ԹՔԵԼՈՒ ՀՐԱՒԷՐ (Գ.)
Զ.- Քաթիպայի թուքը այս անգամ կը հասնի բոլոր ճարտարասացներուն եւ քարոզիչներուն, որոնք բեմ դուրս գալով Աստուծոյ կողմէ իրենց տրուած խօսելու շնորհքը ի գործ կը դնեն, սակայն այդ մէկը չեն ծառայացներ իրենց հայրենիքի բարօրութեան: Պէտք է յիշել, որ զէնքի եւ գրիչի կողքին լեզուն ալ զէնք մըն է. պատմութիւնը փաստ է, թէ խօսքը ինչ զօրութիւն ունի մարդկային կեանքի մէջ. ինչքան մեծ յեղափոխութիւններ տեղի ունեցած են լոկ խօսքի զօրութեամբ. ինչքան մարդոց կեանքը փոխուած է խօսքի միջոցով: Մանաւանդ այսօր, երբ մարդիկ հեռու են ընթերցանութենէ, ամենէն զօրաւոր զէնքը խօսքն է եւ Քաթիպա կը թուքէ բոլոր անոնց երեսին, որոնք ունին խօսելու շնորհք ու կարելիութիւն, սակայն այդ մէկը հայրենիքի փառքին համար չեն օգտագործեր։
Անցեալին մտաւորականներ իրենց խօսքը գրիչի ճամբով կը փոխանցէին հանրութեան. ժողովուրդը ունէր սէր ընթերցանութեան հանդէպ, սակայն այսօր ժամանակները փոխուած են եւ քանի որ երիտասարդութիւնը չի կարդար, պէտք է վերադառնալ խօսքին: Այսօր մեր շուրջ խօսողները շատ են, սակայն հիմնականը խօսիլը չէ, այլ ի՛նչ խօսիլն է կարեւորը. այնպէս ինչպէս Մարթին Լուտեր Քինկ իր խօսքով կ՚ոգեւորէր իր ժողովուրդը, նոյնպէս պէտք է ոգեւորել մեր հայրենասիրութիւնը: Քրիստոս եւս գրիչի փոխարէն խօսքով քարոզեց, խօսքով դարձի բերաւ շատերը. նոյն այդ խօսքին զօրութեամբ պէտք է արթնցնենք խոր քունի մէջ եղող մեր հայրենասիրութիւնը:
Ի՞նչ իմաստ ունի ըլլալ ճառախօս, խօսելու մեծ ընդունակութեան տէր հայ, սակայն այդ մէկը չծառայեցնել հայրենիքին. նման անձերու համար Գամառ Քաթիպա կ՚ըսէ.-
«Երկինք շնորհեցին քեզ լեզու ճարտար,
Քարոզչի ստացար հըռչակ ու հանճար.
Բայց թէ լեզուէդ շահ չունի ՀԱՅԱՍՏԱՆ,
Թըքել ենք քու ալ, լեզուիդ ալ վըրան»:
Է.- Քաթիպա իր նախավերջին թուքը կը վերապահէ բոլոր անոնց, որոնք բարձրագոյն ուսում ստացած են, կը ստանան եւ կամ պիտի ստանան. կ՚ուզէ թքել բոլոր անոնց երեսին, որոնք բարձրագոյն ուսում ստանալով հանդերձ չեն գիտակցիր հայրենիքի կարեւորութեան: Հին մտաւորականներն ու արուեստագէտները ուսումնասիրելով կը տեսնենք, թէ անոնք Եւրոպաներու եւ մեծագոյն համալսարաններու մէջ ուսում ստացած, սակայն իրենց ստացած ուսումը ծառայեցուցած են իրենց հայրենասիրութեան ու ազգին համար. անոնք առաւելագոյնս գիտակցած են ինչպէս օգտուիլ օտարի գիտութենէն եւ այդ մէկը ծառայեցնել ազգի բարօրութեան:
Մերօրեայ երիտասարդութիւնը իր ուսումը կը կարեւորէ լոկ իր սեփական շահերուն եւ իր ապագային համար, մոռնալով, որ ուսումը սեփական ասպարէզի կողքին հայրենիքին ալ պէտք է ծառայեցնել, թէ ոչ կ՚արժանանան Քաթիպայի այն խօսքերուն որ կ՚ըսէ.
«Մեծ ուսում առիր, եղար գիտնական,
Գովքովըդ լըցուած է մարդոց բերան.
Թէ ուսումէդ շահ չունի ՀԱՅԱՍՏԱՆ,
Թըքել ենք քու ալ, ուսմանդ ալ վըրան»:
Ը.- Վերջին տունին մէջ Քաթիպա թքելու փոխարէն մեծարանք, պատիւ ու յարգանք կը խոստանայ բոլոր անոնց, որոնք իրենց ծնունդէն մինչեւ գերեզման որպէս միակ ձգտում իրենց սիրտին եւ հոգիին մէջ կ՚ունենան Հայաստանը:
Քաթիպայի բառերով.-
«Կու տամ քեզ պատիւ, կ՚ունենաս դու յարգ,
Ու կը դընեմ քեզ ազնիւ մարդոց կարգ,
Երբ օրօրանէդ մինչեւ գերեզման
Միակ ձըգտմունքըդ լինի ՀԱՅԱՍՏԱՆ»:
Քաթիպայի հայրենասիրութեան մակարդակը հասկնալու համար կը կարծենք, թէ այս բանաստեղծութիւնը բաւարար է հասկնալու համար մեծ գրողի խառնուածքն ու ըմբռնումները: Անձ՝ որ հայրենիքի բարօրութիւնն ու պայծառութիւնը ամէն բանէ աւելի առաջնահերթ կը նկատէ:
Ազգովի այսօր պակասը ունինք Քաթիպաներու. եթէ ամէն հայ իր կեանքը ապրէր Քաթիպայի համոզումներով, այսօր ամբողջովին ուրիշ մակարդակի ու վիճակի մէջ կրնայինք գտնուիլ:
Թող կատարուի հրաշք եւ ապագայի բոլոր սերունդները իրենց մէջ կրեն Քաթիպայի հոգին. իրենց խօսքին, գրիչին, ուսումին, հարստութեան, պաշտօնին մէջ մի՛շտ բարձրագոյն նկատեն հայրենիքի շահերը, որպէսզի տեսնենք արեւելքը մեր ժողովուրդին:
•վերջ
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -303-
Գուցէ լսած էք այն խօսքը, որ «ազգովի դէպի կորուստ կ՚առաջնորդուինք», սակայն գուցէ լաւապէս չէք հասկցած անոր իմաստը, այդ իսկ պատճառով մեր հայկական իրական կեանքէն արիւնալի վէրք մը կ՚ուզեմ ցոյց տալ:
Մօտաւորապէս ութ տարի առաջ կ՚աշխատէի հայկական կազմակերպութեան մը մէջ՝ որ մասնաճիւղեր ունի նաեւ աշխարհի տարբեր կողմերը: Տարբեր վայրերու մէջ գտնուող մասնաճիւղերը ամսական դրութեամբ իրենց ժողովներուն ատենագրութիւնները պարտաւոր էին մեզի ղրկել: Իրաքի շրջանը իր ժողովները կը կատարէր արաբերէն լեզուով եւ նամակներն ու ատենագրութիւնները մեզի կը հասնէին արաբերէն լեզուով, պարզ այն պատճառով, որ արաբերէն գրելն ու խօսիլը աւելի դիւրին է իրենց համար՝ քան հայերէն մայրենի լեզուն: Եթէ հայկական կազմակերպութիւն մը այդպէս է, դուք մտածեցէք հասարակ ժողովուրդին վիճակը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 04/25/2025
- 04/25/2025