ԱՅԷԹՈՒԼԼԱՀ ԽԱՄԱՆԷՅԷՆ ՎԵՐՋ Ի՞ՆՉ ԱՊԱԳԱՅ ԿՐՆԱՅ ՍՊԱՍԵԼ ԻՐԱՆԻՆ
Գաղտնիք չէ, որ Իրան արտաքին եւ ներքին բաւական ծանրաբեռնուած օրակարգ մը ունի եւ այդ երկրին գլխաւոր քաղաքական միտքը նախագահինը չէ։ Իրանի մէջ գոյութիւն ունի դրութիւն մը, որուն գլխաւոր յենասիւնն է կրօնապետը։ Այս պարագային առաջին դէմքն է Իմամ Ալի Խամանէյը։ Ուշագրաւ է, որ յիշեալ գերագոյն հոգեւոր պետը հրապարակ մտած է նախ եւ առաջ քաղաքական պատուհանէ, ապա շատ կարճ ժամանակի մը ընթացքին ստանձնած է երկրի թիւ մէկ կրօնական-քաղաքական առաջնորդի երեւելի դերակատարութիւնը։ Վերջին տարիներուն շատ կը խօսուի, թէ Իրան ինչպիսի ճամբայ մը կրնայ բռնել, եթէ յանկարծ առողջական լուրջ պայմաններու հետեւանքով տարեց կրօնապետը ստիպուած ըլլայ հեռանալ իր պաշտօնէն։
Երկիրը ունի շեշտակի երկու քաղաքական թեւ, սակայն, Իրանի մէջ քիչ ու մանաւանդ՝ անանտեսելի չեն այն քաղաքական հոսանքները, որոնք յաճախ կը գործեն լուսանցնքերէն անդին։ Ու այս առումով ալ ամենակարեւոր հարցումը հետեւեալն է. երկիրը ի վերջոյ պիտի կարողանա՞յ ունենալ քաղաքական միտքի տէր նոր առաջնորդ մը, որ բաւական ուժեղ ներկայութիւն մը պիտի դառնայ։ Հարցադրումը միայն հռետորական չէ՝ մանաւանդ, որ ինչպէս երէկ, այնպէս ալ ներկայիս Իրանի մէջ կան մեծ հոսանքներ եւ անմիաբանութեան ու հզօր առաջնորդի մը բացակայութեան պարագային անոնք կրնան երկիրը նոր խլրտումներու կամ տագնապներու տանիլ։ Մինչ այդ, շաբաթավերջին Իրանէն հասած՝ բռնի դէպքերու վերաբերեալ լուրերն ալ այս եւ նման հարցադրումներուն կը վերագրեն այժմէական նշանակութիւն։
Ի դէպ, օրերս «Foreign Affairs» պարբերականը բաւական ծաւալուն յօդուած մը հրապարակած է Իրանի մասին։ Այս առթիւ արծարծուած է՝ «Խամանէյէն ետք Իրան դէպի ո՞ւր» կարեւոր հարցադրումը, որ բաւական բարձր կը հնչէ։ Ըստ յօդուածին, արեւմտեան վերլուծաբաններ կ՚ակնկալէին, որ Իրանի մէջ վերջին ինն ամիսներուն տեղի ունեցած բողոքի ցոյցերը յանգեցնէին քաղաքական փոփոխութիւններու, ապա կառավարութեան փլուզումի, սակայն, այդ ակնկալութիւնները չարդարացան։ Ցոյցերը մարեցան եւ ցուցարարները որեւէ վտանգ չներկայացուցին: Այսօր Իրանի վենրախաւը մտահոգ է, թէ ո՞վ պիտի յաջորդէ Խամանէյին: Ճիշդ է, որ ան ներկայիս թէեւ առողջ է, սակայն արդէն 84 տարեկան է եւ ունի լուրջ առողջական խնդիրներ:
Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մէջ շատ յստակ է գերագոյն հոգեւոր առաջնորդի ընտրութեան ձեւը: Ըստ սահմանադրութեան՝ Մասնագէտներու խորհուրդը (կազմուած 88 հոգեւորականներէ) կը գումարուի։ Անոր անդամներուն ժամանակ կը տրամադրեն ուսումնասիրելու եւ անոնք կը քուէարկեն յարմար թեկնածուներէն մէկուն համար։ Ի հարկէ, այնքան ալ դիւրին չէ ընտրութիւնը՝ մանաւանդ, որ խորհուրդի անդամներուն 60 տոկոսը 70 տարեկանէն վեր է, միայն քանի մը անդամ իսկական քաղաքական ազդեցութիւն ունի՝ մինչդեռ մեծամասնութիւնը կամ բարձրաստիճան քաղաքական գործիչներու բուն իշխանութեան գործակիցներ կամ անվտանգութեան ու ռազմական ոլորտի ղեկավարներ են։ Անոնք են նաեւ, որ կը վերահսկեն պետական կառոյցները: Հետեւաբար, անոնք պառակտուած են եւ այդ պատճառով ալ շատ դժուարութեամբ կը հասնին համաձայնութեան։
Հաւանաբար, Խամանէյի յաջորդի ընտրութեան մրցակցութիւնը թէժ ըլլայ՝ մասնաւորապէս երկու հիմնական հոսանքներու՝ պահպանողականներուն եւ բարեփոխիչներուն միջեւ: Իրան թերեւս յայտնուի այն նոյն իրավիճակին մէջ, ինչպէս որ էր 1989-ին, երբ ընտրուեցաւ Խամանէյ: Հաւանական է, որ ձեւաւորուին դաշինքներ, սակայն, ի վերջոյ յաղթանակը տանի անսպասելի թեկնածու մը: Արդարեւ, այդ ժամանակ քիչեր կ՚ակնկալէին, որ Խամանէյ կը դառնայ Այէթուլլահ Խումէյնիի յաջորդը՝ որպէս երկրի գերագոյն հոգեւոր առաջնորդ: Խամանէյ այդ ժամանակ միջին մակարդակի հոգեւորական մըն էր, որ չունէր սահմանադրութիւնով նախատեսուած որակաւորումները՝ առաջնորդ դառնալու համար: Նոյնիսկ Խումէյնին 1988-ին բաց նամակով մը հաստատած էր, թէ Խամանէյ նախապէս չունէր կրօնական վարդապետութեան ճիշդ ըմբռնում մը: Վստահաբար, Խամանէյ ունէր գաղափարակիցներ եւ բաւականաչափ ներուժ՝ հասնելու համար նախագահի պաշտօնին 1981-ի եւ 1985-ի ընտրութիւններուն։ Բայց այդ ժամանակ նախագահը իշխանութիւն չունէր եւ անոր դերը միայն խորհրդանշական էր։ Խամանէյ մաս կը կազմէր աջակողմեաններուն, որոնք կը կարծէին, թէ կրօնապետը բարձր չէ աւանդական կրօնական օրէնքէն: 1987-ին, Խումէյնին յանկարծ Յեղափոխական կոմիտէներու ղեկավարութիւնը յանձնեց ձախակողմեաններուն։ Այդ ժամանակ յիշեալ կոմիտէները անվտանգութեան ամենավտանգաւոր ուժերն էին երկրին մէջ: Խամանէյի ընտրուիլը կը համարուի առեղծուած, որովհետեւ Մասնագէտներու խորհուրդի ընթացակարգերը կը մնան գաղտնի: Խումէյնիի մահէն ընդամէնը երկու ամիս առաջ, ձախակողմեանները սկսած էին արշաւ մը բեկանելու Մունթազերի Խումէյնին՝ որպէս յաջորդ առաջնորդ պաշտօնապէս նշանակելու ուղղեալ, ինչ որ թափուր ձգեց առաջնորդի աթոռը: Մասնագէտներու խորհուրդը արտակարգ դռնփակ նիստ մը գումարած էր: Սկիզբին քննարկուած էր մէկի փոխարէն քանի մը առաջնորդ նշանակելու առաջարկը, բայց այդ առաջարկը ձախողած էր։ Խորհուրդի անդամները մերժած էին իշխանութիւնը բաժնելու սկզբունքը։ Յետոյ, անոնք դէմ քուէարկեցին այդ ժամանակուան ամենայայտնի հոգեւորականներէն քանիներուն, որոնց շարքին էր Մասնագէտներու խորհուրդի ղեկավար Ալի Միշքինին: Ի վերջոյ, ըստ որոշ տեղեկութիւններու, անդամները առաջարկած էին սովորական անուններ, անոնց շարքին՝ Ալի Խամանէյը: Այդ ժամանակ, խորհրդարանի նախագահ Ալի Աքպար Հաշիմի Ռաֆսանճանի աջակցած էր Իրանի նախագահին։ Աջակողմեանները դեռ կայուն չէին, սակայն ան յաջողած էր ապահովել կարգ մը ձախակողմեաններու ձայները յօգուտ Խամանէյին։
Խամանէյի ընտրութենէն ետք, վերատեսութեան ենթարկուած էր Իրանի սահմանադրութիւնը՝ նպատակ ունենալով կրօնապետին տալ կառավարելու աննախադէպ իշխանութիւն: Այս լիազօրութիւնը հաստատուած էր վիճայարոյց հանրաքուէով մը։ Նոր առաջնորդը իշխանութեան գլուխ գալով՝ անմիջապէս սկսած էր հրապարակէն հեռացնել իր թշնամիները։ Առաջին երեք տարիներուն, ան հեռացուցած էր ձախակողմեան պաշտօնեաները գրեթէ բոլոր առանցքային պաշտօններէն, նշանակած էր նոր ընդհանուր դատաւոր մը: Ան նաեւ ձեռնարկած էր պաշտօնանկութեան եւ ձերբակալութեան արշաւի մը՝ Յեղափոխութեան պահակագունդի առաջնորդներուն դէմ, ձախակողմեանները հեռացուցած էր խորհրդարանական ընտրութիւններէն: Եւ այսպէսով, քանի մը տարուան ընթացքին Խամանէյ դարձած էր Իրանի քաղաքական կեանքի թիւ մէկ առաջնորդը:
Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը չյաջողեցաւ հիմնել կուսակցութիւն մը կամ կազմակերպութիւն մը, որ ղեկավարէ երկրի վերնախաւի հարցերն ու գործերը։ Յեղափոխութենէն ետք լուծուեցան երկու կարեւորագոյն քաղաքական ուժերը՝ Իսլամական Ժողովրդական կուսակցութիւնը եւ «Մուճահիտին խալք» կազմակերպութիւնը՝ ներքին տարակարծութիւններու պատճառով։ Բաց աստի, «Ծայրայեղական հոգեւորականներու միութիւն»ը, որ Իրանի ամենայայտնի կրօնական կազմակերպութիւնն էր, բաժնուեցաւ ձախակողմեան եւ աջակողմեան խմբակցութիւններու:
Իրանի մէջ անպաշտօն իշխանութիւնը միշտ աւելի մեծ եղած է՝ քան պաշտօնական-գրասենակային (դիւանակալական) կազմակերպութիւնները։ Այս պատճառով որոշիչ կը դառնան անձնական վէճերը, որոնք աւելի կարեւոր կ՚ըլլան՝ քան հաստատութիւններու միջեւ առկայ տարակարծութիւնները։ Եւ այս անձնական մարտերը հազուադէպ թէ ըլլան քաղաքական կամ գաղափարական խնդիրներու շուրջ: Ընդհակառակն, իշխանութեան ձգտումը, անձնական շահամոլութիւնները պետական եւ տնտեսական միջոցներու նկատմամբ կը յանգեցնեն վերնախաւին մէջ պայքարի: Անշուշտ, այս տարաձայնութիւններու բնոյթը, վերնախաւի ներքին պայքարը, վտանգի կ՚ենթարկեն անոնց կառավարելու կարողութիւնը: Եւ սա ակնյայտ էր վերջին նախագահական ընտրութիւններուն ժամանակ, 2021 թուականի յունիսին, երբ բարեփոխիչ հոսանքի առաջնորդներ պոյքոթի ենթարկեցին ընտրութիւնները։ Պահպանողական կողմի կարգ մը թեկնածուներ լուրեր տարածեցին, թէ այժմու նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի որակազրկուած էր։ Անոնք պնդած էին, թէ Խամանէյ խանգարած էր անոր առաջադրումը։ Ճիշդ է, ի վերջոյ Ռայիսին յաղթեց, բայց պահպանողականներուն միջեւ տարաձայնութիւնները այնքան սուր էին, որ նոր նախագահը չկրցաւ նշանակել իր փոխ-նախագահը եւ այդ նշանակումը տեւեց երկու ամիս։ Քանի մը ամիս տեւեց նաեւ Կեդրոնական դրամատան նոր ղեկավարի նշանակումը, երբ 2022 թուականի դեկտեմբերին Իրանի արժոյթի փլուզումէն ետք իշխանութիւնը ստիպուեցաւ զայն փոխարինել այլ անունով մը։ Իրականութեան մէջ, Իրանի քաղաքական կեանքի քաոսը կար նաեւ Խամանէյէն առաջ ալ, սակայն ան շատ բան չըրաւ վարչակարգը հաստատելու համար, ընդհակառակն, նախընտրեց հաստատել տեսակ մը անհատական կառավարութիւն:
Այս բոլորը կը խորացնեն առկայ իրավիճակի անորոշութիւնը։ Իրան դարձած է պարարտ հող ներքին խռովութիւններու համար, բայց եւ այնպէս, այժմու վերնախաւը պատրաստ չէ այս պահուն իրավիճակէն օգտուելու։ Այս հանգամանքը ապացուցուեցաւ 2022 թուականին բռնկած բողոքի ցոյցերուն ժամանակ՝ երկրի քաղաքական շրջանակներուն կողմէ ցուցաբերուած ընդհանուր անտարբերութեամբ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան
Հարթակ
- 11/30/2024