ՍԻԿԱՌԻ ԲՈՒՐՄՈՒՆՔԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԺԵՍՏ

Սիկառներու աշխարհէն ներս յայտնի գործարար մըն է Գէորգ Թալաթինեան, որու հետ իւրաքանչիւր շփման ընթացքին նիւթերը ակամայ կը յորդին տուեալ բնագաւառի սահմաններէն։ Բարձրաշխարհիկ կենցաղի խորհրդանշաններէն է սիկառը, որու ծուխի քուլաները կ՚ուրուագծեն ինչ-ինչ հետաքրքրական հորիզոններ։ Ստորեւ՝ Գէորգ Թալաթինեանի տեսակէտները, որոնք իսկապէս աշխարհի երեւոյթներու ծալքերուն մասին երկար խորհրդածութեան կամ մտորումներու դուռ կրնան բանալ։

*

-Ինչպէ՞ս յայտնուեցաք սիկառի աշխարհին մէջ: Ինչէ՞ն յառաջացաւ այդ հետաքրքրութիւնը:

-1990-ական թուականներուն սիկառի աշխարհին մէջ զարկ մը տեղի ունեցաւ: Անկէ առաջ սիկառ կը ծխէին միայն որոշ դասակարգի մարդիկ եւ ի մասնաւորի՝ արական սեռի ներկայացուցիչներ։ Ուրեմն, 1990-ական թուականներուն փոքր խանութներ սկսան բացուիլ սիկառի ապրանքանիշերու անուններու տակ: Մենք ալ ընտանիքի անդամներով խորհրդակցեցանք եւ 2007 թուականին որոշեցինք մեր տեղը ունենալ այդ բնագաւառէն ներս։ Բացինք սիկառ ծխելու յատուկ վայր մը, ուր մարդիկ կը հաւաքուին, կը զրուցեն եւ կը վայելեն սիկառ ծխելը։ Սիկառ ծխելը ձեւով մը արարողութիւն է։ Սիկառի նկատմամբ իմ հետաքրքրութիւնը սկսած է փոքր տարիքէն: Պէյրութի մէջ հայրս սիկառի մեծ հաւաքածոյ մը ունէր ընդհանապէս Քուպայէն բերուած եւ ես գաղտնաբար, առ ի հետաքրքրութիւն, կը հոտոտայի զանոնք, նաեւ կը հետաքրքրուէի ծխամորճով: Տարիներու ընթացքին, մանաւանդ որ ծխախոտ երբեք չեմ օգտագործած, սիկառ ծխելը ինծի համար եղած է ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն պատճառող երեւոյթ: Եւ այս հետաքրքրութենէն ելլելով մուտք գործեցինք այս ոլորտին մէջ: Կրնամ ըսել, որ իմ գլխաւոր ներշնչումը հայրս էր։ Թէեւ ինք մոլի ծխող մը չէր, բայց կը սիրէր իր հաւաքածոյին համար սիկառներ հաւաքել. օրինակ՝ «Garcia y Vega», «Punch», «Romeo y Julieta» եւ այլ մակնիշներով սիկառներ։

-Այս ոլորտին մէջ քիչ չէ թիւը հայերուն, որոնք սիկառի առեւտուրով կը զբաղին։ Յատկապէս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մասին է խօսքը, որովհետեւ Հայաստանի մէջ դեռ նոր թափ կը հաւաքէ սիկառի աշխարհը։ Արդեօք այդ գործով զբաղող հայեր զիրար կը ճանչնա՞ն կամ կը գործակցի՞ն իրարու հետ։

-Մեր մօտ այս գործի շուկան շատ մեծ է եւ հայերուն միջեւ գործակցութիւնը շատ չէ, մրցակցութիւն ալ չկայ։ Իւրաքանչիւրը իր շրջանին մէջ իրեն յատուկ գործն ու տեղը ունի: Օրինակ՝ իմ վաճառատունս Լոս Անճելըսի մօտ է եւ մեր պարագային այլ քաղաքներէ յաճախորդներ չեն գար, որովհետեւ ամէն տեղ ալ կան սիկառ վաճառելու եւ կամ ծխելու յատուկ վայրեր։ Բայց սա նաեւ կախում ունի, թէ դուն ինչպէ՞ս կը վարուիս յաճախորդին հետ, հանգիստ զգալ կու տա՞ս իրեն, լաւ կը սպասարկե՞ս ու, ամենակարեւորը՝ կը ստեղծե՞ս այնպիսի պայմաններ, որպէսզի հիւրդ ինքզինք լաւ զգայ։

Հայերու պարագային միայն կայ Վարդան Սէֆէրեանը, որ կրնայ հաւաքել հայերը։ Ան Արիզոնա շրջանէն է, բայց այնքան զբաղած է, որ ժամանակ չունի: Ինք անդամ է այն մեծ «շանաձուկ»երու խումբին, որ Ամերիկայի մէջ սիկառ ծխելու արգելքներու օրէնքներուն դէմ պայքարող խումբ մըն է։ Կը տեսնեմ զինք սիկառի տօնավաճառներու մէջ, որոնք կը կազմակերպուին «Cigar Association of America»ի (PCA) կողմէ։ Սէֆէրեան կրնայ մօտեցնել այս ոլորտի հայերը, բայց, ինչպէս ըսի, ժամանակ չունի, իսկ հայերն ալ իրենք իրենց չեն հաւաքուիր:

-Քուպա, Նիքարակուա, Տոմինիքեան Հանրապետութիւն եւ տակաւին ուրիշ երկիրներ… Ձեր կարծիքով՝ ներկայիս որո՞նք են ամենալաւ սիկառ արտադրող երկիրները։

-Իրականութեան մէջ, ներկայիս, Նիքարակուայի եւ Տոմինիքի սիկառները գրաւած են մեր շուկան: Ամերիկայի մէջ արգիլուած է Քուպայէն սիկառ ներմուծել: ԱՄՆ-ի նախկին նախագահ Օպամայի օրով արտօնուեցաւ փոքր քանակով սիկառ ներմուծել այդտեղէն, բայց Թրամփի օրով կրկին արգիլուեցաւ: Քուպայական սիկառի կեղծուածն ալ շատ է, հետեւաբար շուկան բաւական վտանգաւոր դարձած է: Քուպայական սիկառ կարելի է գնել Լիբանանի օդակայանէն, ուր անպայման իսկականը կը գտնուի, որովհետեւ հոն մէջ կը գտնուի քուպայական սիկառի նեկայացուցիչը, որ շուրջ 67 երկիր կը ներկայացնէ։ Սիկառի վաճառականները կու գան օդակայան՝ առանց Լիբանան մտնելու, սիկառ կը գնեն ու կրկին կը ճամբորդեն: Այսինքն, քուպայականի պարագային Լիբանանը աւելի վստահելի շուկայ է, քան ԱՄՆ-ը:

-Իսկ սիկառներու որակները ինչո՞վ կը տարբերուին իրարմէ:

-Քուպայի մէջ կայ Փինար տել Ռիօ անունով շրջան մը, ուր բնութիւնը, պարարտ հողը, մթնոլորտը շատ լաւ են ու արդիւնաւէտ՝ սիկառի համար: Դժբախտաբար, աղէտալի փոթորիկ մը քանդեց այդ շրջանը եւ հիմա կը սպասուի սիկառի տագնապի մը: Սիկառ արտադրող հսկաներէն AVO ընկերութիւնը (հիմնադրուած՝ աշխարհռչակ ճազի դաշնակահար, յօրինող ու սիկառի գործարանատէր Աւօ Ուվէզեանի կողմէ), որ «Davidoff»ին կը հայթայթէ ծխախոտը, լաւ հողեր ունի Նիքարակուայի եւ Տոմինիքեանի մէջ: Նիքարակուայի եւ Տոմինիքեանի սիկառները շատ լաւ ու որակաւոր են եւ աւելի սուղ քուպայականէն: Եթէ նոյնիսկ այսօր ԱՄՆ արտօնէ, որպէսզի քուպայական սիկառ ներմուծենք, վստահաբար լաւորակ պիտի չըլլայ, որովհետեւ Քուպա առաջնահերթօրէն կը մատակարարէ եւրոպական շուկան։ Քուպայի կարողութիւնը այսքան է եւ եթէ պիտի մատակարարէ ամերիկեան շուկան ալ, ապա սա պիտի ըլլայ որակի հաշւոյն:

-Սիկառը իր կարեւորութեամբ յարգի խմիչքներու, քաւիարի, նոյնիսկ գոհարեղէններու կարգին կը դասուի: Յաճախ քաղաքական աշխարհին մէջ՝ որպէս բանակցութեան ժեստ կը գործածուի: Ինչքանո՞վ համաձայն էք այս տեսութեան, ի՞նչ կը մտածէք այս առումով:

-Ես համաձայն եմ եւ օրինակը Ուինսթըն Չըրչիլն է։ Ան «Արարատ» քոնեաքը սնտուկով կը գնէր: Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին յանկարծ կը դադրի «Արարատ» քոնեաքին մատակարարումը։ Չըրչիլ կը հետաքրքրուի պատճառով եւ կը հասկնայ, թէ քոնեաքի սեփականատէրը Սիպերիա աքսորուած է։ Ուրեմն կապ կը հաստատէ Սթալինին հետ՝ ըսելով, որ առանց քոնեաքի սիկառը չի ծխուիր, հետեւաբար կը վերադարձնեն «Արարատ» քոնեաքի տէրը Երեւան եւ կրկին կ՚արտադրուի զայն… Ասիկա քաղաքական բանակցութիւններու վերաբերեալ հետաքրքրական օրինակ մըն է, թէ քոնեաքը եւ սիկառը քով քովի դնելով հարցեր կարելի է լուծել: Գործի իմաստով, յաճախ իմ խանութս կու գան յաճախորդներ, որոնք քոնեաքի ու սիկառի շուրջ մեծ գործարքներ կը կնքեն: Այսինքն կարելի է ըսել, թէ սիկառը շատ հարցեր կը լուծէ:

-Քորոնաժահրի համաճարակի ժամանակ եւ անկէ վերջ խօսուեցաւ, որ սիկառի արտադրութիւնը նուազեցաւ եւ այդ պատճառով գիներու սղաճ եղաւ: Ձեր կարծիքով, ի՞նչ էին իսկական պատճառները։ Արդեօք համաճարա՞կն էր, բնութենական-եղանակային պայմաննե՞րը, կամ սիկառի շուկան էր՝ որպէսզի երեւելի գնաճ ըլլայ։

-Կը կարծեմ, որ նախ՝ քորոնաժահրի համաճարակը ազդեցութիւն ունեցաւ համաշխարհային գետնի վրայ բազմաթիւ ոլորտներուն մէջ։ Երկրորդ՝ որովհետեւ համաճարակը շնչառութեան եւ թոքերու հետ կապուած հիւանդութիւն մըն է, բնականաբար ծխելը թիւ մէկ թշնամին դարձաւ մարդոց համար։ Ունինք յաճախորդներ, մանաւանդ օտար, որոնք աւելի զգոյշ են՝ քան հայերը։ Անոնք սկսան չգալ կամ թեթեւցնել յաճախումը, նուազեցնել սիկառի քանակը, ինչ որ ազդեց գործին վրայ: Բայց հիմա զարկ մը եւս սկսած է, սիկառի ընկերութիւնները սկսան շահաբաժին առաջարկել։ Մեր մօտ հարկերը ահաւոր են, որ ընկերութիւնները իրենք ստանձնեցին այդ հարկերէն բաժին մը վճարել՝ օգնելու համար փոքրաքանակ վաճառականներուն, ինչ որ իսկապէս օգնեց ձեւով մը:

-Յառաջիկային արդեօք տագնապ մը կը ստեղծուի՞ սիկառի գտանելիութեան առումով:

-Իրականութեան մէջ շուկան սիկառ շատ կայ, բայց եթէ նախընտրութիւնդ մէկ տեսակ է եւ անիկա կը պակսի փոքրաքանակ վաճառականներուն մօտ, ստիպուած ես անոր մօտիկ տեսակ մը ընտրելու: Ներկայիս պակաս կայ, բայց շատ ահաւոր չէ:

-Իսկ մտածա՞ծ էք սիկառի արտադրութեան մասին, այսինքն սկիզբէն դուք ցանէք եւ սկսիք արտադրել: Եւ այս հարցումին ընդմէջէն կ՚ուզեմ պատուհան մը բանալ դէպի Հայաստան։ Երբեւէ մէկը մտածա՞ծ է կամ դուք լսա՞ծ էք, որ հետաքրքրութիւն կայ Հայաստանի մէջ սիկառ մշակելու եւ արտադրութիւն սկսելու ծրագրերու մասին:

-Այո, ունիմ Նիւ Եորքէն պարսկահայ ընկեր մը, որ սիկառ կ՚արտադրէ։ Ան Ղարաբաղի մէջ տեղ գտաւ, ամէն դասաւորումները ըրաւ, բայց, ափսո՜ս, հիմա այս պայմաններուն մէջ ծրագիրը ձախողեցաւ: Երեք գործընկերներ էին՝ Դաւիթ, Վալոտ եւ Արմէն, հիմա արդէն երկուքը մնացին, «Dav» սիկառ կ՚արտադրեն: Վալոտը յաճախ կ՚երթայ Հայաստան, նոյնիսկ շուկայ գտած էր արտադրանքի: Ուրիշներ ալ կան, որոնք կը գնեն սիկառները Նիքարակուայէն եւ իրենց ապրանքանիշը կը դնեն վրան. օրինակ՝ «Գօգօ» սիկառը (սեփականատէրը՝ Հրաչ), «Վարդան Զօրավար» անունով սիկառը (սեփականատէրը՝ Վարդան), բայց, անշուշտ, շուկայ չի բաժներ, այլ միայն ինք կը վաճառէ։

-Հարցերուն հայկական ակնոցով կը մօտենաք։ Արդեօք կարելի՞ է ունենանք հայկական սիկառ, ինչպէս ունինք հայկական քոնեաք:

-Մեր մօտ կայ հայ երիտասարդ մը, որ ԱՄՆ ծնած ու մեծցած է, տէրն է «Sinistro» սիկառին։ Արտադրած է սիկառ մը, որուն տուփին վրայ Հայաստանի զինանշանը կայ։ Սա փորձ մըն է, բայց հայկականութիւն չի բուրեր, որովհետեւ Տոմինիքեան սիկառներ են: Հայկականը, կը կարծեմ, պիտի չըլլայ, որովհետեւ, դժբախտաբար արտադրութիւն չկայ եւ ապագայի հեռանկարով ալ դժուար թէ ըլլայ։ Գոնէ ես չեմ տեսներ այդ հաւանականութիւնը, բացի եթէ մէկը Նիքարակուայի մէջ հող մը գնէ եւ այդտեղ մշակէ:

-Ձեր նախասիրած սիկառը ո՞րն է եւ ինչո՞ւ:

-Ես ընդհանրապէս կը փորձեմ այնպիսի սիկառ մը ծխել, որ եթէ այսօր տուփէն հատ մը առնեմ եւ վեց ամիս ետք երկրորդ սիկառը վերցնեմ նոյն տուփէն, նոյն որակով մնացած ըլլայ: Իմ նախընտրած սիկառը AVO-ն է՝ «Davidoff»էն։ Երբ AVO-ի սիկառները այսօր ծխես, մէկ տարի յետոյ նոյն համն է: Թերեւս այն կը նախընտրեմ, որովհետեւ տէրը հայ է եւ անոր հետ ծանօթացած եմ եւ տարբեր առիթներով հանդիպած: Անգամ մը Կլենտէյլի մէջ յանձնախումբ մը դրամահաւաք կազմակերպած էր մեր հայ դպրոցին համար եւ զինք հրաւիրած էին։ Ան 500 սիկառ նուիրեց, ինչ որ աննախադէպ էր: Ես կը նախընտրեմ նաեւ «Padron» սիկառները: Գալիֆորնիոյ մէջ ծխախոտներուն վրայ բարձր հարկեր կան, հետեւաբար սիկառները սուղ են։ Մինչդեռ, օրինակ՝ նոյն սիկառը Լաս Վեկասի մէջ աւելի աժան է: Ինծի համար AVO-ին սիկառները կը մնան իմ նախընտրելին՝ ո՛չ թէ որովհետեւ միայն «հայկական» է (անշուշտ իր դերը ունի), այլեւ որովհետեւ անարատ սիկառ է:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Յուլիս 26, 2023