ԳՈՂՈՒԹԵԱՆ ԱՐՄԱՏԸ

Տնտեսական մարզին մէջ մարդկային արժանապատուութեան յարգանքը կը պահանջէ գործադրութիւնը «արդարութեան» առաքինութեան՝ նախապահպանելու համար մերձաւորին իրաւունքները եւ տալու անոր՝ ի՛նչ որ անկ է իրեն։

Բարոյական օրէնքը կ՚արգիլէ «գողութիւն»ը, այսինքն յափշտակութիւնը ուրիշին ինչքին՝ սեփականատիրոջ արդարացի կամքին հակառակ։ Գողութիւն չկայ եթէ տիրոջը հաւանութիւնը կարելի է ենթադրել եւ կամ եթէ անոր մերժումը հակառակ է բանականութեան, կեանքի սովորական ընթացքին եւ ինչքերուն տիեզերական ընդհանուր նպատակադրումին։ Այսպիսին է ստիպողական եւ բացայայտ անհրաժեշտութեան պարագան, երբ անմիջական եւ էական կարիքներուն, ինչպէս՝ սնունդ, ապաստանարան, զգեստ…, գոհացում տալու միակ միջոցը կը մնայ ուրիշին ինչքերը իւրացնել եւ գործածել։

Արդարեւ, ուրիշին ինչքին ցանկանալ, որ արմա՛տն է գողութեան, յափշտակութեան եւ խարդախութեան, հակառակ են բարոյականութեան եւ արգիլուած են ամէն դրութեան կողմէ։ Ուստի, «աչքերու ցանկութիւնը». (Ա ՅՈՎՀ. Բ 16), կ՚առաջնորդէ բռնութեան եւ անարդարութեան, որոնք եւս արգիլուած են կրօնական եւ բարոյական պատուիրաններով։ (ՄԻՔ. Բ 2)։ Ընչաքաղցութիւնը յառաջ կու գայ կռապաշտութենէն, որ եւս արգիլուած է օրէնքով եւ պատուիրաններով։

Արդարեւ, զգացական ախորժակը կը մղէ մարդս բաղձալու իր չունեցած հաճելի բաները։ Այսպէս՝ բաղձալ ուտել երբ անօթի ենք, կամ տաքնալ երբ կը մսինք։ Այս բաղձանքները յինքեան բարի՛ են, բայց յաճախ անոնք չեն յարգեր բանականութեան չափաւորութիւնը եւ կը մղեն մարդս ցանկալու անարդարօրէն եւ անիրաւ կերպով ի՛նչ որ իրը չէ, ինչ որ ուրիշին կը պատկանի կամ կը վերաբերի։

Բաշխողական արդարութեան զօրութեամբ գործածուած «անիրաւութեան հատուցումը» կը պահանջէ, որ գողցուած ինչքը սեփականատիրոջ վերադարձուի։ Ուստի, Յիսուս կ՚օրհնէ Զակքէոսը՝ անոր առած հետեւեալ առաջադրութեան համար. «Եթէ մէկը զրկած եմ՝ քառապատիկը կը հատուցանեմ». (ՂՈՒԿ. ԺԹ 8)։ Անոնք որ ուղղակի կամ անուղղակիօրէն սեփականացուցած են ուրիշին մէկ ստացուածքը, պարտաւո՛ր են զայն վերադարձնել, կամ անոր համապատասխանը տալ ապրանքով կամ դրամով, եթէ ապրանքը չքացած է, ինչպէս նաեւ հատուցանել այն շահերը եւ առաւելութիւնները՝ զորս անոր սեփականատէրը անկէ քաղած պիտի ըլլար օրինաւորապէս։

Նմանապէս պարտաւոր են հատուցանելու իրենց պատասխանատուութեան եւ իրենց շահին չափով՝ բոլոր անոնք, որոնք որեւէ կերպով մասնակցած են գողութեան կամ օգտուած են անկէ գիտակցաբա՛ր. զոր օրինակ՝ անոնք որ գողութիւնը հրամայած, մղած, անոր օգնած կամ գողօնը պահած են։

Այս նիւթին մասին երիտասարդ գողի մը եւ իր մօր պատմուածքը հետաքրքրական է։

Կը պատմուի, թէ երիտասարդ մը կը յանդգնի գողութիւն ընելու, եւ կը ձերբակալուի։ Այն շրջանի օրինական տրամադրութիւններու համաձայն, ան մահապատիժի կը դատապարտուի։ Մահապատիժի իրագործումէն առաջ, ան կ՚ուզէ տեսնել իր մայրը, քանի որ կը փափաքի վերջին անգամ մը խօսիլ անոր հետ։ Փափաքը բանական կը համարուի եւ կ՚իմացուի դատապարտեալին մօր։

Երբ կու գայ մայրը, ան իր մօր ականջին բաւական ցած ձայնով մը կ՚ըսէ, փսփսալով. «մօտ եկուր մայրիկ»։ Հազիւ թէ մայրը մօտեցած է տղուն, տղան մօրը ականջը կը խածնէ՝ զայն վիրաւորելու եւ փրցնելու աստիճան։

Ասիկա տեսնող ամէն մարդ վախի մատնուած՝ կը հարցնեն մահապատիժի դատապարտուած երիտասարդին, թէ ինչո՞ւ այդպիսի վայրենի բան մը ըրաւ։

«Զայն պատժելո՛ւ համար», կը պատասխանէ տղան եւ կը շարունակէ. «երբ ես փոքր տղայ էի, սկսայ փոքր եւ աննշան բաներ գողնալ։ Գողցածներս երբ տուն կը բերէի, մայրս փոխանակ զիս պատժելու եւ ազդարարելու՝ միշտ կը խնդար, եւ կ՚ըսէր.- Մարդ չ՚անդրադառնար։ Եւ ահաւասիկ, ես այս պատճառով հո՛ս եմ»։

Մայրը կը խոստովանի եւ կ՚ըսէ. «Իրաւունք ունի տղաս»։

Հոն գտնուող հոգեւորականը կը միջամտէ եւ կ՚ըսէ. «Տէրը պատուիրած է, թէ պէտք է տղան այնպէս խրատել եւ դաստիարակել, որ ան երբ հասուն մարդ ըլլայ, երբեք չշեղի իր ճամբայէն»։

Սիրելի՜ բարեկամներ, ծնողներ մեծ պատասխանատուութիւն ունին իրենց զաւակներուն ապագային նկատմամբ, ինչ որ ծանր պարտականութիւն մը կը նշանակէ անոնց վրայ։

Տղուն սխալները անտեսել, տղուն բարիք չէ, այլ՝ չարի՛ք։ «Տղայ է, կ՚ընէ, երբ խելահաս ըլլայ այլեւս այդպիսի բաներ չ՚ըներ». այսպէս խորհիլ շատ սխա՛լ է. տղուն նկարագիրը փոքր տարիքէն արդէն կը կազմուի։

Վերջին կէտ մը այս մասին. երբ մէկու մը արարքը կ՚անտեսենք, կերպով մը կը ներենք կը նշանակէ։ Բայց ներումը պէտք չէ ըլլայ չարը քաջալերելու միջոց, այլ՝ ուղեցո՛յց մը դէպի բարին…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յուլիս 11, 2023, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Յուլիս 12, 2023