ԿԵԱՆՔԻ ԳՈՐՇ ՍՏՈՒԵՐԻՆ ՏԱԿ ՄԱՔԱՌՈՒՄ

Յաճախ հիասթափութեան պատճառ կը դառնան մեր ակնկալիքները՝ այլ մարդոցմէ կամ ընդհանրապէս կեանքէն։ Մեզմէ ո՞վ ծանօթ չէ այն բեմագրութեան, թէ անբուժելի մելամաղձոտութեան մէջ մեր բոլոր յոյսերը բեռնենք ակնկալիքի մը վրայ եւ հաւատանք, որ այդ մէկը իրականութիւն դառնայ եւ այս անգամ մեզ երջանկացնէ։

Այս բեմագրութեան հաւատացողներէն քանի՞ն եղած է «այս անգամ» երջանիկ, անոնցմէ քանի՞ն «այս անգամ» ուրախութենէն բղաւած է այնպէս՝ ինչպէս կարծէք գտած ըլլան յաւերժական երջանկութեան գաղտնիքը։ Այդ մարդիկ, ի վերջոյ, դարձեալ հարուած ստացած են ու մատնուած յուսախաբութեան: Այն բեմագրութիւններու թիւը, որոնք հակառակ իրականութիւն դառնալուն՝ մեզ չեն երջանկացուցած, պակաս չեն մեզ երջանիկ դարձնելիք հնարաւոր բեմագրութիւններէն։

Եթէ ​​ձեզի հարցնէին, թէ այսօր ի՞նչ կ՚ուզէք կեանքէն, ինչպէ՞ս կը պատասխանէիք։ Խաղաղութի՞ւն, սէ՞ր, առողջութի՞ւն, հարստութի՞ւն, երջանկութի՞ւն…

Երբ մուտք կը գործենք նոր տարի մը, նոր դարաշրջան մը, զանոնք կը դիմաւորենք յոյսերով, ակնկալիքներով, ոգեւորութեամբ կամ բարեմաղթանքներ յղելով իրարու։ Թերեւս առաջին հերթին այս բոլորը կու գան մեր մտքին: Չեմ կարծեր, որ զանոնք կեանքէն ակնկալելը վատ է կամ չեմ թերագնահատեր այդ սպասումները, քանի անոնցմէ իւրաքանչիւրը կ՚ամրացնէ մեր կամքն ու ուժը կեանքի պայքարին մէջ։ Բայց երբ ցանկութիւնները աւելի յստակ ըլլան, մեր պատկերացուցածի եւ կարիքներու բազմազանութիւնն ու բարդութիւնը զարմանալի կը թուին, մինչդեռ բոլորիս ապրելու հիմնական կարիքները, իրականութեան մէջ, պարզ են ու շատ կը նմանին իրարու։

Մեծամասնութիւն կը կազմեն երազողները։ Սա երեւոյթ մըն է, որ կը դիտարկուի կրթուածներու, բարեկեցիկներու, աղքատներու եւ այլնի մօտ: Հարուստներու ակնկալիքները տարբեր են՝ բաղդատմամբ տանջուող մարդոց, որոնց ապագան համեմատաբար անորոշ է: Այնուամենայնիւ, կան նաեւ ուրիշներ, որոնք չեն պատկանիր այս երկու դասակարգերէ որեւէ մէկուն։

Այս դասակարգերէն իւրաքանչիւրի համար կեանքը լի է տարբեր մակարդակի մաքառումներով։ Մինչդեռ «արդարութեան» հանդէպ խախտուած հաւատը կը դժուարացնէ պայքարը անոնց համար, որոնք հիասթափուած են: Այն փաստը, որ մեզմէ ոմանց ապագան որոշ է, ուրիշներու ապագան կը դարձնէ համեմատաբար անորոշ: Այնուամենայնիւ, յաճախ մենք ենք, որ կանխատեսումներ կ՚ընենք անոնց ապագայի անորոշութեան մասին՝ նկատի ունենալով մարդոց ներկան՝ ճիշդ այնպէս, ինչպէս անցեալին սեղանը կը կոչուէր «սեղան», իսկ այսօր մեզմէ ոչ ոք զայն «աթոռ» կ՚անուանէ։

Ամէն ինչ կարծէք կ՚ընթանայ մեր սահմանած օրէնքներով ու սահմանումներով, մինչդեռ բնութիւնը ունի իր օրէնքները: Ի վերջոյ, երբ մեզմէ իւրաքանչիւրը ցաւ կը զգայ ուրիշներու հիասթափութիւններէն, բայց դեռ կը գերադասէ իրը, ինչպէ՞ս պատրաստ կ՚ըլլանք կշռադատելու եւ անաչառ մօտենալու մեր ընդհանուր խնդիրներուն եւ ըստ այդմ աջակցելու իրարու։

Կեանքի մէջ բազում հանգամանքներ կ՚ամրացնեն մեր դիրքը յուսահատութեան դէմ պայքարի գծով, բայց ես անոնց հիմքը կը դնեմ բնութեան օրէնքներուն եւ արդարութեան հանդէպ մեր հաւատի վրայ: Մարքուս ​​Աւրելիուս ըսած է հետեւեալը. «Այն, ինչ որ տեղի ունեցած է, արդար է։ Եթէ ուշադիր նայիք, կը տեսնէք, որ սա ճիշդ է։ Ես նկատի ունիմ ո՛չ միայն ուղղակի պատճառահետեւանքային գիծը, այլեւ արդարութեան գիծը, որ կարծես մէկու մը կողմէ ամէն ինչ արդար բաշխուած է»։

Ես յոռետես չեմ, երբ կ՚ըսեմ, որ հնարաւոր չէ կատարելապէս երջանիկ ըլլալ։ Նմանապէս, զարդարուած լաւատեսութիւն է ըսել, որ կեանքի ակնյայտ հիասթափութիւններու եւ իբր թէ իրականութիւն դարձած երազանքներու ետին կայ արդարութիւն: Որովհետեւ անկախ մեր գլուխները դրած բարձերէն, մեր բոլորի երազանքները նոյն չափով գեղեցիկ են։

Արդարեւ, երբ կը վշտահարինք, մեր բոլորի կրած ցաւերը նոյն չափով ցաւոտ են: Անիմաստ է բաղդատել, գերադասել կամ թերագնահատել, արհամարհել մեր ցաւերն ու երջանկութիւնները, մեր երազներն ու հիասթափութիւնները, քանի որ իւրաքանչիւր անձ, իւրաքանչիւր անհատ, որքան որ մաս կազմէ հաւաքականութեան մը, ունի իւրայատուկ ակնկալիքներ ու մտածումներ, ձիրքեր ու կարողութիւններ եւ բոլորի հայեացքը տարբեր է կեանքի հանդէպ։ Այսպէսով կը հաստատուի հանդուրժողականութիւնը, իրերօգնութիւնը, բարեկեցութիւնը եւ ի վերջոյ՝ համընդհանուր երջանկութիւնը։ Պէտք է ըմբռնել այս մէկը՝ յաղթելու համար կեանքի գորշ ստուերին տակ տարուած մաքառումին…

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Յուլիս 31, 2023