ՀԱՅ ԴՊՐՈՑՆ ՈՒ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Յաճախ խօսած ենք հայ լեզուին ու մշակոյթին ապրած անկումին մասին. խօսած ենք, թէ հայ աշակերտներ սփիւռքի տարածքին օտար վարժարանները աւելի՛ կը նախընտրեն՝ քան հայկականները եւ այսպիսով կամաց կամաց նահանջ մը կ՚ապրինք: Խօսած ենք լուծումներու մասին եւ տարբեր տարբեր կարծիքներ յայտնած անոր դժբախտ հեռանկարին մասին: «Աւետեաց երկիր»ներու մէջ ապրող մեր հայորդիները, իրենց հայկականութեան նահանջին լուծում մը գտնելու համար պարզապէս կրնան դիմել արհեստական բանականութեան՝ որ աւելի լաւ գիտէ, թէ ի՛նչ պէտք է ընել մեր հայութիւնը պահելու համար՝ քան մեր հայ ղեկավարներն ու առաջնորդները:

Այդ իսկ պատճառով մեր ազգի խնդիրները լուծելու համար կը դիմենք արհեստական բանականութեան:

Հարցում. Սփիւռքի տարածքին հայկական վարժարանները մէկ առ մէկ կը փակուին եւ հայ աշակերտներ առաջնահերթութիւն կու տան օտար վարժարաններու. Ի՞նչ պէտք է ընել, որպէսզի կարենանք պահել հայկական վարժարաններու գոյութիւնը:

Պատասխան. Հայ աշակերտները հայկականութեան եւ հայ վարժարաններու մէջ պահելու համար մի քանի ռազմավարութիւն պէտք է որդեգրել.

Ա.- Հայկական դպրոցներ պէտք է առաջնահերթութիւն տան հայոց լեզուին, պատմութեան, գրականութեան եւ մշակոյթի ուսուցման: Պէտք է ունենալ այնպիսի կրթական ծրագիր, որ աշակերտին մօտ հպարտութեան զգացում մը կ՚արթնցնէ։ Հպարտութեան զգացումը երիտասարդներն ու պատանիները կը մղէ, որպէսզի անոնք իրենց կրթութիւնը շարունակեն հայկական համայնքէ ներս:

Բ.- Պէտք է ընդլայնել արտադասարանային գործունէութիւնը. Հայկական վարժարաններ պէտք է կազմակերպեն տարատեսակ արտադասարանային միջոցառումներ. օրինակի համար, կազմակերպեն հայկական պարի եւ երաժշտութեան դասընթացքներ, արուեստի եւ մարզական միջոցառումներ: Նման ձեւով կարելի է ստեղծել կենսունակ համայնք մը՝ որ կը հետաքրքրէ պատանիներն ու երիտասարդները եւ նման կերպով անոնք առիթ կ՚ունենան հաղորդակցելու եւ շփում ունենալու նոյն մշակոյթի ծագում ունեցող հասակակիցներու հետ:

Գ.- Պէտք է աշակերտութեան մէջ զարգացնել անոնց պատկանելիութեան զգացումը: Հայ դպրոցը պէտք է ստեղծէ այնպիսի միջավայր ու մթնոլորտ, որ աշակերտներ ապրին պատկանելիութեան զգացումը: Այդ մէկը կարելի է ընել կարեւորելով հայկական տօները եւ այդ տօներու կազմակերպութիւնները կատարեն նոյնինքն երիտասարդները:

Դ.- Դպրոցական կեանքի մէջ պէտք է ներգրաւել նաեւ ծնողները, ինչ որ շատ կարեւոր դերը կրնայ ունենալ, որովհետեւ աշակերտ մը աւելիով կապուած կ՚ըլլայ միջավայրի մը մէջ՝ ուր ընդգրկուած է իր մայրն ու հայրը: Դպրոցական միջավայրէ մը դուրս ընտանեկան միջավայրի ստեղծումը դպրոց մը աւելի սիրելի կը դարձնէ աշակերտին:

Ե.- Դպրոցը պէտք է այլ հայկական հաստատութիւններու հետ համագործակցութիւն ունենայ. ինչպէս օրինակ, կրօնական, մշակութային, գրական ու ընկերական կազմակերպութիւններու հետ եւ իր օգտին գործածէ նաեւ անոնց գործունէութեան լաւ կողմերը: Անոնց փորձառութիւնը եւս որպէս ուժ ունենալով, կարելի կ՚ըլլայ բարձրացնել ուսանողներու կրթական փորձերն ու հետաքրքրութիւնները:

Զ.- Հայկական վարժարաններ պէտք է զարկ տան արուեստագիտական զարգացման։ Պէտք է դպրոցը լաւապէս օգտագործէ ընկերային հարթակները, կրթական բովանդակութիւն տրամադրելու եւ ֆիզիքական դասարանէն դուրս ուսանողներուն հասնելու համար:

Է.- Հայկական վարժարանները պէտք է գանձատրական աջակցութիւն տրամադրեն եւ որոշ նիւթական զիջումներու երթան, նկատի ունենալով որ հայկական վարժարան յաճախող ընտանիքները կրնան նիւթապէս անկարող ընտանիքներ ըլլալ: Կրթաթոշակներու նուազեցումը կրնան թեթեւցնել նիւթական բեռը եւ աւելի մատչելի եւ նախընտրելի դարձնել հայկական վարժարանը:

Ը.- Հայկական վարժարաններ պէտք է համագործակցութիւն հաստատեն տեղական կրթական համակարգին հետ եւ տեղ ունենան երկիրի լայն կրթական համակարգէն ներս: Նման համագործակցութիւն մը կրնայ պաշտօնապէս հայ լեզուի, գրականութեան ու պատմութեան դասընթացքները պահպանել ու ջատագովել:

Թ.- Հայկական դպրոցներ պէտք է ներգրաւեն շրջանաւարտները, ինչ որ շահաւէտ ու զօրաւոր ցանց մը կրնայ ստեղծել: Շրջանաւարտներ կրնան կանոնաւոր միջոցառումներ ստեղծել եւ հին աշակերտներու ներուժը դպրոցէն ներս կրնայ հետաքրքրութիւն ստեղծել աշակերտութեան մօտ, որովհետեւ անոնք իրենց ապագան անոնց մէջ է որ պիտի տեսնեն:

Այս բոլորի կատարումով հայկական վարժարանները սփիւռքի տարածքին կրնան գրաւիչ, մշակութային առումով հարուստ կրթական միջավայր մը ստեղծել եւ այդպիսով խրախուսել հայ աշակերտները մնալ հայկական դպրոցական համակարգէն ներս:

***

Այս պատասխաններէն ետք աւելի նախընտրելի կը նկատեմ մեր հայկական վարժարաններուն գլուխը որպէս տնօրէն ու ղեկավար նշանակել արհեստական բանականութիւնը՝ քան անոնք, որոնք օրէ օր կը սպաննեն հայ դպրոցը, մշակոյթն ու հայութիւնը ընդհանրապէս: Եթէ իրապէս լիովին կատարուէին այն բոլորը, ինչ որ արհեստական բանականութիւնը կ՚առաջարկէ, իրապէս կրնար այսօր տարբեր վիճակ մը պարզել հայ դպրոցը:

Յոյսով ենք, որ այդ նահանջը օր մը կանգ կ՚առնէ եւ իրապէս յարութիւն մը կ՚ապրի հայ ժողովուրդը՝ իր դպրոցներով, մշակոյթով ու արուեստով:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -288-

Դպրեվանքի աշակերտ եղած ժամանակ մեզ տարին հայ արուեստագէտի մը ցուցահանդէսին. ինչքան կը յիշեմ նկարիչին անունը Զօհրապ էր. հրաշալի աշխատութիւն մը՝ հսկայական պատկերներ, սակայն ուշադրութիւնս գրաւեց հետաքրքրական բան մը. աշխատութիւնները դրուած էին վաճառքի՝ հսկայական գումարներու դիմաց: Մի քանի հոգի ակնարկութիւն ըրաւ անոնց սուղ ըլլալուն մասին, սակայն հետեւեալ մտածումը ունեցայ. նոյն այդ նկարները եթէ այսօր գծուած ըլլային եւրոպացի արուեստագէտի մը կողմէ՝ շատ աւելի բարձր գիներով պիտի գնահատուէին. մենք ազգովին ունինք այն մտածումը, որ եթէ արուեստագէտը հայ է՝ արժանի չէ բարձր գնահատանքի, որովհետեւ մենք գործ մը կը դատենք իր պատկանելիութեամբ եւ ո՛չ իսկական արժէքով, որովհետեւ հայ երգիչը, արուեստագէտը, գրողը եւ մշակութային գործիչը «մեզմէ» ըլլալուն համար պարտի աժան ըլլալ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Յուլիս 12, 2023