ՄԵՌԵԼՈՑ ՕՐ՝ ՅԱՐԳԱՆՔ ՆՆՋԵՑԵԱԼՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԷՊ
Իւրաքանչիւր Տաղաւար տօնի կը յաջորդէ՝ Մեռելոց Օր, մատուցանելու համար հանգուցեալներու նկատմամբ յարգանքը։ Արդարեւ, ասիկա, հանգուցեալներու մասնակցութիւնն է Տաղաւար տօնի տօնախմբութեան ուրախութիւններուն։
Արդարեւ, Եկեղեցին սկիզբէն իսկ լա՛ւ ճանչնալով ննջեցեալներու հետ հաղորդութիւնը՝ որ գոյութիւն ունի Յիսուս Քրիստոսի խորհրդական ամբողջ Մարմինին մէջ, քրիստոնէութեան առաջին ժամանակներէն իսկ հանգուցեալներու՝ ննջեցեալներու յիշատակը մեծ բարեպաշտութեամբ պարուրած է՝ երկրիս վրայ տակաւին ուղեւոր իր անդամներուն մօտ, Իր աղօթքները մատուցանելով նաեւ անոնց համար, որովհետեւ. «մեռեալները իրենց մեղքերէն ազատելու նպատակով անոնց համար աղօթելու մտածումը՝ սուրբ եւ փրկարար է». (Բ Գիրք ՄԱԿԱԲԱՅԵՑՒՈՑ, ԺԲ 46)։
Անոնց համար կատարած մեր աղօթքը կրնայ ո՛չ միայն օգնել անոնց, այլ նաեւ անոնց բարեխօսութիւնը ի նպաստ մեզի արդիւնաւոր դարձնել։
Անոնք որ կը վախճանին շնորհքին եւ Աստուծոյ բարեկամութեան մէջ առանց կատարեալ կերպով մաքրուած ըլլալու՝ անոնք թէպէտ ապահոված են իրենց յաւիտենական փրկութիւնը, սակայն իրենց մահէն ետք մաքրազտումի տառապանքը պիտի կրեն, որպէսզի ընդունին երկինքի ուրախութիւնը մտնելու անհրաժեշտ սրբութիւնը։
Այս ուսուցումը կը հիմնուի նաեւ ննջեցեալներուն համար աղօթելու սովորութեան վրայ, որուն մասին արդէն կը խօսի Աստուածաշունչը. «Ասոր համար ան (Յուդա Մակաբայեցի) մատուցանել տուաւ այս քաւչական զոհը մեռեալներուն համար, որպէսզի անոնք ազատին իրենց մեղքերէն». (Բ ՄԱԿ. ԺԲ 46)։ Առաջին ժամանակներէն սկսեալ, Եկեղեցին յարգեց հանգուցեալներուն՝ ննջեցեալներուն յիշատակը եւ ի նպաստ անոնց աղօթքներ մատոյց, յատկապէս Սուրբ Պատարագը, որպէսզի մաքրազտուելով՝ անոնք կարենան հասնիլ Աստուծոյ երանաւէտ տեսութեան։ Եկեղեցին կը յանձնարարէ նաեւ ողորմութիւնները, ներողութիւնները եւ ապաշխարութեան գործերը ի նպաստ ննջեցեալներուն։
Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան կ՚ըսէ.
«Անոնց օգնութեան հասնինք եւ անոնց յիշատակը կատարենք։ Եթէ Յոբի որդիները իրենց հօր մատուցած գորովը մաքրազտուեցան, ի՞նչու մենք տարակուսինք, թէ ննջեցեալներուն համար մեր մատուցած ընծաները որոշ մխիթարութիւն մը պիտի չբերեն անոնց. (ՅՈԲ. Ա 5)։ Ուստի անվարան օգնութեան փութանք անոնց՝ որոնք մեզմէ մեկնեցան եւ անոնց համար մեր աղօթքները նուիրենք»։
Ննջեցեալներուն մարմիններուն հանդէպ հա՛րկ է վերաբերիլ յարգանքով եւ սիրո՛վ՝ հաւատքին եւ յարութեան լոյսին մէջ։ Հանգուցեալներու թաղումը մարմնական ողորմածութեան գործ մըն է. (ՏՈԲԻԹ, Ա 16-18), որ կը պատուէ Ատսուծոյ որդիները՝ տաճարները Սուրբ Հոգիին։
Հետեւելով Քրիստոսի օրինակին, Եկեղեցին հաւատացեալները կը զգուշացնէ «յաւիտենական մահուան տխուր եւ ողբալի իրականութենէն», որ նաեւ կը կոչուի «դժոխք»։
Ս. Պատարագը կը մատուցուի նաեւ հանգուցեալ հաւատացեալներուն համար՝ որոնք մեռան ի Քրիստոս եւ տակաւին լիովին չեն մաքրուած, կարենալ մտնելու համար Քրիստոսի լոյսին եւ խաղաղութեան մէջ։
Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս կ՚ըսէ.
«Թաղեցէ՛ք այս մարմինը, փոյթ չէ թէ ո՛ւր։ Դուք ոչ մէկ ձեւով մի՛ մտահոգուիք անոր մասին։ Միայն կը խնդրեմ ձեզմէ, որ յիշէք զիս Տիրոջ Խորանին առջեւ ո՛ւր ալ ըլլաք»։
Արդարեւ, Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս, սքանչելի՜ կերպով համառօտած է այն վարդապետութիւնը՝ որ կը մղէ մեզ օրէ օր աւելի՛ ամբողջանուէր մասնակցելու մեր Փրկչին զոհին՝ զոր կը հանդիսակատարենք Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի Խորհուրդով։
Մեր պաղատանքները Աստուծոյ ընծայենք մեղաւոր ննջեցեալներու համար ալ։
Խունկ, լոյս եւ աղօթք բոլոր հանգուցեալներուն…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 15, 2023, Իսթանպուլ