ՅԱՐԱԲԵՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
«Պատասխան տուողները մտիկ մի՛ ընէք. հարցում հարցնողները մտիկ ըրէք»։
ALBERT EİNSTEİN
«Յարաբերական» կը նշանակէ՝ համեմատական. վերաբերականութեան, առընչականութեան ենթակայ ըլլալ։ Գոյութիւն միայն որպէս առարկայ, կամ յարաբերաբար մտածող միտքի մը. երեւակայութիւն։
Նիւթի, ուժի, միջոցի եւ ժամանակի ներկախուածութեան սկզբունքը՝ տեսութիւնն է «յարաբերականութիւն»ը՝ որ Albert Einsteinի կողմէ ձեւաւորուած է. «relativité»։ Բնագիտական մարզի մէջ՝ յարաբերականութեան մասնաւոր տեսութիւնը կ՚ընդունի, թէ լոյսին ուժգնութիւնը (vélocité) անկախ է իր աղբիւրին շարժումէն եւ թէ շարժումը ինքնին իմաստազուրկ յղացք մըն է, ի բաց առեալ իբրեւ ֆիզիքական երկու դրութիւններու կամ նիւթական մարմիններու յարաբերաբար իրարու շարժման բաղդատական։
Յարաբերականութեան ընդհանուր տեսութիւնը վերոնշեալ սկզբունքները կը տարածէ ձգողականութեան օրէնքին եւ երկնային մարմիններու շարժումներուն։
Կ՚ըսեն որ սորվելու, գիտնալու ամենամեծ արգելքը՝ գիտնալ կարծելն է, այն որ եթէ մարդ որեւէ նիւթի մասին իր գիտցածները բաւարար կը նկատէ, ինքնախաբէութեան կը մատնուի, եւ քայլ մը չի կրնար յառաջանալ։ Ահաւասիկ, այս իմաստով է, որ վերոյիշեալ խօսքը կ՚ըսէ Einstein, թէ պէտք է մտիկ ընել անոր՝ որ հարցում կ՚ընէ, կը քննարկէ, կը հարցափորձէ, եւ ո՛չ՝ անոր որ ամէն բանի պատասխանելու, այսինքն, այն որ կը կարծէ ամէն ինչ գտնալ։
Արդարեւ, կեանքի մէջ ամէն ինչ յարաբերական է, ուրիշ նայուածքով մը՝ ամէն ինչ ուրիշ բանէ մը կախում ունի։ Ամէն արդիւնք, ամէն գոյութիւն պատճառ մը ունի եւ առանց պատճառի ոչ մէկ բան գոյութիւն կրնայ ունենալ։ Եւ քանի որ ամէն գոյութիւն պատճառ մը ունի, ապա ուրեմն, գոյութիւնը կախում ունի ուրիշ գոյութենէ մը։
Այս կէտին գիտութեան եւ հաւատքի փոխադարձ ազդեցութիւնները կարեւորութիւն կը ստանայ։
Թէպէտ հաւատքը բանականութենէն վեր է, սակայն այդ երկուքին միջեւ չի կրնար իսկական տարաձայնութիւն ըլլալ։ Խորհուրդները յայտնող եւ հաւատքը հաղորդող Աստուածը, քանի որ մարդուն մտքին մէջ բանականութեան լոյսը սփռեց, նոյն Աստուածը չի կրնար Ինքնիրեն հակասել եւ ոչ ալ ճշմարիտը կրնայ հակասել ճշմարիտին։ Ասոր համար՝ գիտութեան բոլոր մարզերուն մէջ հետեւողական որոնումը, եթէ իսկապէս գիտականօրէն յառաջ տարուի եւ եթէ բարոյական կանոններուն հետեւի, չի կրնար երբեք իրապէս հակադրուիլ հաւատքին, քանի որ աշխարհային եւ հաւատքի իրականութիւնները իրենց ծագումը միեւնոյն Աստուծոյ մէջ կը գտնեն։
Դեռ աւելի, ան որ կը հնարի իրերուն գաղտնիքները թափանցել յարատեւութեամբ եւ խոնարհութեամբ, անիկա, նոյնիսկ անգիտակից կերպով առաջնորդուած է աջովն Աստուծոյ, որ զօրավիգ է բոլոր էակներուն եւ զանոնք կ՚ընէ այն ինչ որ են։
Գիտական հիմնահետազօտութիւնը, ինչպէս նաեւ գործառնական հետազօտումը, յատկանշանակ արտայայտութիւն մը կը հանդիսանան մարդուն արարչագործութեան վրայ բանեցուցած տիրութեան։ Գիտութիւնը թանկագին ներդրում է, երբ կը տրամադրուի մարդուն ծառայութեան եւ առաջ կը մղէ անոր ամբողջական բարգաւաճումը ի շահ բոլորին։
Գիտութիւնը նպատակադրուած է ի սպաս մարդուն, որմէ կը քաղէ իր ծագումը եւ աճումը, ան մարդկային անձին եւ անոր բարոյական արժէքներուն մէջ կը գտնէ իր նպատակին ուղեցոյցը եւ իր սահմանաւորութեան գիտակցումը։
Արդարեւ, գիտութիւնն ալ Աստուծոյ մէկ պարգեւն է մարդուն՝ անոր զարգացման եւ աճումին ծառայող…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 29, 2023, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 01/18/2025
- 01/18/2025