ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ
«Ուխտագնացութիւն»՝ տառացիօրէն կը նշանակէ դէպի սրբավայր մը խմբական երթ։
Եկեղեցին Աստուծոյ տո՛ւնն է. յատուկ վայրն է ծիսական աղօթքին հաւատացեալ եւ հաւատաւոր հասարակութեան համար։ Եկեղեցին նաեւ առանձնաշնորհեալ վայրն է երկրպագելու Քրիստոսի իրական՝ ներկայութեան Սուրբ Խորհուրդին մէջ։ Արդարեւ, աղօթքին հարազատութեան համար՝ նպաստաւոր տեղի մը ընտրանքը իր կարեւորութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը ունի։
Անհատական աղօթքին համար, «աղօթքի անկիւն մը», կրնայ յարմար, պատշաճ տեղ ըլլալ Սուրբ Գիրքով եւ սրբանկարներով՝ ուր գտնուինք մեր Հօր հետ «ի ծածուկ», ինչպէս կը վկայէ Աւետարանը. (ՄԱՏԹ. Զ 6)։ Քրիստոնեայ ընտանիքի մը մէջ այսպիսի փոքր աղօթատեղի մը կը նպաստէ հասարակութեամբ արտասանուած միասնական աղօթքին։ Այն շրջաններուն՝ ուր վանքեր գոյութիւն ունին, սոյն վանական հասարակութիւններուն կոչումը կը կայանայ հաւատացեալները ժամերգութեան բաժնեկից դարձնել եւ «անհրաժեշտ առանձնութիւն» ստեղծելով՝ անհատական աւելի տենդագին աղօթքի մը կարելիութիւնը տալ։
Այս իմաստով՝ ուխտագնացութիւնները կ՚ոգեկոչեն երկրի վրայ մեր երթը դէպի երկինք։
Աւանդականօրէն անոնք աղօթքին վերանորոգումին հզօր եւ խորհրդաւոր պահերն են։ Այն ուխտաւորներուն համար, որոնք կ՚որոնեն՝ կը փնտռեն, կը պրպտեն իրենց կենդանի ակունքները, սրբատեղիները բացառիկ վայրեր են «իբրեւ Եկեղեցի» ապրելու համար քրիստոնեայ աղօթքին կերպերը։ Ուստի, «Ուխտագնաց Եկեղեցի»ն իր աղօթքին մէջ միացած եւ ամբողջացած է «Սուրբերու Եկեղեցի»ին՝ որոնց բարեխօսութիւնը կը հայցէ։ Քրիստոնեայ ընտանիքը՝ աղօթքին դաստիարակութեան առաջին վայրն է։ Եւ քրիստոնեայ զանազան հոգեւորութիւնները կը մասնակցին կենդանի եւ մշտնջենաւոր աւանդութեան աղօթքին եւ թանկագին առաջնորդներ են հոգեւոր կեանքին։
Աղօթքի ամենէն նպաստաւոր վայրերէն մին է՝ ուխտագնացութեան սրբավայրերը, մենաստանները։
Սուրբ եւ անմահ Պատարագի խորհուրդին եւ խորհրդակերպին ծիսակատարումներէն զատ, կրօնուսուցումը պարտի նկատի ունենալ հաւատացեալ հաւատաւորներուն բարեպաշտութեան ձեւերը եւ ժողովրդային հաւաքական կրօնական զգայնութիւնը ամէն ատեն իր արտայայտութիւնը գտած է Եկեղեցւոյ խորհրդենական կեանքը շրջապատող զանազան բարեպաշտական ձեւերուն մէջ, ինչպէս մեծարանքը սուրբ մասունքներուն, այցելութիւնները սրբավայրերուն, ուխտագնացութիւնները, թափօրները, եւ այլն։ Այս արտայայտութիւնները շարունակութիւնն են Եկեղեցւոյ ծիսական կեանքին, սակայն չեն փոխարիներ զայն. անոնք պէտք է կանոնաւորուին ծիսական տօնաշրջանին համեմատ եւ ծիսակատարումին հետ ներդաշնակուին, ձեւով մը որ ծիսակատարումէն բխին եւ ժողովուրդը անոր մէջ ներառեն, քանի որ ծիսակատարումը իր բնութեամբ անոնցմէ գերիվեր է։
Բազմաթիւ պարագաներու մէջ, քրիստոնեան կոչուած է «խոստում կատարելու» Աստուծոյ։ Այս իմաստով, Մկրտութիւնը եւ Դրոշմը, Ս. Պսակը եւ Ձեռնադրութիւնը միշտ իրենց մէջ «խոստում» ունին։ Առանձնական բարեպաշտութեամբ քրիստոնեան ալ կրնայ «Աստուծոյ խոստանալ» արարք մը՝ գործ մը, աղօթք մը, ողորմութիւն մը, ուխտագնացութիւն մը, եւ այլն։ Հաւատարմութիւնը Աստուծոյ տրուած մեր խոստումներուն հանդէպ արտայայտութիւնն է այս յարգանքին։ Հետեւաբար, պարտինք աստուածային մեծ վայելչութեան եւ սիրոյն, ի յարգանս հաւատարիմ Աստուծոյ։ Արդարեւ, պէտք է հաւատարիմ մնանք Աստուծոյ, քանի որ Ան հաւատարի՛մ է միշտ եւ երբեք չէ՛ հրաժարած իր հաւատարմութենէն եւ թէ պիտի չհրաժարի։
«Ուխտ»ը՝ որ կարելի եւ լաւագոյն գործ մը, բարի գործ մը կատարելու Աստուծոյ տրուած ազատ խոստումն է, պէտք է գործադրուի «կրօնական ոգիով՝ կրօնասիրութեան-առաքինութեան տիտղոսով»։ Եւ ուխտագնացութիւնը՝ խոստումի մը կատարելագործումը կը նշանակէ կերպով մը, քանի որ «ուխտ»ը իր բնութեամբ «խոստում» կ՚ենթադրէ վերջապէս։ Այս հետեւողականութեամբ «ուխտ»ը հաւատարմութի՛ւն է՝ հաստատակամութիւն եւ ուղղամտութիւն նաեւ։ Եւ ուրեմն, «ուխտ»ը եւ անոր կատարումը «բարեպաշտութեան» արարք մըն է, որով քրիստոնեան ինքզինք կը նուիրէ Աստուծոյ եւ կամ «բարի գործ» մը կը խոստանայ Անոր։
Իր ուխտերուն կատարումով, քրիստոնեան ուրեմն Աստուծոյ կը դարձնէ ի՛նչ որ Անոր խոստացած եւ նուիրած էր։ «Առաքեալներու Գործերը» ցոյց կու տան մեզի Պօղոս առաքեալը՝ որ նախանձախնդիր է գործադրելու ուխտերը՝ զորս ըրած էր. (ԳՈՐԾՔ. ԺԸ 18 եւ ԻԱ 23-24)։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
•շար 1
Յուլիս 12, 2023, Իսթանպուլ