«ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՉԻ ԿՐՆԱՐ ՈՐՈՇԵԼ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ»

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին ճակատագիրը չի կրնար որոշուիլ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ։

Երէկ, Նիկոլ Փաշինեան Երեւանի մէջ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը։ Սա իր հերթական մամլոյ ասուլիսն էր, որ տեւեց բաւական երկար։ Զանգուածային լրատուութեան միջոցներէ 50 ներկայացուցիչներու առջեւ ան ծաւալուն ու մանրամասն յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ՝ օրակարգի հրատապ հարցերուն շուրջ։ Իր յայտարարութիւններուն մէջ առանձնապէս կարեւոր էր այն շեշտադրումը, թէ Հայաստան չի կրնար որոշել Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին ճակատագիրը։

Նիկոլ Փաշինեան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ Արցախի մէջ տեղակայուած ռուս խաղաղապահներու նպատակն է՝ կանխել բնակչութեան զանգուածային սպանդը։ Ան խօսեցաւ նաեւ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ ընթացող բանակցութիւններուն մասին։ «Կը փորձենք առնել այնպիսի քայլեր, որոնցմով կրնայ յաղթահարուիլ առկայ անվստահութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ», ըսաւ վարչապետը եւ աւելցուց, որ ներկայիս բանակցութիւններուն մէջ Արեւմուտք-Ռուսաստան դիրքորոշումներու ներդաշնակեցման միտումներ կը նկատուին։

Փաշինեան համոզուած է, որ ստեղծուած իրավիճակի պայմաններով կենսական նշանակութիւն ունի՝ տարածաշրջանի ապագայի ճարտարապետութեան մէջ Հայաստանի տեղին ու դերին յստակացումը։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 26, 2023