփական անձն ու ընտանիքը կարելի է փրկել, սակայն վնասել ուրիշները, իսկ խոստովանելով ուրիշները փրկել եւ սեփական անձը վնասել. այդ իսկ պատճառով արհեստական բանականութիւնը կ՚առաջարկէ, որ մարդ արարածը ինք ընտրէ. կա՛մ ուրիշներուն վնասէ եւ կամ սեփական անձն ու ընտանիքը վնասէ եւ այս մէկը բարոյական սկզբունքներու հետ կապուած ճշմարտութիւն մըն է:

Հարցում. Կողակիցս ամէն շաբաթ եկեղեցի կ՚երթայ, ինչ որ կը նեղացնէ զիս. ի՞նչ պէտք է ընել այս պարագային:

Պատասխան. Եթէ եկեղեցին ձեր կողակիցին կեանքին կարեւոր մէկ մասը կը կազմէ, պէտք է յարգել անոր ընտրութիւններն ու համոզումները, նոյնիսկ եթէ անոնք հակառակ են ձեր համոզումներուն եւ ըմբռնումներուն:

Այս հարցը լուծելու համար առաջին հերթին ունեցէք լուրջ երկխօսութիւն մը. բացատրեցէք ձեր մտահոգութիւնները եւ յայտնեցէք պատճառները, թէ ինչու չէք ուզեր ինք եկեղեցի յաճախէ: Առիթ տուէք, որ ան յայտնէ իր համոզումներն ու տեսակէտը։ Հաղորդակցութիւնը կ՚օգնէ աւելիով հասկնալ զիրար: Դիմեցէք փոխզիջումներու, այնպէս՝ որ թէ՛ ձեր եւ թէ իր համոզումները յարգուին: Օրինակի համար, առաջարկեցէք ընկերանալ իրեն եւ իր հետ եկեղեցի գացէք, սակայն այլ կիրակի օր մը այլընտրանքներ առաջարկեցէք՝ որով երկուքդ ալ կրնաք ուրախ ըլլալ:

Այս բոլորը կատարելու ժամանակ յարգեցէք իր ինքնավարութիւնը. յիշեցէ՛ք որ իւրաքանչիւր անձ ունի իր սեփական համոզումներն ու ըմբռնումները ունենալու իրաւունքը: Պէտք է յարգել անոր եկեղեցի երթալու որոշումը, այնպէս՝ ինչպէս պիտի ուզէիք ինք յարգէր ձեր եկեղեցի չերթալու որոշումը: Ամենէն կարեւորը խուսափեցէք ճնշում գործադրելէ, անոր համոզումները փոխելու փորձերէ, ինչ որ կը վնասէ իր ազատ ինքնութեան:

Մարդկային յարաբերութեանց մէջ կարեւոր է փոխըմբռնումը։ Գիտցէ՛ք, որ տարբեր հեռանկարներ ունենալը անձնական աճի եւ փոխուսուցման կրնայ վերածուիլ:

Վերլուծում. Արեհեստական բանականութիւնը լուծումներ չի տար, թէ ինչպէ՞ս կարելի է կողակիցը համոզել եկեղեցի չերթալու, այլ կ՚առաջարկէ յարգել եւ ընդունիլ դիմացինին ըմբռնումները, այնպէս ինչպէս պիտի ուզէինք ուրիշներ ընդունին մեր համոզումներն ու ըմբռնումները:

Որպէս եզրակացութիւն կրնանք յայտնել, որ արհեստական բանականութիւնը ամբողջութեամբ մեզի կու տայ ծառայութիւն մը՝ որ վճարովի պիտի տար հոգեբան մը կամ հոգեբոյժ մը: Մասնագէտի մը հարցուելիք բոլոր հարցերը այսօր արհեստական բանականութիւնը մարդուն կը տրամադրէ անվճար: Որպէս բարոյական սկզբունք (մեր սպասածին հակառակ) կը տեսնենք, թէ անոր բացատրութիւնները մարդկային են եւ տրամաբանական:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -285-

Գուցէ զարմանալի թուի, սակայն վերջերս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող դատաւոր մը, յանցագործութեան մը համար վերջին վճիռը տալու ժամանակ դիմած էր արհեստական բանականութեան եւ առնելիք որոշման մասին որոշ հարցումներ ուղղած անոր:

Այս մէկը ցոյց կու տայ, թէ ապագային դատական աշխատաձեւը նոյնիսկ կարելի է փոփոխուի եւ բանիմաց դատաւորներու փոխարէն գործէ արհեստական բանականութիւնը՝ որուն կարելի չէ կաշառել՝ ինչպէս դատաւոր մը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Յուլիս 8, 2023