ՔԱՂԱՔԱՎԱՐԱԿԱՆ ԱՅՑ
ԱՔ կուսակցութեան Իսթանպուլի երեսփոխան տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու երէկ ընդունունեցաւ առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճայի կողմէ։ Նորընտիր երեսփոխանը եւ վերանշանակեալ նախարարը զրուցեցին ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։ Սեւան Սվաճըօղլուի կողմէ տրուած քաղաքավարական այցելութիւն մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին մասնագիտութեամբ բժիշկ երկու գործիչերը զանազան նիւթերու շուրջ կարծիքի փոխանակումներ ունեցան։ Սեւան Սվաճըօղլու նախարարը շնորհաւորեց վերանշանակուելուն կապակցութեամբ եւ յաջողութեան մաղթանքներ յղեց յառաջիկայ գործունէութեան համար։
Կը տեղեկանանք, որ նախարար Քոճայի եւ երեսփոխան Սվաճըօղլուի զրոյցի ընթացքին օրակարգի վրայ եկած են Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու հիւանդանոցներուն կողմէ ծաւալուած գործունէութեան վերաբերեալ զանազան նիւթեր։ Սվաճըօղլու եւ Քոճա համակարծիք գտնուած են, թէ այդ հիւանդանոցներուն կողմէ մատուցուած ծառայութիւնները իսկապէս մեծ արժէք կը ներկայացնեն երկրի ընդհանուր հասարակութեան համար։ Նախարար Քոճա մասնաւորապէս ընդգծած է, որ այդ հիւանդանոցները միշտ առարկայ են պետութեան ուշադրութեան եւ զօրակցութեան։ Ֆահրետտին Քոճա ընդգծած է նաեւ իր պատրաստակամութիւնը, որպէսզի անհրաժեշտութեան պարագային հնարաւորութեան սահմաններու մէջ շարունակէ աջակցութիւն ցոյց տալ փոքրամասնութիւններու հիւանդանոցներուն։ Իր կարգին, Սեւան Սվաճըօղլուն ալ նախարարի նկատառման յանձնած է փոքրամասնական հիւանդանոցներու ղեկավարութիւններուն կողմէ ողջոյններ եւ բարեմաղթանքներ։
Ինչպէս ծանօթ է, Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու հիւանդանոցներու մատակարար մարմիններուն ընտրութեան հարցը միջոցէ մը ի վեր արդէն օրակարգի վրայ է։ Երկար սպասումէ վերջ անցեալ տարի տեղի ունեցած էին համայնքային բոլոր վաքըֆներու մատակարար մարմիններուն ընտրութիւնները։ Այդ ժամանակ ընդունուած կանոնադրութեան մէջ բացառութիւն համարուած էին փոքրամասնութիւններու հիւանդանոցները՝ որպէս տուեալ համայնքներու տանիքային կառոյցներ։ Ուստի, այդ հանգամանքին հիման վրայ որոշուած էր տարի մը վերջ իրականացնել տուեալ հիւանդանոցներու մատակարար մարմիններուն ընտրութիւնը։ Առ այժմ որեւէ շօշափելի զարգացում գոյութիւն չունի այս ուղղութեամբ։ Անցեալ տարուան համայնքային ընտրութիւններու կանոնադրութեան ընդունման ժամանակ շրջանառութեան մէջ մտած էին լսումներ, ըստ որոնց, փոքրամասնութեանց հիւանդանոցներու պարագային ընդունուելիք ընտրութեան կանոնադրութիւնը պիտի ենթադրէր նաեւ Առողջապահութեան նախարարութեան վերաբերեալ կարգ մը երեսակներ։ Այժմ, թէեւ այս մասին ոչինչ հաղորդուած է, սակայն, Սեւան Սվաճըօղլուի եւ Ֆահրետտին Քոճայի հանդիպումը կը զուգադիպի այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ փոքրամասնութեանց հիւանդանոցներու մատակարար մարմիններու ընտրութիւններուն հարցը դարձեալ այժմէական է եւ խնդրոյ առարկայ են սպասումներ։
Առողջապահութեան նախարարութենէն ներս տեղի ունեցած հանդիպման աւարտին Ֆեհրետտին Քոճա եւ Սեւան Սվաճըօղլու փոխանակած են նաեւ յուշանուէրներ։