ՇՕՇԱՓԵԼԻ ՈՉԻՆՉ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին Պրիւքսելի մէջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ բանակցութիւններ վարեց՝ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ։ Բանակցութիւնները տեւեցին շուրջ երեք ժամ։ Եռակողմանի գագաթաժողովէն վերջ պաշտօնական աղբիւրները շօշափելի որեւէ հանգամանքի մասին չեն հաղորդած։ Մինչ պաշարեալ Արցախը կը շարունակէ օղակի մէջ մնալ ծանր վիճակով եւ մարդասիրական տագնապը հետզհետէ կը խորանայ, Շարլ Միշել բանակցութիւններէն վերջ խօսեցաւ նոր ժամադրութիւններու հեռանկարին մասին՝ եռակողմանի կամ հնգակողմանի ձեւաչափերով։ Պաշտօնական հաղորդումներուն մէջ միայն նշուած է, որ Արցախի առկայ իրադրութիւնը քննարկման առարկայ դարձած է Պրիւքսելի մէջ։ Պաքուի աղբիւրները հաղորդեցին, որ բանակցութիւններու ընթացքին քննարկման նիւթ դարձած է Արցախի հայկական զօրամասերու դուրսբերումն ու զինաթափումը։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Շարլ Միշել բանակցութիւններէն վերջ տեղեկացուց, որ ռազմագերիներու, անզգուշութեամբ հակառակ կողմի մէջ յայտնուածներու եւ կորսուածներու ճակատագրին վերաբերեալ խնդիրները արծարծուած են ղեկավարներուն կողմէ։ Ան յայտնեց, որ ինք կողմնակից է, որպէսզի երկու կողմերը ազատ արձակեն կալանաւորները։ Քննարկումներու ժամանակ կարեւորուած է ականազերծման հարցերու մէջ աւելի աշխոյժ համագործակցութիւնը։ Միշել կոչ ուղղեց՝ հնարաւորինս արագ տեղեկատուութիւն փոխանակել այս հարցին մէջ։
«Մենք քննարկեցինք ապագայ փոխադրութեան միջոցներու ձեւերը, որոնք կը յարգեն ինքնիշխանութեան, իրաւազօրութեան եւ փոխադարձութեան սկզբունքները», նշեց եւրոպացի բարձրաստիճան պաշտօնատարը եւ աւելցուց, որ պէտք է անյապաղ ձեռնարկել երկաթուղային կապի կառուցման։ Եւրոմիութիւնը պատրաստ է այս ուղղութեամբ ելմտական աջակցութիւն ցուցաբերելու։
Ըստ Շարլ Միշելի, եռակողմանի բանակցութիւններուն ընթացքին քննարկուած կարեւորագոյն խնդիրները վերաբերած են Լաչինի միջանցքի բացման ու Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան ճակատագրին։ Ան համոզուած է, թէ տեղւոյն բնակչութիւնը հաւաստիացումներու կարիքն ունի՝ առաջին հերթին իր իրաւունքներու եւ անվտանգութեան վերաբերեալ։ ԵՄ կը խրախուսէ Պաքուի եւ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչներու անմիջական երկխօսութիւնը։
Շարլ Միշել յայտարարեց, որ կողմերու աշխատակազմերը սերտ կապի մէջ պիտի մնան՝ յստակ հետեւողականութիւն ապահովելու համար հանդիպման ժամանակ քննարկուածներուն վերաբերեալ։ «Իսկական յառաջընթացը կախեալ է յաջորդ քայլերէն, որոնց պէտք է ձեռնարկուին մօտաւոր ապագային։ Որպէս առաջնահերթութիւն՝ պէտք է դադրեցնել բռնութիւնն ու կոշտ հռետորաբանութիւնը՝ խաղաղութեան եւ կարգաւորման բանակցութիւններու համար պատշաճ միջավայր ապահովելու նպատակով», ըսաւ Միշել։
Բաց աստի, լրագրողներու հետ զրուցելու ժամանակ Միշել վերահաստատեց իր մտադրութիւնը՝ Փաշինեանն ու Ալիեւը Պրիւքսելի մէջ եւս մէկ հանդիպման հրաւիրելու մասին։ Բաց աստի, հնգակողմանի նոր հանդիպում մըն ալ կը նախատեսուի՝ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի եւ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի մասնակցութեամբ։ Կ՚ենթադրուի, որ այդ մէկն ալ տեղի ունենայ յառաջիկայ աշնան, Կրանատայի մէջ, Եւրոպական քաղաքական համայնքի յաջորդ գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս։
Բանակցութիւններուն յաջորդած յայտարարութիւններուն ժամանակ Շարլ Միշել դիտել տուաւ, որ Լաչինի միջանցքի բացուիլը անհրաժեշտ է, որովհետեւ ստեղծուած իրավիճակը չի բխիր որեւէ կողմի շահերէն։ «Քննարկուեցան յստակ քայլեր, որպէսզի օգնենք իրավիճակը դարձեալ բնականոն հունին վերադարձնելու ընթացքին։ Ես ընդգծեցի Լաչինի միջանցքի բացման անհրաժեշտութիւնը, նկատեցի Ատրպէյճանի պատրաստակամութիւնը Աղտամով մարդասիրական օգնութիւն հասցնելու հարցին մէջ։ Եւրոմիութիւնը կը շարունակէ ներգրաւուած ըլլալ, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի նախկին ինքնավար մարզի ներկայացուցիչները եւ Պաքուի միջեւ սկսին բանակցութիւններ, որոնք կարեւոր են տեղւոյն հայ բնակչութեան իրաւունքներուն եւ անվտանգութեան հարցերը քննարկելու համար», դիտել տուաւ Շարլ Միշել։
Այս փուլին ան ուշադրութիւն հրաւիրեց Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի մարդասիրական տագնապին հետ առերեսուելու ուղղեալ փաստերուն վրայ։ Ընդգծելով, որ Լաչինի միջանցքի շուրջ իրավիճակը անկայուն է՝ Շարլ Միշել շարունակեց. «Հանդիպման ընթացքին կողմերը վերահաստատեցին, որ կը ճանչնան իրարու տարածքային ամբողջականութիւնը։ Քննարկման առարկայ դարձած՝ սահմանագծումը պէտք է իրականացուի ըստ Ալմաթիի հռչակագրին»։
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները երէկ երեկոյեան դարձեալ յարձակումներ գործեցին Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններուն վրայ՝ Պրիւքսելի բանակցութիւններուն յաջորդած մթնոլորտին մէջ։