ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՄՆ-ԷՆ ՀԻՒՐԵՐ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ Պատրիարքարանի Գնալը կղզիի ամարանոցին մէջ ընդունեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Քոսթա Մեսա Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Արա Քարաքէշիշօղլուն եւ փոխ-ատենապետ Յովսէփ Պերքճեանը։
Անոնք Իսթանպուլի մէջ կեցութեան օրերը առիթ համարելով փափաքեցան Նորին Ամենապատուութեան ներկայանալ եւ իր օրհնութիւնը ստանալ։ Զրոյցի ընթացքին տեղեկութիւններ փոխանցեցին Արեւմտեան թեմէն ներս Պոլսահայ միութեան եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ գործունէութեանց մասին։ Տեղի ունեցաւ նաեւ կարծիքի փոխանակումներ։ Քարաքէշիշօղլու եւ Պերքճեան յայտնեցին նաեւ, թէ կը փափաքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հիւրընկալել ԱՄՆ-ի մէջ։
Նորին Ամենապատուութիւնը ուրախութիւն յայտնեց հիւրընկալելու համար երբեմնի պոլսահայերը, որոնք իրենց եկեղեցւոյ մէջ ծառայութեան կոչուած էին։ Ան այս առթիւ իր օրհնութիւնը փոխանցեց շրջանի նախկին պոլսահայերուն։ Հանդիպման աւարտին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յաջողութիւն մաղթեց հիւրերուն՝ իրենց եկեղեցանուէր գործունէութեան կապակցութեամբ։