ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԸՍՏ ՍԱՐԹՐԻ ԵՒ ԱՐԵՆՏԹԻ
Երբ մարդկութիւնը սկսաւ միասին ապրիլ ու կազմեցին հաւաքականութիւններ, անհատներու կամ մարդոց գործողութիւնները միշտ կարեւոր դարձաւ տուեալ հաւաքականութեան միւս անդամներուն համար: Որովհետեւ մարդը, որ կը գտնուի որոշ աշխուժութեան մէջ, կը յանգի որոշ արդիւնքներու։ Այդ իսկ պատճառով որեւէ անձ գործելու ընթացքին պատասխանատուութիւն կը կրէ իր գործողութիւններու համար: Այնուամենայնիւ, այդ պատասխանատուութիւնը կը պատկանի անոր։
Անհատի արարքը շատեր կը փորձեն սահմանել բազմաթիւ կանոններով։ Այս որոշումը կրնայ յառաջանալ որպէս օրէնք կամ որպէս յարաբերական ըմբռնում։ Բայց սա, ի հարկէ, պարտադիր չէ, որ ներառէ բոլորը: Որովհետեւ որպէս բանական էակ՝ մարդը ի՛նք կ՚որոշէ իր արարքները եւ ուղղութիւնը։ Բայց ի հարկէ, մարդը պէտք է հաշուի առնէ նաեւ այլ մարդիկ, որոշում մը կայացնելու ժամանակ՝ անոնց հետեւանքներու եւ հաւանական ազդեցութեան առումով։ Անցեալին բարոյական փիլիսոփայութեան կարեւորագոյն նիւթերէն մին համարուող պատասխանատուութեան եւ գործողութեան փոխյարաբերութիւններու մասին վէճերը այսօր եւս քննարկման առարկայ են: Յատկապէս ժամանակակից մտաւորականներ կը կարեւորեն հաւաքական պատասխանատուութեան քննարկումը։
Անշուշտ, մարդկային գործողութեան պատասխանատուութեան մասին փիլիսոփայական բազմաթիւ ըմբռնումներ կան։ Սակայն պատասխանատուութիւնը գոյաբանական իմաստով կը դիտարկենք Ժան-Փոլ Սարթրի միջոցով։ Քանի որ գոյութիւն ունենալը կը նախորդէ էութեան, մարդը պատասխանատու է իր որեւէ արարքի համար, բայց անիմաստ կ՚ըլլայ էակները ինքնին պատասխանատու համարել որեւէ գործողութեան համար: Որովհետեւ մարդ իր գործողութիւնները կատարելու ժամանակ չունի անփոփոխ բնոյթ, ընդհակառակը, ան պէտք է ազատ ըլլայ պատասխանատուութիւն կրելու այդ արարքներու համար։ Ուստի, հնարաւոր կը դառնայ ըսել, որ մարդը, իրականութեան մէջ, ազատ էակ է։
Կարելի է ըսել, որ Սարթր այս նիւթը քննարկած է թէ՛ հաւաքական եւ թէ անհատական պատասխանատուութեան համատեսքին մէջ: Երբ մարդ բան մը կ՚ընէ, այդ մէկը պէտք է ընէ՝ մտածելով, որ միայն ինք չի ձեւաւորեր այդ գործողութիւնը։ Ան պէտք է մտածէ, որ այս գործողութիւնը կրնայ ազդել բոլոր մարդոց վրայ։ Գործողութեան հետեւանքները կը ներառեն ո՛չ միայն գործողութիւնը կատարող անհատը, այլեւ այլ անձեր: Թէեւ մարդիկ կ՚ապրին հասարակութեան մէջ, սակայն կարելի չէ անոնցմէ ակնկալել, որ պաշտպանեն օրէնք մը, որ կը ծառայէ միայն իրենց սեփական շահերուն: Որովհետեւ գործողութիւններու հետեւանքները ո՛չ միայն անհատական են, այլեւ ընկերային։
Մեր գործողութիւններու, հետեւանքներով հանդերձ, ընկերային հանգամանք կրելը կը նշանակէ, որ մեր գործողութիւնները մեր վրայ որոշ պատասխանատուութիւն կը դնեն ո՛չ միայն բարոյական, այլեւ քաղաքական: Հաննա Արենտթը կարեւոր անուն մըն է, երբ խօսքը կը վերաբերի քաղաքական բարոյագիտութեան։ Արենտթ քաղաքական բարոյագիտութիւնը կը սահմանէ յատկապէս չար հասկացութեամբ։ Այս սահմանումէն առաջ տրուելիք հարցը հետեւեալն է. «Ինչպէ՞ս բարոյական ենթական թոյլ տուաւ ոչնչացնել ուրիշը, կամ ինչպէ՞ս մասնակցեցաւ այս բռնութեան»: Արենտթ, որ Երկրորդ աշխարհամարտի ժամանակ նացիներու պատճառով ստիպուած էր փախչիլ ԱՄՆ, մօտէն ականատես եղաւ այդ պատերազմի ընթացքին ամէնուրեք տիրած չարիքին: Այդ իսկ պատճառով, Արենտթի համար կարեւոր է քաղաքական բարոյագիտութիւնը։
Արենտթի քաղաքական բարոյագիտութեան մեկնաբանութիւնը, ի հարկէ, կապուած է հաւաքական պատասխանատուութեան հետ: Հաւաքական պատասխանատուութիւնը ցոյց կու տայ, որ ենթական պատասխանատու է ո՛չ միայն իր, այլեւ միւս բոլոր ենթականերու առջեւ՝ ուրիշներու հետ կապուած որոշումներու եւ գործողութիւններու համար։ Այս կէտն է, որ կը նշէ Արենտթ: Քաղաքական բարոյագիտութեան շրջանակներու մէջ ենթակայի վերաբերմունքն ու որոշումը անկախ չեն այլ ենթականերէն։ Որովհետեւ արդիւնքները կ՚ազդեն այդ հասարակութեան մաս կազմող բոլոր ենթականերու վրայ։ Պատասխանատուութիւնը այս առումով շատ կարեւոր է, որովհետեւ այլ անձի մը ոչնչացման թոյլ տալը ենթական պատասխանատու կը դարձնէ: Եթէ նոյնիսկ ենթական ինքը չկատարէ բռնութեան կամ ոչնչացման որեւէ գործողութիւն, նոյնքան պատասխանատու կը համարուի յանցաւորի հետ: Որովհետեւ իւրաքանչիւր ենթակայ պատասխանատու է հասարակութեան եւ նոյնիսկ աշխարհի առջեւ:
Կարելի է ըսել, որ ենթակայի կողմէ այլոց նկատմամբ բռնութիւնն ու ճնշումը անտեսելը հաւաքական պատասխանատուութեան դէմ գործողութիւն մըն է: Ենթակայի պատասխանատուութիւնը հասարակութեան առջեւ ցոյց կու տայ նաեւ հակառակ դիրքորոշում Սարթրի պատասխանատուութեան միտքին։ Որովհետեւ, երբ ենթական քաղաքական իմաստով գործողութիւն մը կը կատարէ, ան սա կ՚իրականացնէ միայն իր մասին հոգալով, միայն իր շահուն համար: Սակայն հաւաքական պատասխանատուութիւնը կը գործէ հակառակ ուղղութեամբ։ Ինչպէս քաղաքական իրադարձութիւններու հանդէպ մեր վերաբերմունքն ու կատարածները մեզ պատասխանատու կը դարձնեն անոնց լաւ կամ վատ հետեւանքներու համար, նոյնպէս մեծ անպատասխանատուութիւն է զանոնք անտեսելն ու անոնց հանդէպ անտարբեր մնալը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ