ԱԿՆԱՐԿ - 23 - ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՍՐԲԱՎԱ՞ՅՐ, ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՏՈ՞ՒՆ, ԹԷ՞ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՎԱՅՐ
Մեր գրութիւններուն մէջ յաճախակի կերպով կը շեշտենք ու կ՚անդրադառնանք, թէ ժամանակաշարջանը որ կ՚ապրինք՝ նիւթականացած ժամանակաշրջան մըն է, նիւթականացած բոլոր առումներով: Մարդը նիւթին գերին դարձած է, եւ նիւթին գերին դառնալով ինքզինք տուած է ինքնահաճութեան, ինքնասիրութեան, ինքնաբաւարարման, այսինքն՝ իր հանգիստը, իր հաճոյքը, իրեն յարմար եղող բաները ամէն բանէ առաջ ու ամէն բանէ վեր են:
Դժբախտաբար այս ինքնահաճութեան, ինքնասիրութեան ու ինքնաբաւարարման այս ախտը մարդոց հետ նաեւ դէպի եկեղեցի ալ ուղղուած է, եւ ո՛չ միայն ուղղուած, այլեւ եկեղեցիէն ներս ալ մտած է:
Ամառ թէ ձմեռ, գարուն թէ աշուն, եկեղեցի երբ մտնէք, ապա այնտեղ ականատեսը պիտի դառնաք այնպիսի այլանդակ ու այլասերուած երեւոյթներու, որոնք չէք գիտեր, թէ ո՞ւր մտած են եւ կամ ինչո՞ւ համար մտած են: Յատկապէս գարուն, ամառ ու աշուն եղանակներուն երբ եղանակը աւելի բարելաւ է, տաք է, ինչպէս նաեւ Սուրբ Պսակի եւ Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդներու ընթացքին, մարդիկ, յատկապէս իգական սեռին ներկայացուցիչները կարծէք իրենք զիրենք կը մոռնան, եւ կը մոռնան, թէ եկեղեցի եկած են եւ ո՛չ թէ գիշերային ակումբ կամ պոռնկանոց… Կարճ շորթեր, տաբատներ, շրջազգեստներ, պատառոտուած ճինզեր՝ քամակներն ու զիստերը բաց, պորտերը բաց, կուրծքերը բոլորին համար ձրիաբար ցուցադրութեան տրուած…, եւ, եւ, եւ… Ինչքա՞ն կարելի է…:
Հասկնալի է, որ գիտակցութիւնը չունիք ձեր գտնուած վայրին, պարզ է, որ եկած էք ժամանակ անցընելու, նկարուելու, բայց քիչ մը պատշաճութիւն ունեցէք եւ ձեր եղածն ու չեղածը ձեզի պահեցէք: Ձեր մարմինները ձե՛ր սեփականութիւնն է, բայց սեփականութիւն ըլլալ չի՛ նշանակեր սանձարձակութեան երթալ, չի՛ նշանակեր անարգալից վերաբերմունք ունենալ ձեր իսկ մարմիններուն նկատմամբ:
Կ՚ուզէք ձեր եղածն ու չեղածը ցուցադրել, գացէք ձեր ամուսիններուն գիրկը եւ ինչպէս կ՚ուզէք ցուցադրեցէք: Չունի՛ք ամուսին, ապա աշխատեցէք շուտով ձեր կեանքին կէս մը գտնել, եւ անոր առջեւ ցուցադրէք ձեր եղածն ու չեղածը:
Եկեղեցին պոռնկանոց չէ, եկեղեցին ցուցադրութեան սրահ չէ, եկեղեցին նկարուելու արուեստանոց չէ, եկեղեցին ինքնահաստատուելու եւ կայանալու վայր չէ, եկեղեցին ձեր կիրքերը բաւարարելու կամ ձեր քմահաճոյքները յագեցնելու վայր չէ, եկեղեցին անասնանոց չէ, եկեղեցին բաղնիք կամ լողաւազան չէ…
Ո՛չ եկեղեցին այս բոլորը չեն…:
Եկեղեցին Աստուծոյ տունն է, ուր Աստուծոյ զաւակները կու գան հանդիպելու իրենց Հօր հետ:
Եկեղեցին հաւատացեալներու հաւաքն է, ժողովն է:
Եկեղեցին սրբավայր է, ուր Յաղթական ու Զինուորագրեալ եկեղեցիները իրարու կը հանդիպին ու միասնաբար զԱստուած կը փառաբանեն:
Եկեղեցին այն վայրն է, ուր մարդ հիւանդոտ կը մտնէ եւ դուրս կու գայ բժշկուած:
Եկեղեցին այն վայրն է, ուր մարդ անօթի ու ծարաւ կը մտնէ եւ դուրս կու գայ յագեցած:
Եկեղեցին այն վայրն է, ուր մարդ կոտրուած սիրտով ու յուսահատած ներս կը մտնէ եւ դուրս կու գայ մխիթարուած ու սիրտով զօրացած:
Եկեղեցին այն վայրն է, ուր մարդ ներս կը մտնէ ճնշուած ու նեղուած եւ դուս կու գայ թեթեւցած ու ուրախացած:
Մէկ խօսքով եկեղեցին այն վայրն է, ուր մարդ իր բոլոր խնդիրներուն, նեղութիւններուն, դժուարութիւններուն, յուսախաբութիւններուն, հիւանդութիւններուն, ձախորդութիւններուն, միաժամանակ նաեւ յաջողութիւններուն, ուրախութիւններուն, նուաճումներուն համապատասխան յագեցում ու պատասխան կը գտնէ եւ անկէ դուրս կու գայ թեթեւցած, զօրացած, հաւատքով, յոյսով ու սիրով վահանուած, կամքով ամրացած, բուժուած, կարեւորը մարդ գիտակցի իր գտնուած վայրին եւ համապատասխան մօտեցում ու վերաբերմունք ցուցաբերէ:
Ա՛յս է եկեղեցին, ուր մեզմէ շատեր կը մտնեն անգիտակցաբար եւ ո՛չ միայն անգիտակցաբար այլ անպատշաճ կերպով, ինչպէս վերը յիշատակեցի:
Հարցում մը տանք մենք մեզի.
Պատկերացուցէք, որ երկրի նախագահէն՝ ուր կ՚ապրինք, կամ բարձրաստիճան պաշտօնեայէ մը, կամ հոգեւորականէ մը (երբեմն նոյնիսկ բարձրաստիճան՝ կաթողիկոս, պատրիարք, եպիսկոպոս) հանդիպումի հրաւէր ստանանք: Ասոր կողքին, սովորական մեր առօրեայ կեանքին մէջ երբ մեր աշխատած հաստատութեան ղեկավարէն հանդիպումի հրաւէր ստանանք, արդեօք ինչպէ՞ս կը ներկայանանք անոնց: Մէկը կա՞յ որ անպատշաճ հագ ու կապով կը համարձակի նման հանդիպումի մը երթալ: Կը դժուարանամ պատկերացնելու որ նման մարդ ըլլայ… Լաւ, եթէ աշխարհիկ ղեկավարներուն ներկայանալու համար կը զգուշանանք ու մեր հագ ու կապին, մեր կեցուածքին ու պահուածքին ուշադրութիւն կը դարձնենք, ինչո՞ւ նոյնը չենք ըներ այդ ղեկավարներու Ղեկավարին, այս աշխարհի Արարիչին ներկայութեան, Որու ներկայութեան սերովբէներն անգամ կը դողան եւ իրենց ունեցած վեց թեւերէն «երկուքով երեսնին կը ծածկեն, երկուքով ոտքերնին կը ծածկեն ու երկուքով ալ կը թռչին ու փոփոխակի կ՚աղաղակեն.
“Սուրբ, Սուրբ, Սո՛ւրբ է զօրքերու Տէրը.
Բոլոր երկիր Անոր փառքովը լեցուն է”» (տե՛ս Ես 6.2-3):
Արդարեւ, եթէ սերովբէները որոնք միշտ Աստուծոյ ներկայութեան կը կանգնին այս երկիւղալից վերաբերմունքն ունին, հապա ինչքա՞ն աւելիով մենք պէտք է երկիւղալից վերաբերմունք ունենանք մեր Երկնաւոր Հօր ներկայութեան, երբ Անոր տուն՝ եկեղեցի երթանք՝ զԻնք փառաբանելու եւ մեր տոչորած սիրտերուն ու հոգիներուն ամոքում գտնելու համար…:
Զգո՜յշ ըլլանք եւ եկեղեցին չի՛ նիւթականացնենք, եկեղեցին չպղծենք մեր ներկայութեամբ, եկեղեցին չխառնենք աշխարհիկ վայրերու հետ՝ ուր ամէն տեսակի այլասերուածութեան ու սանձարձակութեան կարելի է ականատես ըլլալ, ընդհակառակը, եկեղեցի երթանք որպէսզի մաքրուինք, սրբուինք, ձերբազատուինք մեր մէջ բոյն դրած այլասերութենէն ու սանձարձակութեան ամէն տեսակի երեւոյթներէն, ու մենք եւս հրեշտակներուն, սերովբէներուն քերովբէներուն հետ սրբաբանենք Ամենասուրբ Երրորդութիւնը, բացագանչելով.
«Սուրբ, Սուրբ, Սո՛ւրբ է զօրքերու Տէրը.
Բոլոր երկիր Անոր փառքովը լեցուն է»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
10 յուլիս 2023, Վաղարշապատ