ՀԱՅԸ՝ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՀԵՐՈՍ

Մեր թուականէն 79 տարիներ առաջ՝ 1944 թուականին Փարիզի պատերուն վրայ կը փակցուէր յայտարարութիւն մը, որուն կեդրոնը կը գտնուէր հայու մը նկարը՝ որ կը ներկայացուէր որպէս թշնամի եւ աւազակ: Փարիզի եւ Ֆրանսայի ամբողջ տարածքին աւելի քան 15 հազար օրինակ հայ «աւազակ»ին նկարը կը տարածուէր։ Նկարին անմիջապէս վերը գրուած էր. «ՄԱՆՈՒՇԵԱՆ, հայ, 56 յարձակում, 150 զոհ, 600 վիրաւոր»:

Մանուշեան կը ներկայանար որպէս աւազակ մը՝ որուն պատճառով աւելի քան 150 անձ զոհուած, եւ աւելի քան 600 հոգի վիրաւորուած է:

Ճակատագիրը ցեղասպանութենէն ետք Մանուշեանը տարած հասցուցած էր Ֆրանսա։ Հայրն ու մայրը զոհ գացած էին ցեղասպանութեան, սակայն Միսաք Մանուշեան իր եղբօր հետ յաջողած էր հասնիլ Սուրիա եւ ապա Լիբանան եւ որոշ ժամանակ Լիբանանի որբանոցներէն մէկուն մէջ ուսում ստանալով յաջողած էր մեկնիլ Ֆրանսա:

Հետաքրքրական է սակայն, թէ ինչպէ՞ս հայ որբ մը՝ ցեղասպանութենէն ազատած մի քանի տարիներ ետք յայտնուած էր Ֆրանսայի պատին փակցը-ւած յայտարարութեան մէջ՝ որպէս «աւազակ»:

Ֆրանսա հասնելէ ետք Միսաք որոշ ժամանակ աշխատած է յայտնի «Սիթրոյէն» ինքնաշարժներու ընկերութենէն ներս եւ 1930-ական թուականներու համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամէն ետք որոշ ժամանակ աշխատած է քանդակագործներու մօտ:

Հակառակ այս աշխատանքներուն, մի՛շտ զբաղուած է ինքնակրթութեամբ եւ 1930 թուականին եղած է «Ֆրանսացի-հայ նորագոյն գրողներու ընկերութեան» հիմնադիրներէն մին. հայ գրող, բանաստեղծ ու խմբագիր Սեմայի հետ (իսկական անունով Գեղամ Աթմաճեան) հիմնած է «Ջանք» եւ «Մշակոյթ» ամսագրերը: Միեւնոյն ժամանակ Սորպոնի համալսարանի մէջ գրականութիւն ուսանելով միատեղ զբաղած է թարգմանութեամբ եւ հայերէնի թարգմանած է ֆրանսացի բանաստեղծներէն շատերու գործերը:

Մանուշեան ընդունելով խորհրդային գաղափարները՝ 1934 թուականին դարձած է Ֆրանսայի Կոմունիստական կուսակցութեան անդամ եւ իր կնոջ՝ Մելինէ Մանուշեանի հետ մասնակցած է Ֆրանսական դիմադրութեան շարժման, սակայն 1939 թուականին Կոմունիստական կուսակցութեան գործունէութեան արգելքին հետ միասին ձերբակալուած ու բանտարկուած է:

Դժբախտաբար բանտարկութեան ժամանակ Մանուշեանի շատ մը ձեռագիր գործերը ոչնչացուած են:

Ազատ արձակուելով Մանուշեան չէ փոխած իր գաղափարները եւ շարունակած է պայքարիլ. իր շուրջ խմբած է հայ մտաւորականներ, որուն հետեւանքով 1941 թուականին դարձեալ ձերբակալուած, սակայն այս մէկը եւս արգելք չէ եղած Մանուշեանի գաղափարախօսութիւններուն եւ աւելի առաջ երթալով խմբաւորման մը հետ միասին Մանուշեան մասնակցած է զինեալ գործողութիւններու: Այդ զինեալ խմբաւորման երեք խումբերը ղեկավարած է Մանուշեան եւ ունեցած է աւելի քան 50 զինուած մարտիկ: Մանուշեանի խումբը 1943 թուականին կատարած է աւելի քան երեսուն յարձակումներ: Մանուշեանի խումբին մէջ կային հայեր, լեհեր, իտալացիներ, ֆրանսացիներ, սպանացի եւ այլ ազգի ներկայացուցիչներ:

Ֆրանսական կառավարութիւնը այս յարձակումները նկատի ունենալով վերոյիշեալ յայտարարութեամբ Մանուշեանը ուզած է ներկայացնել որպէս ահաբեկիչ ու ոճրագործ, սակայն հակառակ անոր, ժողովուրդը սէր ու յարգանք տածած է Մանուշեանի եւ անոր խումբին նկատմամբ. ժամանակակիցներ կը գրեն, որ շատեր այդ յայտարարութեան տակ ծաղիկներ կը զետեղէին:

Մանուշեան, իր խմբակիցներուն հետ միասին ձերբակալւած է 1943 թուականին՝ 68 գաղափարակիցներու հետ միասին եւ 21 փետրուար 1944 թուականին խումբի 21 անդամներուն հետ միասին Փարիզի արուարձաններէն մէկուն մէջ ենթարկուած է մահապատիժի:

Իր մահուան օրը Մանուշեան նամակ մը գրած էր իր կնոջ. «Ի՞նչ կրնամ գրել քեզի. իմ մէջս ամէն ինչ անորոշ է եւ միաժամանակ շատ պայծառ... Ես կը մեռնիմ երկու մատ հեռու իմ յաղթանակէն եւ նպատակէն»:

Մահապատիժի ենթարկուող հայը մի քանի տարիներ ետք (ի՜նչ հեգնանք) կ՚արժանանայ ազգային հերոսի տիտղոսին եւ յետ մահու կ՚արժանանայ Պատուոյ Լէգէոն շքանշանին:

Այսօր Մանուշեանի կիսանդրին կանգնած է Ֆրանսայի յայտնի հրապարակներէն մէկուն վրայ. անոր անունով փողոցներ ու կառոյցներ գոյութիւն ունին:

Մանուշեանը պարզապէս մարմնացումն է գաղափարի զօրութեան. ճշմարիտ անվախ է այն մարդը, որ հակառակ մահուան վախին՝ հոգիով ու սիրտով կառչած կը մնայ իր գաղափարներուն. այսօր Մանուշեանի պէս հայեր պէտք են մեզի՝ որպէսզի կառչած մնան հայրենասիրութեան գաղափարախօսութեան:

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -295-

Օտար ամուսնութիւնը առեղծուած  մըն է եւ զոյգեր որքան ալ փորձեն «միջին» մը գտնել՝ անհնար է. օտար ամուսնութեան պարագային կա՛մ հայը պիտի օտարանայ եւ կամ օտարը՝ հայանայ:

Բարեբախտաբար վերջին տարբերակը տեսնելու առիթը ունեցած եմ. առիթով մը ծանօթացայ զոյգի մը. որոշ ժամանակ ետք տեղեկացայ, որ ամուսինը՝ որ մաքուր հայերէն կը խօսի ու ինքզինք հայ կը զգայ, իրականութեան մէջ արաբ մըն է. հայ կինը օտարանալու փոխարէն յաջողած էր հայացնել իր օտար ամուսինը, համոզած էր իր զաւակներուն տալ հայկական անուն եւ ղրկել հայկական վարժարան:

Մի քանի տարիներ առաջ արաբ ամուսինը եկաւ Հայաստան եւ  արդէն ինքզինք օտար չէր զգար. եթէ իրապէս չգիտնաս անոր ինքնութիւնը, անկասկած հայ մը պիտի կարծես զինք: 

Բայց հակառակ այս իրողութեան, ունինք նաեւ հակառակը. դժբախտաբար այսօր օտարացած հայ աղջիկներ բազմաթիւ են մեր շուրջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յուլիս 20, 2023