ՆԵՐԴՐՈՒՄՆԵՐՈՒ ՀԵՏԱՄՈՒՏ
Թուրքիոյ դիմագրաւած առկայ տնտեսական դժուարութիւններու մթնոլորտին մէջ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան այս օրերուն կ՚իրականացնէ կարեւոր ուղեւորութիւն մը։ Այսպէս, ան այցելութեան ձեռնարկած է դէպի Արաբական ծոցի երկիրներ՝ ընկերակցութեամբ բարձրաստիճան բազմանդամ պատուիրակութեան մը։ Նախագահը իրերայաջորդ կ՚այցելէ Սէուտական Արաբիա, Քաթար եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ։ Էրտողանի ճամբորդութեան առաջին կանգառը հանդիսացաւ Սէուտական Արաբիան, ուր Ճիտտէի մէջ ան հիւրընկալուեցաւ գահաժառանգ Մուհամմէտ պին Սելմանի կողմէ։
Տեղական մամուլը կը գրէ, որ այս ուղեւորութիւնը հետամուտ է յիշեալ երկիրներէն նոր ներդրումներ ապահովելու եւ ելմտական միջոցներ ներգրաւելու։ Անգարա այս փուլին կ՚առաջնորդուի «Շահէ-շահէ» սկզբունքով, որպէսզի տուեալ երկիրներու մէջ ամուր հիմքերու վրայ ստեղծուած յարաբերութիւններէն ծնունդ առած համագործակցութիւնը ընդլայնուի։